
ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Երբեք չէի պատկերացներ, որ մեղեդի մը կրնար աչքերէս այդքան արցունքներ քամել. բայց ահա կու գային` անակնկալ եւ առատ:
Կը կարծէի, թէ բոլորը պիտի ընդունէի հիացումով, թերեւս` նոյնիսկ կարօտով, բայց երբ տուտուկին առաջին հնչիւնները լեցուցին Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահը, խորտակուեցայ. անսպասելիօրէն` կոկորդիս եւ կուրծքիս միջեւ տեղ մը: Արցունքները եկան ու չդադրեցան:
Մեղեդին «Կռունկ»-ն էր, ու ես այլեւս Երեւան չէի:
Թորոնթօ վերադարձած էի:
Տասնչորս տարեկան էի: Եորքվիլի «Քամպըրլընտ» թատերասրահին մէջ նստած էի լաւ ընկերոջս` Տարօնին հետ, եւ առաջին անգամ ըլլալով կը դիտէինք մեր հայրենակից-մայրենակից Էկոյեանի «Արարատ»-ը:
Նոյն տուտուկին ձայնը, ժապաւէնը բացող երաժշտութեան առաջին եղանակները զիս վերադարձուցին այդ իրական-անիրական, անմոռանալի պահը, երբ երկար սպասուած ստեղծագործութեան վերնագիրը` «Արարատ»-ը, նախ հայերէնով (ու միայն, ապա` անգլերէնով) երեւցաւ պաստառին վրայ, Թորոնթոյի սրտին մէջ: Պաստառին վրայի հայերէնը կարդալով` ուղղակի ապշած էինք:
2002-ի նոյեմբերն էր. Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռ պաշտօնապէս չէր ճանչցուած Քանատայի խորհրդարանին կամ կառավարութեան կողմէ, ու հոն էինք` ժապաւէնի լայն ներկայացման առաջնախաղին. երկու պատանիներ, որոնք կը դիտէին քանատական ժապաւէն մը (հաւանաբար` ոչ ալ իրենց տարիքին յարմար ժապաւէն մը) մեր ժողովուրդի պատմութեան, մեր ցաւին, մեր ինքնութեան մասին:
Ու աւելի քան երկու տասնամեակ ետք «Արարատ»-ը վերադարձաւ ինծի` ոչ թէ պաստառին վրայ, այլ երաժշտութեան միջոցով` երեւանեան բեմին վրայ:
***
Մայքըլ Տանայի «Արարատ» ժապաւէնի մրցանակակիր երաժշտութեան հիման վրայ գրուած սուիթի հայաստանեան առաջնախաղը` կատարուած Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ, Երեւանի մէջ կայացած Փենտերեցքիի անուան ժամանակակից երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի փակման հանդիսութեան առանցքն էր: Մայեսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի վարպետ ղեկավարութեամբ, համերգի ընթացքին նաեւ ներկայացուեցան վրացի երաժշտահան Կիեա Քանչելիի խորհրդաւոր «Ստիքս» ստեղծագործութիւնը, որ կատարուեցաւ հիւր քանատացի վիոլահար Սառա ՄաքԷլրավիի մասնակցութեամբ, եւ լեհ Քշիշթոֆ Փենտերեցքիի «Երեք կտոր հին ոճով»-ը:
Այն փաստը, որ հիւր քանատացի մը կար բեմին վրայ, որ կը մասնակցէր Քանչելիի գործի ներկայացման, ողջունելի անակնկալ մըն էր: Խօսք չկայ. քանատացին հիանալի էր եւ վրացիին գործը` գեղեցիկ:
Բայց միայն «Արարատ»-ի մեղեդիներն էին, որոնք արցունքներուն ճամբայ տուին:
***
Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս ժապաւէնի բացումէն անմիջապէս ետք, տասնչորս տարեկան հասակիս, «Արարատ»-ի երաժշտութեան խտասալիկը փոխ առած էի Թորոնթոյի հանրային գրադարանէն: Պատճէնահանած էի եւ արձանագրած` մեր ընտանեկան համակարգիչին մէջ (ինչը, որ ապօրինի էր, եւ որուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ մօտ քսաներեք տարի ետք): Անդադար կը լսէի զայն ու թերեւս այդ պատճառով Երեւանի համերգասրահին մէջ նստած` բոլորը ետ եկան յորդելով:
Էկոյեանի ժապաւէնին երաժշտութիւնը (soundtrack) հիմնուած է հայկական աւանդական երեք հիմնական եղանակներու` «Կռունկ»-ի, «Երազ»-ի եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ»-ի վրայ: Ու քսաներկու վայրկեանի մէջ խտացած անոր բեմական տարբերակին (սուիթ) ծանօթ մեղեդիները լսելով` աչքիս առջեւ բացուեցան ժապաւէնին հզօր տեսարանները` Վանի ապստամբութիւնը, կոտրուած ու հոգեխոցուած Արշիլ Կորքիի արուեստական պոռթկումը, Ամերիկեան առաքելութեան ապաստարանին մէջի խուճապը, լուսանկարիչ Լեւոնին վիշտի եւ զայրոյթի պատճառով վրէժխնդրութեան արարքը` իր որդիին բռնաբարութենէն եւ սպանութենէն ետք: Սուիթի իւրաքանչիւր շարժումը պատկերներու եւ յոյզերու հեղեղ մը կը բերէր:
Համերգը սկսաւ տուտուկով` «Կռունկ»-ով, կարօտի եւ աքսորի ժողովրդական երգ մը, որ դարձած է սփիւռքահայութեան հիմներգներէն մին: Անոր սկզբնաղբիւրը դարեր առաջ գրուած քնարական ողբ մըն է, եւ սակայն Տաննայի ձեռքերուն մէջ ան դարձած էր շարժանկարային ու ընդարձակ: Երաժշտութիւնը յուշեր արթնցուց Եորքվիլի սրահի մէջ, այդ առաջին ցուցադրութենէն:
«Երազ»-ը, որ հիմնուած է Սմբատ Շահազիզի խօսքերուն վրայ եւ մշակուած` Կոմիտասի կողմէ, կը պատկերէ մօր հետ կարճատեւ, երեւակայական վերամիաւորում մը: Իր բնական վիճակին մէջ մեղեդին մեղմ է, տխուր. օրօրոցային երգ մը՛ աշխարհէ մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի: Սակայն Տաննայի հնչանուագումը զայն կը վերածէ հզօր, սարսռեցնող պոռթկումի մը: Տաննան զայն կը դարձնէ հաւաքական ողբ մը` խորունկ ու կատաղի: Այս վերամշակումի ներկայացումը կ՛արձագանգէր բազմաթիւ մակարդակներու վրայ. ան մօ՞ր կարօտի երգ է, թէ՞ մայր հայրենիքի: Կամ հաւանաբար երկուքին մասին է: Արդեօք կարեւո՞ր է զանազանել, երբ կարօտը նոյնքան խորունկ է…
Ապա «Ո՞ւր ես մայր իմ»-ը. միջնադարեան շարական մը, որ սովորաբար կը կատարուի Աւագ հինգշաբթի օրը, խաւարման արարողութեան ընթացքին: Պզտիկուց հիացումով կը լսէի, երբ թորոնթոհայ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան կ՛երգէր զայն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մթութեան մէջ: Տարիներ ետք անոր ձայնը զարդարեց Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնը` կապելով այդ ծիսական ողբերգը Ցեղասպանութեան սրտաբեկութեան: Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի կատարումին ընթացքին զգացի այդ կտորին ծանրութիւնը: Աչքիս դիմաց տեսայ «Ճորճթաունի տղաքը»` Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ քանատացի դարձած որբերը, որոնք դար մը առաջ ծննդավայր երկիրս բերուեցան: Անգամ մը եւս յիշեցի այն երեխաներուն մասին, որոնք երբեք իրենց մայրերը չտեսան:
Եւ այդ երկու կտորներուն` «Երազ»-ին եւ «Ո՞ւր ես մայր իմ»-ին միջեւ տեղ մը, պահ մը անձնասէր զգացի, երբ սկսայ խորհիլ սեփական մօրս մասին. ոչ թէ որովհետեւ ան չկայ, այլ որովհետեւ հազարաւոր քիլոմեթրերը կը բաժնեն մեզ. կարօտ կայ, հեռաւորութիւն կայ: Եւ այսպիսի երաժշտութիւնը` կարօտի, ներկայութեան եւ բացակայութեան մասին կը ստիպէ զգալ բոլորը միաժամանակ:
Յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս ժապաւէնին բացումէն քանի մը ամիս ետք, մեր տան հեռատեսիլին վրայ, ուղիղ եթերով «Ճինի» մրցանակաբաշխութիւնը կը դիտէի ընտանիքիս հետ միասին. մեր տունէն քանի մը քիլոմեթր հարաւ, Թորոնթոյի կեդրոնին մէջ, «Արարատ»-ը մէկ-մէկ կ’արժանարար բազմաթիւ «Ճինի»-ներու` քանատական «Օսկար»-ներու: Կարծես թէ մեր «Super Bowl»-ն էր, մեր «Մոնտիալ»-ը. հեռատեսիլին շուրջ հաւաքուած` ցնծութեամբ կը գոռայինք ու կը ծափահարէինք իւրաքանչիւր մրցանակի յայտարարութենէն ետք: Կը յիշեմ, թէ հայրս որքա՜ն յուզուեցաւ, երբ Արսինէն ընդունեց մրցանակներէն ամէնէն կարեւորը` «Տարուան լաւագոյն ժապաւէն»-ը (արեւմտա)հայերէնով: Մեզի համար պարզապէս մրցանակի արժանացում մը չէր, այլ տեսանելի ըլլալու մասին էր, լսելի ըլլալու մասին: Մեր լեզուն Քանատայի մեծ բեմերու վրայ կը լսուէր ու կը սփռուէր միլիոններու հեռատեսիլներուն վրայ:
Եւ թերեւս այդ պատճառով այս երաժշտութիւնը վրաս այդքան ազդեց: Որովհետեւ ան կու գար ժապաւէնէ մը, որ այնքան նշանակութիւն ունէր եւ տակաւին ունի քանատահայերուս համար: Ժապաւէն մը, որ համարձակեցաւ պատմել անպատմելին ու ներկայացնել ժողովուրդի մը ցաւն ու ինքնութեան բարդութիւնը: Ժապաւէն մը, որ չձեւացուց, թէ դիւրին պատասխաններ ունէր, բայց պնդեց դժուար հարցումներ տալ` արուեստի, ճշմարտութեան եւ անոր մասին, թէ ի՛նչ կ՛որոշենք յիշել մեր անցեալէն` ժխտողականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ:
Յիշեցի այդ նոյեմբերեան երեկոն, «Քամպըրլընտ» թատերասրահին մէջ: Եւ սակայն այս անգամ բան մը տարբեր էր:
Այս «Արարատ»-ը վերջապէս տուն վերադարձած էր:
Ժապաւէնը ծնունդ առած է Քանատայի մէջ, յղացուած` հանճարեղ ու իր ժողովուրդի անցեալով տանջուած քանատահայ բեմադրիչի մը կողմէ, երաժշտութիւնը յօրինուած` աշխարհահռչակ քանատացի (ոչ հայ) երաժիշտի մը կողմէ, մրցանակակիր դարձած`
քանատական ֆիլմարուեստի բարձրագոյն հաստատութեան մը կողմէ: Բայց այս կատարումը, անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ, նոր կեանք տուաւ անոր:
Աւելին էր, քան` համերգ մը. հաշուեյարդար մըն էր, վերամիաւորում մը, վերադարձ մը:
«Արարատ»-ը միշտ ալ մեզի պատկանած է (գոնէ մեր սրտերուն մէջ). ոչ միայն սրբազան լեռն ու անոր անուանակից ժապաւէնը, այլ նաեւ` այն յուշերը, ցաւերն ու երազը, որոնք լեռն ու ժապաւէնը կը խորհրդանշեն:
***
Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի նոր դժուարութիւններու, աւելի քան երբեք պէտք է պինդ կառչինք` մեր արմատներուն, մեր պատմութեան էջերուն, մեր ցաւերուն, մեր վաղուան յոյսերուն ու այդ բոլորը մարմնաւորող մեր հարազատ արուեստին:
Պատահական չէ, որ նման պահերուն արուեստն է, որ կը դառնայ մեր ամէնէն կենդանի կապը մեր անցեալին հետ: Թերեւս` որովհետեւ երաժշտութիւնը կ՛արտայայտէ այն, ինչ որ խօսքերը չեն կրնար ըսել: Թերեւս` որովհետեւ մեղեդին կը մնայ մեր մէջ, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ շուրջը կը փոխուի: Թերեւս` որովհետեւ ժապաւէնի պատկերները անջնջելիօրէն կը դրոշմուին մեր միտքերուն մէջ: Թերեւս` որովհետեւ շարժապատկերը մեզի կը թոյլատրէ տեսնել, զգալ եւ ապրիլ անցեալը` ներկայի աչքերով:
Քանի որ երբեմն, երբ բնաւ չենք սպասեր, խաւարին մէջ յանկարծ տուտուկի մը ձայնը կը լսուի, ու մենք անգամ մը եւս կը զգանք, որ ոչինչ իսկապէս կորսուած է:
Ան պարզապէս իր ճամբան կը գտնէ դէպի տուն:
«Թորոնթոհայ» – մայիս 2025