Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը հազիւ պաշտօն ստանձնած շփոթի մատնեց ամբողջ աշխարհը իր հապճեպ ու աննախատեսելի վարչական որոշումներով: Անօրինական գաղթականներու վտարման մասին, Կազան գրաւելու ու զայն օրինակելի զբօսավայրի վերածելու մասին, մաքսատուրքերը անհամեմատ բարձրացնելու մասին անակնկալ որոշումները ստեղծեցին համատարած մտահոգութիւն եւ գալիքի նկատմամբ անորոշութիւն: Ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային կարգուսարքը փուլ կու գայ: Որոշումներուն կ՛ընկերանար սպառնալիք, որ առարկայացաւ Եմէնի հուսիներուն...




















