Անդրադարձ

Հուտա Շտիտ` Լիբանանի Յայտնի Լրագրողուհի

Հուտա Շտիտ` Լիբանանի Յայտնի Լրագրողուհի

Հուտա Շտիտը նշանաւոր լիբանանցի լրագրող մըն էր, որուն նուիրումը եւ վճռակամութիւնը լուսաւորեցին իր աւելի քան երեսուն տարուան մասնագիտական ուղին: Ծնած էր 1969-ին, Լիբանանի հիւսիսային շրջանի Ռաշին գիւղին մէջ, Զղարթա: Իր նախնական ուսումը ստացած էր գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ, որ ձեւաւորած է անոր անկախ ոգին: Ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակած էր Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ` քաղաքական գիտութիւններու բաժինին մէջ, ուր զարգացուցած...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեանի Դատապարտելի Յայտարարութիւնները Թուրք Լրագրողներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այս շաբաթ գիտցայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 7,5 միլիոն դրամ (մօտ 19 հազար տոլար) ծախսած է ճամբորդութեան, կեցութեան եւ սնունդին համար տասը թուրք լրագրողներու, որոնք Երեւան հրաւիրուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հարցազրոյց կատարելու համար: Բարեբախտաբար ասիկա մեծ գումար չէ, սակայն անոնց ծախսերը հոգալը լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է: Ես նաեւ տեղեկացայ, որ հարցազրոյցէն առաջ վարչապետին օգնականները գրաւած են թուրք...

Թատրոնի Նուիրեալը*

Թատրոնի Նուիրեալը*

ԶԱՒԷՆ ՊԱԱՔԼԻՆԻ Դպրոցի եւ կեանքի ընկեր ըլլալէ անդին, Յովսէփ Գաբլանեանի` Եուսուֆի, երկար տարիներու գործունէութեան միակ վկան եմ, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները ունիմ: Եւ այսօր, մահուան առիթով, եւ իբրեւ այդպիսին, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը ինծի վստահած է այս դժուարին պարտականութիւնը: Այս մէկը կը կատարեմ ուրախութեան եւ տխրութեան խառն զգացումներով: Այո՛, ուրախութիւն է, որովհետեւ կը վերյիշեմ բոլոր ա՛յն պահերը, որ ապրած եմ Եուսուֆին...

Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Ու Նահատակութեան  40-Ամեակին Առիթով` Հոգեհանգստեան Պաշտօն Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս-Գինեձօն Այնճարի Մէջ

Հաւատքի Եւ Գործի Ընկերը` Սարգիս Զէյթլեան*

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ «Սարգիսէն առաջ եւ Սարգիսէն ետք ո՞վ ունեցած ենք Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ քաղաքական հասկացողութեամբ լիարժէք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ», խօսք` ընկեր Հրայր Մարուխեանի: 1972-1982 թուականներուն ընկերներ Բաբգէն Փափազեանին, Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին յանձնուած էր Դաշնակցութեան ընդհանուր ծրագիրը վերախմբագրելու աշխատանքը: Սակայն վերջնական տարազումը նախագիծին գրած էր ինք` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, որովհետեւ ունէր թէ՛ գաղափարական հզօրութիւն իր բանաձեւումով` սկզբունքները բիւրեղացնելու եւ...

Խորհրդածութիւն Մասթըրին Հետ

Խորհրդածութիւն Մասթըրին Հետ

ՎԵՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Եռաբլուր եմ: Շուրջս` անծայրածիր տխրութիւն, ցասում, զայրոյթ եւ ցաւ: Եռագոյն դրօշներ... որոնք, հակառակ իրենց ունեցած հպարտութիւն պատճառող իւրայատկութեան, բոլոր գլուխները կը խոնարհեցնեն: Մտածումները սառած են: Զգացումները` գերիշխող: Արցունքը` ակնյայտ, իսկ լորձունքը կախուած` իւրաքանչիւրին կոկորդին: Դադիվանքի հերոս քահանան Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան կանգնած է եկեղեցւոյ մուտքին` խաչ ու խունկով յոյս ներշնչելու եւ ցաւեր ամոքելու համար: Քայլերս կ՛ուղղեմ ծանօթ...

«Հասակ Մը Կայ Մեր Կենաց Մէջ…

«Հասակ Մը Կայ Մեր Կենաց Մէջ…

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ... ուր ամենայն իղձ կ՛աւարտի»: Կամ թերեւս` ոչ անպայման: Իղձերը կրնան փոխուիլ, վերանորոգուիլ, աւարտիլ միայն աւարտին հետ: Քառասուն տարի առաջ մարմնային իղձ էր պայքարը, մրցակցութիւնը, մարտական արուեստի կիրարկումը` հասնելու համար իւրաքանչիւր հարուածի կատարեալին... «Hier encore j՛avais vingt ans, je caressais le temps...» Քառասուն տարի յետոյ մարմնային իղձն է բարելաւել շարժումը` առանց երբեք կատարեալին խաբկանքն ունենալու, ուշադիր ըլլալ...

Վաստակաւոր Ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանի Յիշատակին

Վաստակաւոր Ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանի Յիշատակին

ԱՆԻԹԱ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ 23 փետրուար 2025-ին մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ իմ եւ քանիներու տասնամեակներու բարեկամուհին, պաշտօնակիցը, համալսարանաւարտ վաստակաշատ կրթական մշակ, երկա՜ր տարիներու Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի, անգլերէնի ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանը: Այս քանի մը տողերը` իր անմոռաց յիշատակին Ա՛լ մեզի հետ չես... Դուն ժպիտով դիմակայեցիր կեանքի մարտահրաւէրները: Երկարատեւ հիւանդութիւնն իսկ չխլեց լաւատեսութիւնդ: Շրջապատիդ հետ համերաշխ սրտակցութեամբ յաղթահարեցիր ամէն դժուարութիւն, եղար սիրող...

Դաշնակցութեան Հաւատաւոր Զինուոր Եւ Իւրայատուկ Ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Սարգիս Զէյթլեան` Հայութեան Հաւաքական Ուժին Հաւատացող Հսկան*

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՀՅ Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի աւարտէն 3 շաբաթ ետք կը հանդիպինք, սիրելի հայրենակիցներ, ընկերուհիներ եւ ընկերներ, ըլլալու միասին Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 60 տարիներու հսկաներէն մէկուն` ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով: Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեամբ բարձրացած է նահատակութեան պատուանդանին: Ընդհանուր ժողովը կ՛ըսէ. «Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցական եւ գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ...

Դաշնակցութեան Հաւատաւոր Զինուոր Եւ Իւրայատուկ Ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Հայկական Արեւելումի Ռահվիրան` Սարգիս Զէյթլեան*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Զէյթլեանի եւ անոր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի առեւանգման 40-ամեակի նշումը շատ հասկնալիօրէն այժմէական խորհուրդներու, մտածումներու տեղի կու տայ, բայց մանաւանդ, այդ բոլորէն մեկնած, մեր հաւաքական աշխատանքի վերակազմակերպման համար նոր ուղենիշներ կը ճշդէ: Հայութեան թշնամիները միշտ չէ, որ դիմած են առեւանգման եւ պատանդառման միջոցին, հայութեան եւ անոր մարտունակ ուժին` Դաշնակցութեան դէմ պայքարելու ընթացքին:...

Թէկուզ Տկար

Բռնատիրութիւն, Ճնշում, Ուրացման Քաղաքականութիւն Եւ «Բնականոնացման» Պատրանք

 ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումներու պատմութեան մէջ հերթական դրուագ մը չէ միայն. շրջադարձային պահ մըն է այդ` Թուրքիոյ մէջ խորացող բռնապետութիւնը սնուցանող ու յղի` տնտեսական, ֆինանսական, ապահովական ներքին ու տարածաշրջանային զարգացումներով: Մինչեւ այս պահը աւելի քան 1500 անձեր ձերբակալուած են ծաւալուն բողոքի ցոյցերու ընթացքին: Իշխանական շրջանակները, ներառեալ` նախագահ Էրտողանը, ցոյցերը որպէս «փողոցային ահաբեկչութիւն» կը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. (Ազերի) Փաշինեանը Ո՛չ Մէկ Զիջում Ըրած Է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական բեմը քանի մը օրէ ի վեր ինկած է նոր փոթորիկի մը գիրկը: Ուրկէ՞ ծնունդ առին նորագոյն փոթորկաբեր հովերը: Չէ՛, Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւններէն չեկան անոնք, պարզապէս անոնց զուգադիպեցան: Երազատես Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ առաւօտ մը արթնցաւ եւ որոշեց Հանրային պատկերասփիւռի կայանի մէկ լրագրողը կանչել, հարցազրոյց մը շնորհե՜ց եւ, ըստ սովորութեան, հազար ու մէկ սուտով եւ խեղաթիւրումներով փորձեց ինքնարդարացումներ...

«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան Պատերազմը` Իրողութիւններ Եւ Հետեւութիւններ»

«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան Պատերազմը` Իրողութիւններ Եւ Հետեւողութիւններ»

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գիրքին առիւծի բաժինը կը հանդիսանայ Ժընեւի համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Վիգէն Չըթըրեանի` «2020-ի Արցախեան պատերազմը եւ Հայաստանի պարտութիւնը» խորագիրը կրող վերլուծութիւնը: Ասոր հիմք կը կազմեն 2020-2023 թուականներու իրադարձութիւններու անմիջական մասնակիցներուն եւ/կամ փորձառութիւն ունեցած հայաստանցի եւ արցախցի 31 քաղաքական, ռազմական գործիչներու ու մասնագէտներու, որոնց կարգին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ 35 հարցազրոյցները,...

Փոխանակ Գայլի Գլխուն Աւետարան Կարդալու

Փոխանակ Գայլի Գլխուն Աւետարան Կարդալու

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բանբեր Անիթա Հիփեր Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին՛ Պաքուի մէջ պահուող հայերու մասին հարցումին ի պատասխան յայտնեց. «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ու անաչառ կերպով հետաքննեն վատ վերաբերմունքի վերաբերեալ բոլոր մեղադրանքները, եւ եթէ անոնք հաստատուին, ապա պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն մեղաւորները»: Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բանբերը կ՛անգիտանայ, թէ Ազրպէյճանը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Անտառի Օրէնքի Վերադա՞րձ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ժամանակակից աշխարհի դէպքերուն եւ զանոնք «կառավարողներուն» հետեւողը կը թօթափէ այն զգացումը, թէ կը գտնուինք քաղաքակիրթ ու բարեշրջուած փուլի մը մէջ. ընդհակառա՛կն, իւրաքանչիւր քայլափոխի կը փաստուի, որ նախամարդը օր ըստ օրէ կը վերականգնի քիչ մը ամէն տեղ` իրեն հետ վերականգնելով «Անտառի օրէնք»-ը, ուր ո՛չ ոճրագործ պէտք է փնտռել, ո՛չ ալ զոհ. միակ «օրէնք»-ը` «Աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ»-ն է: Աւելի՛ն....

«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան Պատերազմը` Իրողութիւններ Եւ Հետեւութիւններ»

«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան Պատերազմը` Իրողութիւններ Եւ Հետեւութիւններ»

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախեան երկրորդ` 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը համազգային աղէտ մըն էր բառին լիակատար իմաստով. ազգային խոց մըն էր ան, որովհետեւ ազատագրումէն 26 տարի ետք կորսնցուցինք Արցախը, իսկ այս կորուստը տուն տուաւ` տարբեր զգացումներու եւ մտածումներու, անպատասխան մնացած բազմաթիւ հարցումներու: Այս պատերազմն ու անոր հետեւանքները իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ յառաջացուցին խոր ցաւ մը, որուն պատճառը ո՛չ միայն կորուստին...

Գաղութէ Գաղութ

Իսկ Կարաւանը Կը Շարունակի Իր Ճանապարհը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ Նրանք, որոնք քիչ թէ շատ հետեւում են լրատուամիջոցների եւ ընկերային ցանցերի հրապարակումներին, նկատած կը լինեն վերջին շրջանում ծաւալուած հակադաշնակցական քարոզչութեան նոր ալիքը: Այս պղտոր ալեկոծութեան մէջ ներգրաւուած որոշ դերակատարների իսկ խոստովանութեամբ, գործընթացի դրդապատճառն ու նպատակն է ՀՅ Դաշնակցութեան առաջիկայ Ընդհանուր ժողովի գումարումը: Աւելի ստոյգ` անառողջ տրամադրութիւններ հրահրելու, գալիք ժողովի մթնոլորտի վրայ ազդելու ցանկութիւնը: Զարմանալի չէ երեւոյթը, եթէ յիշենք,...

Յայտարարութիւններ ( 28 Յունուար 2023)

Ստացուած Գիրքեր. «Կեանքիս Ուղիները. Յուշեր Հայկական Լեգէոնէն» (Հեղինակ` Գասպար Մենակ)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Փարիզի մէջ 2024-ին ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսաւ Գասպար Մենակի «Կեանքիս ուղիները. յուշեր Հայկական լեգէոնէն» գիրքը, բաղկացած` 196 էջերէ, եւ 19 էջ` քարտէսներ եւ նկարներ: Գիրքին նախաբանը գրած է Ժեռար Տէտէեան: Գասպար Մենակ ծնած է 1895-ին, Չնգուշ եւ զաւակն է Սարգիս Քեհիա Խաչոյեանի եւ Սառա Այվազեանի: Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին եւ Խարբերդի Եփրատ քոլեճին մէջ, իբրեւ դաստիարակ ունենալով Յովհաննէս...

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

ԻՐԻՆԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ - ԿՐՊԷԵԱՆ Նարինջների քաղաքում նարինջներն արդէն հազուադէպ են Մայիսի 9-ին` հինգշաբթի, նախատեսուած էր այցելութիւն Օրենճ Քաունթիի հայկական համայնք (OC Armenian community): Երբ առաջին հայերն սկսել են հաստատուել այս բնակավայրում, ասում են, այն հարուստ է եղել վայրի նարնջենիների պուրակներով, որոնք տասնամեակների ընթացքում գրեթէ վերացել են եւ մեր ճանապարհին արդէն հազուադէպ էին հանդիպում: Մինչ գլխաւոր միջոցառման սկսուելը հանդիպում ունեցայ Ա....

Իր Մահկանացուն Կնքեց Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանը

Իր Մահկանացուն Կնքեց Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանը

 «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերականը ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մօտ շատ արագ ուշադրութիւն գրաւեց: Օրին «Ազդակ» երեւոյթին անդրադարձած է եւ արժեւորած անոր ունեցած դերը տարիքային առաջադրուած խաւին  մօտ` մամուլի թիրախային աշխատանք իրականացնելու հանգամանքները լոյսին բերելով: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ամուսնոյն եւ ընտանեկան պարագաներուն: «Ա.» Կեանքէն հեռացաւ «Փթիթ»-ի հիմնադիր-խմբագիր Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանը, որուն կենսագրական տուեալներուն եւ խմբագրական...

Մեր Լեզուն Եւ Մենք

Մեր Լեզուն Եւ Մենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երանի անոնց, որոնք աղաւաղուող հայերէնը լսելով եւ կարդալով չեն տագնապիր: Այդ լեզուով խօսողներ եւ գրողներ ալ բանգիտութիւն կը խաղան: Երբ հայերէն կը խօսինք եւ կը գրենք, եթէ անոր հանդէպ բծախնդրութիւն ցուցաբերենք, ինքնութիւն կը պահենք: Այս նոյնքան կարեւոր է, որքան կարեւոր են ամէն կարգի  ցուցական նախաձեռնութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, արուեստի կամ  այլ բնոյթի ազգային համարուած ծառայութիւն, զոհողութիւն եւ...

Page 92 of 808 1 … 91 92 93 … 808

Արխիւներ