Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 25, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախի Մէջ Զոհուած Երեք
Ազատամարտիկներու Ընտանիքներ
Բնակարան Կը Ստանան

Pnagaran_52516

Երեւանի քաղաքապետարանը բնակարաններ պիտի նուիրէ անցեալ ապրիլին Արցախի մէջ զոհուած երեք ազատամարտիկներու` Սարգիս Խալաֆեանի, Մանուէլ Գէորգեանի եւ Հրաչեայ Մուրատեանի ընտանիքներուն: Որոշումը տրուած է Երեւանի աւագանիի 18 մայիսի նիստին:

Սարգիս Խալաֆեանի ընտանիքը` կինը, երկու որդիները եւ դուստրը, կը բնակին վարձով: Սարգիս Խալաֆեան, որ մասնակցած է նաեւ

90-ականներու ազատամարտին, զոհուած է 5 ապրիլին Մարտակերտ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Ան ռազմաճակատ մեկնած էր իբրեւ կամաւոր:

Հրաչեայ Մուրատեան նոյնպէս կամաւոր էր, զոհուած է 8 ապրիլին, Մարտակերտի մէջ: Անոր ընտանիքը վարձով կը բնակի Երեւանի Օհանովի փողոցին վրայ:

Մանուէլ Գէորգեան զոհուած է 14 ապրիլին, Մարտունիի մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Անոր ծնողները եւ քոյրը վարձով կը բնակին Նորքի 9-րդ զանգուածին մէջ: Գէորգեանի ընտանիքին 60,63 քառ. մեթր տարածութեամբ բնակարան պիտի յատկացուի Երեւանի Լիւքսեմպուրկի փողոցին վրայ:

Խալաֆեան եւ Մուրատեան ընտանիքներուն բնակարան պիտի յատկացուի Քանաքեռ 14-րդ փողոցի երկու տարբեր շէնքերու մէջ` 85,16 քառ. մեթր տարածութեամբ:

Արցախի Մէջ Կեանքը Հետզհետէ
Կը Վերադառնայ Իր Բնականոն Հունին

Վերջերս սահմանագծին վրայ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին. նոր ճամբաներ կը փորուին, եղածը կ՛ամրացուի, Ջաբրայիլի ուղղութեամբ դիրքերը աւելի կ՛ընդարձակուին եւ կ՛ամրապնդուին:

0520madaghis

Շինարարական աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան Մարտակերտի, Ներքին Հոռաթաղ գիւղի, Մատաղիսի, Ղարաբաղի այն քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, որոնք տուժած են ապրիլեան ռմբակոծման ընթացքին:

Նշենք, որ աւելի կանուխ այդ տարածքները այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ` խոստացած, որ պետութիւնը պիտի աջակցի, որպէսզի կարելի ըլլայ շատ արագօրէն վերականգնել վնասուած բնակավայրերը:

Յայտնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութենէն տեղեկացուցած են, որ տասնեակ ընտանիքներ արդէն կը վերադառնան Մարտակերտ եւ Մատաղիս: Դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, եւ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին:

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է
«
Նոր Հեռանկարներ Սուրիահայերուն Համար»
Խորագրեալ Ցուցահանդէսին

Min-Hakobyan_Germany_52516

19 մայիսին «Երեւան էքսփօ» ցուցահանդէսին համալիրին մէջ բացումը կատարուած է «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին: «Տնտեսական կարելիութիւններու շաբաթ» առեւտրական ժողովի ծիրին մէջ կայացած ցուցահանդէսին բացման արարողութեան մասնակցած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ցուցահանդէսին մասնակցած են սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող 70-է աւելի սուրիահայ ընկերութիւններ եւ անհատ ձեռնարկատէրեր:

17502_b17498_bՍերժ Սարգսեան ծանօթացած է տարբեր ոլորտներու մէջ գործարարական գործունէութիւն ծաւալած սուրիահայերուն աշխատանքի արդիւնքին` ցուցահանդէսին ներկայացուած արտադրատեսականիին եւ առաջարկուող ծառայութիւններուն սպառման կարելիութիւններուն, ընթացիկ հարցերուն եւ զարգացման ծրագիրներուն: Հայաստանեան,  սեփական ձեռնարկութիւններ ցուցահանդէսին ընթացքին սուրիահայերուն ներկայացուցած են նաեւ իրենց մօտ առկայ աշխատատեղերը եւ ծառայութիւնները, իսկ պետական եւ միջազգային հաստատութիւնները` աջակցութեան իրենց ծրագիրները:

Տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան, որ նաեւ այցելած է ցուցահանդէս, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ ցուցահանդէսին մասնակցած են տարբեր ոլորտներու մէջ գործող սուրիահայեր. «Գրեթէ բոլոր ներկայացուած ապրանքները, ծառայութիւնները Հայաստանի ռազմավարական եւ խոստմնալից ուղղութիւններու մէջ են` սկսելով ձեռագործներէն, հասնելով մինչեւ արհեստագիտական նոր լուծումներ պարունակող սարքաւորումներ: Այդ ապրանքները եւ ծառայութիւնները կրնան սպառիլ նաեւ Եւրասիական տնտեսական երկրներու շուկաներուն մէջ: Կայ միտք, կայ գաղափար, կայ որակ եւ ամենակարեւորը` ներկայացման ձեւ: Յառաջիկային աջակցութիւն կը ցուցաբերուի, եւ դուք կը տեսնէք սուրիահայերուն տնտեսութիւններուն յառաջընթացը: Այս փորձը ցոյց կու տայ, թէ որքան ալ դժուարութիւններ կան, սակայն մարդիկ լաւատեսութեամբ օժտուած են», յայտնած է նախարարը: Ան աւելցուցած է. «Աջակցութիւնը պիտի ըլլայ թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ արտահանման ներգրաւման տեսանկիւնէն: Անոնց հաւաքած գովազդներուն, արշաւներուն համաֆինանսաւորումով ապրանքներու ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին այլ երկիրներու մէջ»:

Տպագրութեան, հրատարակչութեան, ոսկերչութեան, փայտամշակման, զբօսաշրջութեան, ասեղնագործութեան, սարքաւորումներու արտադրութեան, հաստոցաշինութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ արտադրելու մեր հայրենակիցներուն ջանքերը նախագահ Սերժ Սարգսեան նկատած է ոգեւորիչ եւ բարձր գնահատած է ներկայացուած ապրանքներուն որակական յատկանիշները:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար
Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Գերմանիոյ
Միջազգային Համագործակցութեան
Ընկերութեան (Giz) Պատուիրակութիւնը

hranush-giz

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին «Սուրիացի փախստականներու տնտեսական ներդրումը Հայաստանի մէջ» ծրագրի ղեկավար Հանս Եոհակիմ Ցիննքաննը եւ ծրագրի փորձագէտ Կարինէ Սիմոնեանը: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց ընկերութեան կողմէ` Գերմանիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուրիահայերու տնտեսական ներդրման եւ գործարարութեան առնչուող հարցերը:

Նշենք, որ նախարարը նախ ընդգծեց ու ըսաւ, թէ տարբեր ոլորտներու մէջ ներգրաւուած սուրիահայ մասնագէտները կրնան ո՛չ միայն մրցակցութիւն ստեղծել տեղական շուկային մէջ, այլ նաեւ` նպաստել տեղական արտադրութեան զարգացման. ուստի այդ նպատակով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը արդէն հինգ տարիէ կը կազմակերպէ սուրիացիներու ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-տօնավաճառներ, իսկ սուրիացի երկու տասնեակէ աւելի վարպետներու, Երեւանի քաղաքապետարանը, նախարարութեան միջնորդութեամբ, մնայուն տեղ յատկացուցած է Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող բացօթեայ տօնավաճառին` Վերնիսաժի մէջ:

Նախարար Հ. Յակոբեան սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային-տնտեսական պայմանները բարելաւելու եւ Հայաստանի մէջ անոնց հաստատուիլը վերջնականապէս ամրացնելու նպատակով շեշտեց, թէ անոնց կարելիութիւններուն ճիշդ օգտագործումը եւ ընտանեկան առեւտրական ծրագիրներուն աջակցութեան տրամադրումը անհրաժեշտ է: «Այսօր արդէն կան սուրիացիներ, որոնք յաջողեցան իրենց  ասպարէզները շարունակելու Հայաստանի մէջ: Այդ աշխատանքները հանրութեան լայն շրջանակներուն ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է պատրաստել եւ ցուցադրել գովազդային հոլովակներ կամ կարճատեւ ժապաւէններ ո՛չ միայն գովազդելով արտադրանքը, այլ` խրախուսելով սկսնակ գործարարներուն»,  հաղորդեց նախարարը:

Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց շուկայի ուսումնասիրութեան եւ մասնագիտական վերապատրաստումներու իրականացումը` սուրիահայերուն համապատասխան ոլորտներ ուղղորդելու նպատակով: Ան առաջարկեց նաեւ ստեղծել սուրիացիներու ուսումնական-ստեղծագործական կեդրոն, որուն շրջանակներուն մէջ սուրիացի ձեռագործի վարպետները կարելիութիւն կ՛ունենան մնայուն հիմունքներով ցուցադրելու եւ վաճառելու իրենց աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` սեփական գիտելիքները եւ փորձը փոխանցելու նոր սերունդին:

Իր կարգին Հ. Եոհակիմ Ցիննքանն շնորահակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարին ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համագործակցութեամբ փետրուար 24-ին կայացած աշխատաժողովին, աշխատանքային խումբեր ստեղծելու որոշումին ընդառաջ,  Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ միատեղ ստանձնած է Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներու տնտեսական աշխատանքային խումբի ձեւաւորման նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան անգամ մը եւս կարեւոր նկատեց Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող գործունէութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ վերջինիս հետ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական եւ յառաջիկային աւելի ընդլայնի:

Ոսկերչութեան Բնագաւառին Մէջ
Կ՛ակնկալուի 100 Միլիոն Տոլարի Ներդրում

Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրած է քաղաքականութիւն մը, ըստ որուն, ազատ տնտեսական գօտիներու ստեղծման եւ անոնց մէջ գործունէութեան ծաւալման նպատակը պէտք է ըլլայ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ զանազանութեան եւ մրցունակ ոլորտներուն զարգացման հիմնական ուղղութիւնը:

Ardzvig-Minassian_52516

Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան` պատասխանելով «Օրինաց Երկիր» կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Դոխոլեանի հարցումին:

«Այս պահու դրութեամբ մենք ունինք երկու ազատ տնտեսական գօտի, որոնցմէ մէկը մասնագիտացած է բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ, եւ այստեղ ցուցանիշերը տպաւորիչ են այն առումով, որ ո՛չ միայն շահագործող կազմակերպութիւններու թիւը անընդհատ կ՛աճի, այլ անոնց կողմէ ստեղծուող նոր արժէքներ կը ստեղծուին, եւ անոնք կը միտին արտահանման», յայտնած է նախարարը:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, պարզ զուգադիպութիւն չէ, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ աճը կը կազմէ միջինը տարեկան 25 առ հարիւր: «Վերջերս վարչապետը յայտարարեց, որ այս մէկը ո՛չ միայն կառավարութեան ուշադրութեան առարկան է, այլ այս ոլորտի հենքին վրայ մենք պէտք է դիտարկենք բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացումը` իբրեւ տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղի: Այս ոլորտին մէջ յառաջիկային զարգացումներ պիտի ըլլան այն ուղղութեամբ, որ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կազմակերպուած է «Արմթեք» հերթական տարեկան հանդիպումը, որուն շրջանակներուն մէջ կ՛ակնկալենք, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ունենանք միջազգային լուրջ յառաջընթաց` կազմակերպութիւններու մուտք Հայաստան, ինչպէս նաեւ` հայկական ապրանքներու իրացում այլ տարածքներու մէջ», նշած է Ա. Մինասեան:

Նախարարը աւելցուցած է, որ ազատ տնտեսական միւս գօտին մասնագիտացած է ոսկերչութեան ոլորտին մէջ, ուր մեծ ակնկալութիւններ կան: «Այստեղ մենք նոյնպէս ունինք դրական զարգացումներ: Այստեղ շահագործողները օտար երկիրներու ներդրումներն են: Մեծ մասը ազգութեամբ հայեր են, բայց օտար ներդրումներով կը գործեն: Դուք գիտէք, որ ազատ տնտեսական գօտիներու պայմանները ո՛չ միայն ներդրումներն են, այլ նաեւ աշխատատեղերու ստեղծումն է: Եթէ այս ցուցանիշները միախառն գնահատենք, ապա կ՛ակնկալուի, որ մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլարի ներդրում իրականացուի յառաջիկային: Կ՛ուզեմ նշել նաեւ, որ պիտի ստեղծուի մօտաւորապէս 2000 աշխատատեղ: Այս ամէնը պիտի նպաստէ մեր տնտեսութեան մէջ ոլորտային զարգացումներու», եզրափակած է նախարարը:

Թանգարանային Գիշեր
«Տիգրանակերտ»-ի Մէջ

13281758_1060526674027287_1249895822_n

21 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ «Տիգրանակերտ» պետական պատմամշակութային արգելոցին մէջ կայացած է «Թանգարաններու գիշեր»:

Այս ծիրին մէջ Տիգրանակերտ այցելողներուն ցուցադրուած է զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պատուէրով եւ «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ նկարահանուած «Տիգրանակերտ` պատմամշակութային արգելոց» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ հայոց հնագոյն քաղաքի պատմութիւնը եւ  միտուած է հանրահռչակելու Տիգրանակերտի պետական պատմամշակութային արգելոցը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է «Հնագիտական ուսումնասիրութիւնները Արցախում» թեմայով դասախօսութիւն, զոր վարած է Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութեան փոխտնօրէն Դիաննա Միրիջանեանը:

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն ճարտարապետական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող հնագիտական իրեր յայտնաբերած զինուորները պարգեւատրուած են շնորհակալագիրներով եւ գիրքերով:

Տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահվերդեան նշած է, որ «Թանգարաններու գիշեր»-ը տարեկան մեծ նախաձեռնութիւն է, եւ անոր նպատակն է   սերտացնել այցելու-թանգարան կապը:

«Ուրախալի է յատկապէս երիտասարդներուն աշխուժ հոսքը, ինչ որ ցոյց կու տայ թանգարաններուն նկատմամբ այցելուներուն մօտեցումները: Օրը հետաքրքրական է նաեւ օտար զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք տարբեր առիթներով այցելելով Արցախ` անպայման կ’այցելեն Տիգրանակերտ», ըսած է Ս. Շահվերդեան եւ` ընդգծած, որ  նախաձեռնութեան մէջ մեծապէս ներգրուած են նաեւ զինուորներ, որոնք ներդրում ունեցած են պատմամշակութային արժէքներու պահպանման ու աջակցութեան մէջ:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք կատարուած է  աւանդական դարձած թէյի հիւրասիրութիւնը` դասական երաժշտութեան գեղեցիկ հնչիւններու ներքոյ:

Կազմակերպուած է նաեւ արդէն աւանդութեան վերածուած  խարուկահանդէս:

Նախորդը

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիներու Իրերայաջորդ Յարձակումներ Հայկական Բնակավայրերու Վրայ Եւ Պաքուի Հայոց Ջարդն Ու Բռնագաղթը

Յաջորդը

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Լիբանանը (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 16-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?