Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայոց Բանակի Կազմաւորման Մէջ
Մեծ Դեր Ունի Նաեւ Կինը
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկ` նախարար Սէյրան Օհանեանի ներկայութեամբ: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին զինուած ուժերուն մէջ միեւնոյն ատեն ծառայող երեք զինուորներու մայրերը, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցող հասարակական կազմակերպութիւններու կին ներկայացուցիչներ, կին զինուորներ եւ ազատամարտիկներ, կին պատգամաւորներ:
Այս առիթով կիները շնորհաւորելով` նախարար Օհանեան ըսած է, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութիւնը կերտած է ու կը շարունակէ կերտել գեղեցիկ հայ կիներուն` մայրերուն եւ քոյրերուն հետ` դիտել տալով, որ քիչ է թիւը այն երկիրներուն, որոնք կիներու տօնը կը նշեն այդքան խորհուրդով եւ ամբողջ ամսուան տեւողութեան: Ան աւելցուցած է, որ ի զուր չէ, որ հայ կնոջ մեծարման տօնակատարութիւնը ընթացք կ՛առնէ պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական բանակէն, որովհետեւ բանակը տղոց հաւաքականութիւն մըն է, որ սէր ու յարգանք կը տածէ կիներուն նկատմամբ, կը զգայ անոնց ջերմութիւնը:
«Հայկական բանակը երկար ուղիէ անցած է: Իւրաքանչիւր հայու շրթերէն հնչած հայկական բանակ արտայայտութեան ակունքներուն մէջ մենք պէտք է տեսնենք ահռելի, դժուար, չարքաշ, պատերազմական ու մարտական գործողութիւններով լի ճանապարհ, որուն ակունքներուն մէջ կանգնած է ո՛չ միայն հայ տղամարդը, այլ նաեւ հայ կինը: Այդպէս եղած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Կարծես` հայ կինը խորհրդանիշ է միայն հայկական ընտանիքի ջերմութեան, բայց մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ կինը անհրաժեշտութեան պարագային զէնք կը վերցնէ եւ տղամարդուն հետ կը կրէ ու կը կերտէ մեր ամբողջ պատմութիւնը», շեշտած է Սէյրան Օհանեան:
Պաշտպանութեան նախարարը դիտել տուած է, թէ պատահական չէ, որ ձեռնարկին հրաւիրուած են հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, մայրեր, որոնք բանակ ղրկած են իրենց որդիները, որոնց հերոսութեան եւ անձնազոհութեան շնորհիւ կարելի եղած է տանիլ յաղթանակներ, ապահովել հայ ժողովուրդին խաղաղ արարումը:
Նախարար Օհանեան ձեռնարկին ընթացքին պատուոյ գիրերով, շնորհակալագիրներով եւ մետալներով պարգեւատրած է կին ազատամարտիկները, Հայրենական մեծ պատերազմի կին վեթերանները, բանակին մէջ միեւնոյն ատեն երեք որդի ունեցող մայրերը, բանակին մէջ աշխատող կիները, նախարարութեան կին աշխատակիցները, բանակի զարգացման մէջ ներդրում ունեցած հասարակական կազմակերպութիւններու կին ղեկավարները:
Մարտի 8-ին Մեթրոյին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ
«Կինը` Քաղաքային Տնտեսութեան Մէջ»
Լուսանկարներու Ցուցահանդէսին
Մարտ 8-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի Մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի սպասման սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կինը` քաղաքային տնտեսութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ փափաքողները կրնան այցելել եւ ծանօթանալ ցուցադրութեան, որ պիտի տեւէ մէկ ամիս:
Նշենք, որ ներկայացումը կազմակերպուած է Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ` Երեւանի պատմութեան թանգարանին հետ գործակցաբար:
«Նոր Ջուղա» Խորագիրը Կրող Գիտաժողովին
Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ
Հոն Մնացած Կառոյցներուն Կարեւորութիւնը
Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր Ջուղա» խորագիրը կրող գիտաժողովը:
«Տեղանունները Նոր Ջուղայի տապանագիրներուն մէջ» նիւթը ներկայացնելով, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան հաստատած է, որ Նոր Ջուղան միջգաղթավայրային կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է` դիտել տալով, որ Նոր Ջուղայի գերեզմանատան մէջ ամփոփուած են աճիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրած մարդոց, իսկ տապանաքարերուն վրայի արձանագրութենէն կարելի է գիտնալ, թէ անոնք ո՛ւր ապրած են: «Կը նշանակէ, որ անոնք իրենց կեանքին ընթացքին եւ ծաւալած գործունէութեան բերումով կապուած եղած են Նոր Ջուղային», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հոն կայ հարուստ տեղեկագրութիւն, ինչպէս նաեւ եղած արձանագրութիւններէն կարելի է գիտնալ, թէ հայերը ո՛ւր հաստատուած են: Ըստ անոր, Նոր Ջուղայի հին գերեզմանատան 17-18-րդ դարերու տապանաքարերուն թիւը շրջանցած է 12 հազարը, իսկ 250 տապանաքարերու վրայ տեղանուններու նշում կայ:
Ս. Կարապետեան օրինակ տուած է 18-րդ դարու սկիզբի շիրմաքարի մը վրայ եղած նշումը Սիւնիքի Աճպաճ գիւղի մը մասին, որ 1720-ականներէն այլեւս հայաբնակ չէ: «Մինչ այդ տեղեկութիւն չունէինք, թէ գիւղը երբ եղած է հայաբնակ: Կամ կան գիւղեր, որոնց անուններն ի սպառ մոռացութեան մատնուած են եւ յայտնի ալ չէ, թէ ատիկա հայրենիքին ո՛ր մասին մէջ կը գտնուի: Տարբեր տեսանկիւններէ` պատմական, աշխարհագրական առումով կը լրացնեն տեղեկութիւնները», յայտնած է ան:
Միացեալ Նահանգներէն եկած ճարտարապետ Մարքօ Պրամպիլան «Խոճայական ապարանքներու գեղարուեստական յարդարանքները» խորագիրով իր զեկոյցին մէջ նշած է, որ Նոր Ջուղայի տարածքին գտնուած մօտաւորապէս 300 տարբեր շինութիւններէն այսօր պահպանուած է մօտաւորապէս հինգ տասնեակը, որոնցմէ միայն 13-ը ուսումնասիրուած են: Ըստ անոր, հայերը դիտաւորեալ կերպով հին տուներուն ուշադրութիւն չեն դարձներ եւ կը ձգեն, որ անոնք քանդուին, քանի որ առանց պատմական արժէք ունեցող շէնքերուն հողամասին գինը ութ անգամ աւելի սուղ է:
«Իրանի կառավարութիւնը երկրին մէջ գտնուող հայկական մշակութային յուշարձաններու պահպանման ուղղութեամբ քայլեր առած է, սակայն այսօր Նոր Ջուղայի մէջ հայե՛րն են, որ իրենց տուներուն ուշադրութիւն չեն դարձներ, որպէսզի անոնք քանդուին: Իրանի մէջ պայքարը ո՛չ թէ Իրանի կառավարութեան, այլ շուկային դէմ է: Այսօր հայերը, դժբախտաբար, կը մաղթեն, որ շուտով իրենց տուները փլին: Տարիներէ ի վեր անոնք չեն վերակառուցեր իրենց տուները, այսպիսով հին պատմական շէնքը կը փլի, այլեւս գոյութիւն չունենար, եւ հողամասին գինը ութ անգամ աւելի կը սղի», դիտել տուած է ան:
Ան յայտնած է, որ այսօր Իրանի տարբեր արխիւներու մէջ պահպանուած են Նոր Ջուղայի տուներուն յատակագիծերը, գծագիրները, լուսանկարները, զորս պէտք է հաւաքել, ուսումնասիրել, քանի դեռ ընդհանրապէս չեն վերացած:
Մարքօ Պրամպիլանի համաձայն, հայ խոճաներուն տուները հիմնականին մէջ կառուցուած են պարսկական ոճով, թէեւ կան նաեւ հայկական ճարտարապետութեան տարրեր: Խոճաներուն տուներուն որմնանկարները, ըստ անոր, հայ վարպետներու աշխատանքներ են, որովհետեւ անոնք կը սորվէին եւրոպական ոճով նկարչութիւն եւ հիմնած էին դպրոց:
Իրանի Սպահանի համալսարանի արուեստի բաժանմունքի փրոֆեսէօր, հետազօտող Ահմետ Մոնտազեր ըսած է, որ Նոր Ջուղայի տարածքին 70 հին հայկական տուն պահպանուած է: «Նոր Ջուղայի մէջ հայերուն եւ պարսիկներուն պատրաստած տուները տարբերութիւններ ունին: Թէ՛ հայկական, եւ թէ պարսկական տուները կառուցուած են աղիւսով եւ կաւով: Քար ընդհանրապէս չէ օգտագործուած: Նոյնը կը տեսնենք Ջուղայի եկեղեցիներու պարագային: Երբ 1985 թուականին ուսումնասիրեցինք Ջուղայի հայկական տուները, տեսանք, որ այնտեղ 300 տուն կայ: Բայց այս տարի ուսումնասիրելու ատեն նկատեցինք, որ մնացած է միայն 70 տուն, մնացեալը քանդուած է», յայտնած է հետազօտողը: Ան շեշտած է, որ տուները չեն քանդուած պետութեան կողմէ, այլ նախկին բնակիչները բնակարանները վաճառած են ոեւէ մէկուն, որուն համար կարեւոր չէ եղած տան պահպանումը: Ահմետ Մոնտազեր աւելցուցած է, որ պետութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան կազմակերպութիւն մը կը փորձեն պահպանել տուները, թէեւ ատիկա շատ դժուար է: «Տուները մէկ կամ երկու յարկանի են: Ծրագիր կայ այնպէս ընել, որ ոչ մէկ ինքնաշարժ մտնէ այդ տարածքը, այլ մարդիկ քալելով մտնեն Նոր Ջուղա», աւելցուցած է ան:
Հետազօտող Շահէն Յովսէփեան տեղեկացուցած է, որ Իրանի տարածքին կայ 600 եկեղեցի, 480-ը` հայկական, մեծ մասը` կանգուն վիճակի մէջ: Հայկական եկեղեցիները կառուցուած են բնիկ եւ գաղթական հայերուն միջոցներով, դիտել տուած է ան:
«Անոր Գրիչը Պաղ Զէնք Է Թուրքիոյ Դէմ».
Յարութ Սասունեան Կ՛արժանանայ
«Ոսկի Գրիչ» Մրցանակին
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան արժանացաւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան բարձրագոյն պարգեւին` «Ոսկի գրիչ» մրցանակին:
Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան ըսաւ, թէ 33-րդ «Ոսկի գրիչ»-ը կը յանձնէ արդէն 33 տարիէ լրագրողական գործունէութիւն ծաւալող Յարութ Սասունեանի: «Ան այն հրապարակախօսը, խմբագիրը ու հայն է, որ չի բաւարարուիր սեփական թերթի մէջ իր հրապարակումները զետեղելով, այլ բոլոր առիթները կ՛օգտագործէ արտասահմանեան մամուլին մէջ բարձրացնելու այն հարցերը, որոնք կը յուզեն հայերը», նշեց Ա. Գէորգեան` մտահոգութիւն յայտնելով այն մասին, որ հայկական մամուլին մէջ նուազած են հրապարակախօսական յօդուածները, որոնք ուղղուած են հանրութեան մէջ ճշմարիտ կարծիքի ձեւաւորման:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ, որ արժանի պարգեւը զարդարեց արժանի մարդուն կուրծքը: «33 տարի շարունակ Յարութ Սասունեան իր թերթով, իր ճշմարիտ խօսքով ամբողջ հայ եւ միջազգային հասարակութիւնը, յատկապէս թրքական հասարակութիւնը լարուած կը պահէ` իր պահանջատիրական կամքով եւ վճռակամութեամբ: Ան տենդագին կը հետեւի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ախտորոշում, գնահատական կու տայ անոնց: Անոր գրիչին սրութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, թէ իր գրած յառաջաբանը կը դառնայ ծրագիր-գործողութիւն` շատերուն համար դառնալով ուղենշային: Միւս կողմէ, Յարութին գործունէութեան կը հետեւի թրքական իշխանութիւնը: Անոր իսկական գրիչը կը դառնայ պաղ զէնք Թուրքիոյ դէմ», հաստատեց սփիւռքի նախարարը: Ան կարեւոր նկատեց այն իրականութիւնը, որ Յարութ Սասունեան կապող օղակ եղաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ` դառնալով ամերիկահայ բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գրիգորեանի ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Լրագրողներու միութեան փոխնախագահ Գրիգոր Ջանիկեան, յիշեցնելով, որ միութեան բարձրագոյն պարգեւը կը շնորհուի Յարութ Սասունեանին, շեշտեց, որ անիկա ժամանակին տրուած է Եղիշէ Չարենցին, Վարդգէս Պետրոսեանին, Պերճ Զէյթունցեանին, Արմէն Յովհաննիսեանին եւ այլոց, որոնց մէջ` սփիւռքահայ գործիչներու:
«Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան ըսաւ. «Եթէ Յարութը հայ ըլլար կամ չըլլար բնիկ ամերիկահայերու նման, որոնք հայերէն չեն գիտեր, ի՞նչ գործով պիտի զբաղուէր. ան պիտի դառնար ամերիկեան մամուլի լրագրող, որովհետեւ լրագրող չեն պատրաստեր, անոնք այդպէս կը ծնին»: Ան հաստատեց, որ Յարութ Սասունեան ունի լրագրողին բնորոշ բոլոր յատկանիշները:
«Արմէնփրէս»-ի լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան ըսաւ, որ ինք ծանօթ է այն տաժանակիր աշխատանքին, զոր կը կատարէ Սասունեան` շեշտելով, որ լրատուական գործակալութիւնը ամէն օր հաղորդակից կը դառնայ սփիւռքի իր գործընկերներուն աշխատանքին: «Յարութ Սասունեան ժամանակակից հեղինակ է. ժամանակակից` իր մտածողութեամբ, իր արտայայտած տեսակէտներով, ապագային նայող իր արժէքային համակարգով: Պատահական չէ, որ այսօր ան այս պատուարժան մրցանակին կ՛արժանանայ», շեշտեց Արամ Անանեան:
Հանդիպման աւարտին խօսք առաւ Յարութ Սասունեան. «Իսկապէս չէի ակնկալեր այսպիսի հաւաք, զգացուած եմ այն անհաւատալի խօսքերուն համար, զորս ըսիք: Կը կարծէի, թէ միայն ես կը կարդամ իմ յօդուածներս», ըսաւ Սասունեան: Անդրադառնալով իր գործունէութեան, ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր շաբաթ 17-18 ժամ կ՛աշխատի մէկ յօդուածի վրայ` փորձելով անոր մէջ ներկայացնել տեղեկութիւն-վերլուծութիւն-առաջարկ շղթան եւ նպաստ բերել Հայաստանին եւ հայերուն:
Բնակարանային Բարելաւուած Պայմաններ`
Սահմանամերձ Ներքին Կարմիրաղբիւրի Մէջ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան դարձեալ այցելած են Տաւուշի մարզ, պետական սահմանէն ընդամէնը 1.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղ: Բնակարանաշինութեան ծրագիրով 2015-ին այդ շրջանին մէջ լուծուած է եօթը ընտանիքի բնակարանային հարցը. ո՛չ միայն վերանորոգման աշխատանքներ կատարուած են, այլ նաեւ աւարտին հասցուած է կիսակառոյցներու շինարարութիւնը:
Աւագեաններու տան մէկ բաժինը տարիներ առաջ արկի մը պայթումէն գրեթէ ամբողջովին քանդուած էր: Հակառակ անոր որ գիւղին դիրքը խոցելի է հակառակորդին կողմէ արձակուող կրակոցներուն պատճառով, բայց եւ այնպէս ամիսներ առաջ սկսած շինարարական աշխատանքները աւարտած են: Անոնց մասնակցած կազմակերպութիւններուն ղեկավարները ներկայիս Աւագեաններուն հետ կը բաժնեկցին ընտանիքին ուրախութիւնը:
«Կը կարծեմ, որ կրնամ ծրագիրի մասնակից միւս համագիւղացիներուն անունով ալ ըսել, որ ասիկա փրկութիւն է մեզի համար: Սահմանին կից բնակող մարդու համար, ուր ամէն վայրկեան առկայ է թշնամիին կրակի վտանգը, շատ աւելի գնահատելի կը դառնայ տարրական կենցաղային յարմարութիւնը: Բոլորին անունով կ՛ուզեմ մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնել», ըսած է ընտանիքին հայրը` Բաբգէնը:
«Այս ընտանիքին օճախին պատերը երկար ժամանակ պատերազմական իրավիճակին վկան եղած են: Հայը իր հողէն արմատախիլ ընելու նպատակը կը շարունակէ մնալ հակառակորդին ծրագիրներուն առաջնահերթութիւններէն: Այդ նպատակը, սակայն, իրագործելի չէ, երբ կայ վստահութիւն: Բնակարանաշինութեան ծրագիրով մենք կը ձգտինք մեր հայրենակիցներուն վստահութիւն փոխանցել: Տարիներ առաջ այս տան վրայ արձակուած արկէն վնասուած էր տան պատը, բայց ոչ Աւագեաններու կամքը` ապրիլ հայրենի հողին վրայ: Աւագեաններուն արիութիւնը արժանի է յարգանքի», նշած է Ռալֆ Եիրիկեան:
«Ինչպէս այս, այնպէս ալ սահմանին բնակող միւս ընտանիքներուն համար անհրաժեշտ է զգալ, որ իրենք մինակ չեն իրենց հոգերուն լուծին տակ: 2014-էն ի վեր Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չորս գիւղերու մէջ 27 ընտանիքի համար լուծուած է բնակարանաշինութեան հարցը: Շատ կարեւոր է, որ կարենանք քիչ մը թեթեւցնել սահմանապահ բնակիչներուն հոգերը», դիտել տուած է Աշոտ Եղիազարեան:
2007-էն իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագրով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 228.3 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է` օգնելով բարելաւել Հայաստանի տասը մարզի 31 գիւղի` 10 սահմանամերձ, ընկերային-տնտեսական հարցեր ունեցող 480 բնակիչի կենցաղը: