Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Անհրաժեշտ Շինանիւթը
Տեղափոխուած Է Արցախ
Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը, նախարարի տեղակալ Արմէն Ղուլարեանի գլխաւորութեամբ, 13 ապրիլին Հայաստանի շինարարներու միութեան եւ շինարարական որոշ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ մեկնած է Արցախ` 2-7 ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Արցախի շրջաններուն հասած հսկայական վնասներու վերացման համար համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը, մնայուն կապի մէջ ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, նախապէս յստակացուցած է աւերուած բնակավայրերու վերականգնման համար անհրաժեշտ շինանիւթերու ցանկը, որ կազմուած է սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կատարուած վնասներու գնահատման լոյսին տակ: Ծանր բեռ ու շինանիւթ տեղափոխող յատուկ մեքենաներով բեռնուած, առաջնահերթութեան կարգով, Արցախ կը տեղափոխուի աւելի քան 4500 քառ. մեթր տանիքի ծածկի թիթեղ` աւելի քան 14 միլիոն դրամ արժողութեամբ:
Տեղեկացնենք, որ պատերազմին իբրեւ հետեւանք` Արցախի աւերուած շրջաններու նկատմամբ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան եւ շինարարներուն կողմէ տրամադրուած օգնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: Հանրապետութեան մեծ եւ միջին բազմաթիւ շինարարական ընկերութիւններ սկիզբէն իսկ Արցախին աջակցելու պատրաստակամութիւն եւ փափաք յայտնած են, եւ անոնց տրամադրածը հանգրուանային կերպով պիտի փոխադրուի Արցախ: Նախապէս քաղաքաշինութեան նախարարը եւ նախարարութեան աշխատակիցները 2 միլիոն 490 հազար դրամ փոխանցած էին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ բացուած դրամատնային հաշիւին:
Երեւանէն 70 Մասնագէտներ Եւ Բժիշկներ
Գործուղուած Են Սիւնիքի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի
Հանրապետութեան Հիւանդանոցներ
Մօտաւորապէս 70 մասնագէտներ եւ բժիշկներ գործուղուած են Սիւնիքի մարզի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիւանդանոցներ` իրենց խորհրդատուութիւններով եւ փորձառութեամբ համալրելով տեղւոյն բժշկական անձնակազմին աշխատանքը: Բժշկական բոլոր կառոյցները օժտուած են անհրաժեշտ պարագաներով, դեղորայքով, արեամբ եւ արեան բաղադրիչներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Նախարարի տեղակալ Գագիկ Միրիջանեան գործուղուած է Գորիս` Սիւնիքի մարզի առողջապահական հիմնարկներուն աշխատանքները համակարգելու, ինչպէս նաեւ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ մնայուն կապ պահպանելով, վիրաւորներուն բուժումը տեղւոյն վրայ կազմակերպելու, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային խիստ մասնագիտական բուժման նպատակով Երեւանի հիւանդանոցներ տեղափոխումը համակարգելու համար:
«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Աստղիկ», «Իզմիրլեան», «Էրեբունի», «Սլաւմեդ», «Արմէնիա» հանրապետական, «Արամեանց» բժշկական կեդրոններուն, Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնին, «Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոփետիայի գիտական կեդրոն»-ին, «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրին, «Միքայէլեան» վիրաբուժութեան հիմնարկին, ինչպէս նաեւ «Շտապ բուժօգնութիւն» կառոյցին մէջ կազմուած են մասնագիտական կամաւոր խումբեր` մեր զինուորներուն կողքին ըլլալու պատրաստակամութեամբ:
«Հայաստան-Արցախ» Ֆոնտը 3 Միլիոն Տոլարի
Նպաստ Հայթայթած Է Հայաստանին Եւ Արցախին
Այս տարուան փետրուար եւ մարտ ամիսներուն ընթացքին «Հայաստան-Արցախ» ֆոնտը 3 միլիոն տոլարի արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան` երկու թռիչքներով եւ ութ ծովային արկղերով:
Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար «Հայաստան-Արցախ» ֆոնտը 2,1 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է «AmeriCares» կազմակերպութենէն` 1,9 միլիոն տոլար եւ «Feed the Children» հիմնադրամէն` 230 հազար տոլար:
Հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւս մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են այս ժամանակաշրջանին: Անոնց շարքին են` «Project Agape»` 340 հազար տոլար, Աւստրալիոյ Հայ քրիստոնեայ առաքելութիւնը` 288 հազար տոլար եւ Բրիտանիոյ Հայ աւետարանական խորհուրդը` 262 հազար տոլար:
Առաքուած օժանդակութիւնը կը ներառէ մեծապէս անհրաժեշտ դեղեր` սրտի, աղիքներու եւ մտային հիւանդութիւններու դարմանման, ինչպէս նաեւ` կաթուածներու կանխման համար:
Ծովային արկղերէն մէկով «Հայաստան-Արցախ» ֆոնտը առաքած է նաեւ 31 հազար տոլար արժող հագուստեղէն եւ առողջապահական պիտոյքներ` «Հալէպ» հայրենակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութեան, որ կ՛օգնէ Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներուն:
1 դեկտեմբեր 2015-ին հիմնադրուելէն ի վեր «Հայաստան-Արցախ» ֆոնտը 8,3 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան` հինգ թռիչքներով եւ 18 ծովային արկղերով:
«Հայաստան-Արցախ» ֆոնտի հոգաբարձութեան անդամներն են` Վիտալի Գրիգորեանց, Յարութ Սասունեան, Ստեփան Մարտիրոսեան, Արսէն Միքայէլեան եւ Նուրիձա Ապուժամրա:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է
Նոպէլեան Հինգ Դափնեկիրներ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 ապրիլին ընդունած է բժշկութեան եւ յարակից ոլորտներու զարգացման գործին մէջ Նոպէլեան մրցանակի արժանացած Ահարոն Չեխանովերը, Ատա Եոնաթը, Տեն Շեխտմանը, Ճոն Ռոպին Ուորենը եւ Էյիչի Նեկիշը:
Գիտութեան բնագաւառին մէջ բարձրագոյն պարգեւի արժանացած գիտնականները Հայաստան կը գտնուին Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին կազմակերպած «Նոպէլեան օրեր Երեւանի մէջ» գիտական նախաձեռնութեան մասնակցելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի մէջ գիտութեան, մասնաւորաբար բժշկութեան եւ յարակից ոլորտներու զարգացման վերաբերող հարցեր:
Նկարիչներու Միութիւնը Ցուցահանդէս-Վաճառք
Կազմակերպած Է. Վաճառքէն Ստացուած Հասոյթը
Ամբողջովին Պիտի Ուղարկուի Արցախ
Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը կազմակերպած է իր պահոցներուն մէջ գտնուող 1960-80 թուականներու նկարիչներու 80 լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս-վաճառք, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի օգնութեան: Նշենք, որ ցուցահանդէս-վաճառքը պիտի տեւէ մինչեւ 23 ապրիլ` Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան մէջ:
«Ամէն հայ պարտաւոր է բանով մը աջակցելու զինուորներուն: Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը նոյնպէս չի կրնար անմասն մնալ այս ընդհանուր շարժումէն», յայտնած է Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանը, ապա` աւելցուցած. «Իսկ մենք ինչո՞վ կրնանք օգտակար ըլլալ: Ունինք ստեղծագործութիւններ, ֆոնտեր, որոնք պահած են 1960-1980-ական թուականներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, որոնք ժամանակին Նկարիչներու միութիւնը գնած է լաւագոյն ցուցահանդէսներէ: Մեր ֆոնտերուն մէջ կան հարիւրաւոր աշխատանքներ, որոնցմէ լաւագոյնները այսօր` 80 անուանում, ներկայացուած են այս ցուցահանդէս-վաճառքին: Նպատակը մէկ է` վաճառքէն ստացուած հասոյթը ամբողջութեամբ ուղարկել Արցախ»:
Կարէն Աղամեան ըսաւ, որ նկարներուն գիները շատ աժան արժեւորուած են` եռակի, քառակի, նոյնիսկ հնգակի անգամ ցած, որպէսզի մարդիկ կարելիութիւն ունենան գնելու:
Միութեան նախագահը յայտնեց, որ ցուցադրուած ստեղծագործութիւններուն հեղինակներուն մեծ մասը այսօր մեզի հետ չէ: Այս այն սերունդն է, որ ապրած է Խորհրդային Միութեան ժամանակ:
«Նկարներէն բացի, կան նաեւ քանդակներ», նշեց Կարէն Աղամեան եւ տեղեկացուց, որ արդէն վաճառուած են:
Նկարիչներու միութեան նախագահը միեւնոյն ժամանակ հաղորդեց, թէ շատ ոգեւորուած են այն քաջութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ, որ դրսեւորեց հայ ազգը. «Ի հարկէ, մեծ ցաւ մը կ՛ապրինք, իւրաքանչիւր հայի կորուստը մեծ ցաւ է մեզի համար: Մենք այն ազգերէն չենք, որ մեր ընտանիքներուն մէջ ունինք տասնեակ փոքրիկներ, մենք այն ազգերէն չենք, որ թոյլ կու տանք բազմակնութիւն եւ այդպիսով իրենց քանակը կ՛աւելցնեն, մեր ամէն մէկ անհատը մեծ արժէք ունի, եւ իւրաքանչիւրին կորուստը, ի հարկէ, շատ ցաւալի է մեզի համար»:
Կառավարութիւնը Մէկ Միլիառ Դրամ
Կը Յատկացնէ Վարդենիս-Մարտակերտ
Ճանապարհի Կառուցման
Ապրիլ 6-ին կառավարութեան նիստին փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան ներկայացուցած է որոշում մը, որով կ՛առաջարկուի Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի Վարդենիսի հատուածի առաջին հանգրուանի հիմնական նորոգութեան համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին տրամադրելու նպատակով 2016-ի առաջին կիսամեակին նախարարութեան պահեստային ֆոնտէն տրամադրել մէկ միլիառ դրամ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան աւելցուցած է, որ ասիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճամբայ է` Քարվաճառի ճամբան է, զոր պէտք է աւարտել, ինչ որ նաեւ նախագահին յանձնարարականն է:
Հրաչեայ Սարուխան Ոչ Եւս Է
Հայ գրականութիւնը կորսնցուց 69-ամեայ, 1960-ականներու գրական սերունդի տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն բանաստեղծ, թարգմանիչ, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Հրաչեայ Սարուխանը:
Հրաչեայ Լիւդվիգի Սարուխան ծնած է 1947-ին, Լոռիի մարզի Համզաչիման, այժմ` Մարգահովիտ գիւղը: Աւարտած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի, այժմ` քոլեճ, գեղանկարչութեան բաժինը, ապա Վանաձորի մանկավարժական հիմնարկի լեզուագիտութեան բաժանմունքը: 1983-ին աւարտած է Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկի երկամեայ դասընթացքները: Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է 1978 թուականէն: 1990-ին եղած է միութեան Վանաձորի գրական բաժանմունքի պատասխանատու քարտուղարը, այնուհետեւ նշանակուած Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն: Հեղինակ է բանաստեղծական շարք մը ժողովածուներու` «Եզրագծեր» (1977), «Հրաշք օրեր» (1981), «Վկայութիւններ» (1989), «Աստծոյ առաւօտ» (1999), «Ի տրիտուր» (2005) եւ այլն: Անուրանալի է անոր վաստակը նաեւ թարգմանութեան ոլորտին մէջ: Թարգմանութեան ասպարէզին մէջ նշանակալի աւանդին համար 2015-ին արժանացած է Գրողներու միութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Կանթեղ» մրցանակին: Իր հերթին անոր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու:
Պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի», Միխայիլ Լերմոնտովի անուան «Գրական վաստակի համար», Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալներով: 2011-ին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչման:
Հայկական Նիւթով Թատերական Գործերու
«Քոնտազեան» Մրցանակի Ժամկէտը` Ապրիլ 24
Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր տնօրինած եւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող թատերական գործերու «Սարոյեան-Փոլ» թատրերգութեան մրցանակին կողքին, այս տարի կը տնօրինէ նաեւ «Քոնտազեան» մրցանակը, որ նուիրուած է հայկական նիւթով թատերական գործերու: Մրցանակակիրը պիտի ստանայ նաեւ 2500 տոլարի վարձատրութիւն: Սոյն մրցանքին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց գործերը յանձնեն մինչեւ ապրիլ 24:
Հայ թատերական արուեստներու միութեան մրցանքներուն երկարամեայ աջակցող` Լիլիըն եւ Վարնըմ Փոլերու անուան հիմնադրամը կը հովանաւորէ այս մրցանքը, ի պատիւ իրենց դստեր` դերասանուհի Քարեն Քոնտազեանի: Մրցանքին առաջին մրցանակակիրը յայտնի պիտի դառնայ դեկտեմբեր 2016-ին:
Նշենք, որ մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեան առնչուող նիւթերու նուիրուած «Սարոյեան-Փոլ» թատրերգութեան մրցանքի վարձատրութեան գումարն է 10 հազար տոլար:
Մրցանքին մասին մանրամասնութիւններ ունենալու համար, այցելել` www.armeniandrama.org համացանցային կայքը կամ դիմել` armeniandrama@gmail.com հասցէին:
Արեւմտահայերէնի Եւ Արեւելահայերէնի
Ուսուցողական 16 Խաղերով
Փաթեթ Հրապարակուած Է
Հայաստանի մէջ հրապարակուած է 16 խաղերէ բաղկացած փաթեթ, որ կը սորվեցնէ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: «Փլէյլանտ Արմէնիա» խաղը մշակած է «Տիճիթըլ Փոմեկրենէյթ» ընկերութիւնը` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Խաղերը նախատեսուած են սկսնակներու համար եւ չեն պահանջեր լեզուի իմացութիւն:
«Տիճիթըլ Փոմեկրենէյթ» ընկերութիւնը կը գտնուի Գիւմրիի ճարտարագիտական կեդրոնին մէջ:
Այբուբեն, թիւեր, բառեր, գոյներ եւ հեքիաթներ սորվեցնող խաղերէն բացի, ծնողներուն կը տրամադրուին նաեւ ներկելու գիրքեր, քարտէսներ եւ այլ հաւաքածոներ:
Խաղը ներկայացուած է 2015 թուականի հոկտեմբերին «Տիճիթէք Էքսփօ» ցուցահանդէսին, որմէ ետք յաղթած է Հայաստանի համակարգչային խաղերու բաց մրցոյթին` լաւագոյն խաղ եւ լաւագոյն ձեւաւորում անուանակարգերով:
Հիմա «Փլէյլանտ Արմէնիա-»ն հասանելի է անձնական համակարգիչներու, նաեւ iOS եւ Android-ով փլանշեթներու վրայ:
Համահայկական Կրթական 7-րդ
Խորհրդաժողովի Գումարման Մասին
Յայտարարութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը 2016 թուականի օգոստոս 1-5 կազմակերպած է Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովին քննարկուած են սփիւռքի կրթական ոլորտին մէջ առկայ հիմնական հարցերը, իրագործուող ծրագրերուն բարելաւման ուղիները եւ սփիւռքի մէջ ազգային կրթական դաստիարակչական գործի աջակցութեանն ուղղուած հետագայ միատեղ քայլերը:
Խորհրդաժողովի օրակարգին մասին կ՛ակնկալենք ստանալ սփիւռքի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ոլորտին մէջ գործող մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ մարդոց առաջարկները մինչեւ մայիս 1: Առաջարկներուն հիման վրայ մշակուած աշխատանքային ծրագիր-օրակարգը կը ներկայացուի մինչեւ յունիս 1:
Կարեւոր է նաեւ նշել յատուկ նիւթերով նիստերու ժամանակ իբրեւ զեկուցող հանդէս գալու պատրաստակամութիւնը եւ զեկոյցին նիւթը: Լիագումար նիստերուն մէջ ելոյթի տեւողութիւնը պէտք չէ գերազանցէ 15 վայրկեանը, իսկ մասնախումբերուն մէջ` 10 վայրկեանը:
Խորհրդաժողովը պիտի գումարուի բաց հրաւէրի ձեւով: Անոր կրնան մասնակցիլ հայ համայնքներու մէջ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերով զբաղող մարմիններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու մէկական ներկայացուցիչներ: Թեմական եւ ուսումնական խորհուրդները, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերով զբաղող համահայկական եւ համայնքային կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները, ըստ նպատակայարմարութեան, կրնան հանդէս գալ թիւով երկուքէ աւելի ներկայացուցիչներով: Մասնակցելու համար պէտք է լրացնել դիմումնագիրը եւ զայն փոխանցել Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն մինչեւ յուլիս 1:
Մասնակցութեան եւ ելոյթներու հարցին մէջ նախապատուութիւնը պիտի տրուի արտերկրի հայ համայնքներու մէջ գործող թեմական եւ ուսումնական խորհուրդներու, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերով զբաղող համահայկական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ օրակարգային հարցերու վերաբերող պատուիրակութիւններու նախնական քննարկումներուն արդիւնքներուն բանաձեւման եւ խորհրդաժողովին մէջ ներկայացման` համապատասխան մասնախումբին զեկոյցի տեսքով:
Խորհրդաժողովի ընթացքին կարելի է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ տուեալ երկրի կամ տարածաշրջանի ներկայացուցիչներուն միջեւ քննարկման նիւթ դառնայ նաեւ աշխատանքային ծրագրին մէջ չընդգրկուած եւ տարածաշրջանային կամ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ունեցող հարցեր, որոնց լուծումը կրնայ դրականօրէն ազդել տուեալ երկրին կամ տարածաշրջանին ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործի կազմակերպման վրայ:
Խորհրդաժողովի ընթացքին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը ստանձնէ մասնակիցներու կեցութեան եւ սնունդի ծախսերը: Ճանապարհածախսը պիտի հոգան մասնակիցները:
Լուսաբանական յաւելեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ առաջարկներ եւ ելոյթները ներկայացնելու համար դիմել Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան.
Հասցէ` 0010, Երեւան, Վազգէն Սարգսեան 3, Կառավարութեան տուն 2, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն, սենեակ 336, հեռ.` 374 10 58-13-91, ֆաքս` 374 10 52-73-43, էլ.
Ե-նամակ` spyurq@yahoo.com կամ info@edu.am , կայքէջ` www.edu.am