Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

110-Ամեակի Մտածումներ. Հայրենահանուածներու Յետնորդներու. Հայրենահանուածներու Յետնորդներու Ինքնութեան Եւ Իրաւունքի Վերականգնում

Մայիս 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Միայն պատեհապաշտները տեղ կը հասնին, եւ
նկարագիրը դժուար ժամանակներու առաքինութիւնն է»

(ԶՕՐԱՎԱՐ ՇԱՐԼ ՏԸ ԿՈԼ)

«Ֆեթիշ» թուականը անցաւ: Քաղաքական իմաստութիւն է հարց տալ, թէ տեսակարար (spécifique) տարբերութիւն ունի՞ն ցեղասպանութիւնը, հայրենահանումը եւ անհայրենիք մնալու դատապարտութիւնը:

Դար մը զոհերու մասին խօսեցանք, զանոնք յիշեցինք, «սրբադասեցինք»: Մխիթարութեան հանդէսնե՞ր: Աւանդութիւն յարգելու ցուցադրութիւննե՞ր: Անոնք պարզապէս անզօրութեան խոստովանութիւն եղան: Զոհերը եւ հայրենահանուածները մնացին պատմութեան խորքի պաստառի վիճակին մէջ: Անոնք յուշ եղան, բեմի, խօսքի, կամ գիր-գրականութեան յարդարանք: Հիմա ուրացումը դարձած է քաղաքական նորատեսակ փրկութեան լաստ, հասկնալ` խաղաղութեան:

Սերունդներ փոխուեցան, պաստառը մնաց նոյնը:

110 անգամ ապրիլ 24: Անմիջական յետնորդները աղմկեցին, յիշեցին  հայրենիք եւ ծննդավայրեր, ուրկէ իրենց նախնիները հեռացած-հեռացուած էին: Այդ աշխարհը մնաց օտարուած, սեւ վարագոյրի ետին: Տէր չեղանք, չկրցանք ըլլալ եւ այսօր ալ տէր չենք նախնիներու ժառանգութեան: Միջազգային դաւադրութիւնը այդպէս վճռեց: Դեռ չեն արգիլած, մենք ալ մենք մեզի չենք արգիլած յիշել: Յիշելը բնական կարգով կ՛առաջնորդէ տիրոջ գիտակցութեան: Բայց յիշողութենէն ետք չեկաւ ազգի ոչ ցուցադրական յանձնառութիւնը:

Կարծէք` չանհանգստանալու համար չենք խօսիր հայրենահանուածներու յետնորդներու, անոնց ինքնութեան եւ իրաւունքի մասին: Երբ հողը չկայ, կու գայ չորացումը, կ՛ըսենք` ապահայացում կամ ձուլում: Այս մասին խօսելու համար պէտք է զանոնք տեսնել, գիտնալ, թէ ո՞ւր են, ի՞նչ են, կա՞ն որպէս շարունակութիւն, ի՞նչ ճանաչում ունին իրենք իրենց համար եւ իրենցմէ դուրս:

Սփիւռք բնորոշման տակ կուտակուած են հայրենահանուածներու յետնորդները, անոնց վրայ գումարուած են` ինքնահայրենահանուածները, հայրենիք լքողները, համագումար, անհայրենիքներ, որոնք գաղթականութիններ են եւ կ՛ապրին այն ինքնախաբէութեամբ, որ հայրենիք ունէին, ունին, բայց ուրկէ բացակայ են, որ պատկեր է, որուն պաշտպանութեան եւ տիրութեան պայքար մղելէ դադրած են. բախտաւոր պարագային, կը զբաղին` բարեսիրութեամբ, յուշ երեկոներով եւ յուշամատեաններով եւ այցելութիններով, օտարի պէս զբօսաշրջիկ կ՛ըլլան, թէեւ իրատեսութեամբ պէտք է ընդունիլ, որ նաեւ այդքան է պահանջուածը, եւ իրենք այդքան կրնան ընել, երբ բացակայ են: Քաղաքական եւ պատշաճեցման ճապկումներով նախահայրերէն ժառանգուած-ստացուած հայրենիքը տէր չունի, ո՛չ ներսը եւ ո՛չ դուրսը անոր տէր չենք, ան օրակարգ չէ, կարծէք` կացութիւնը ընդունած ենք, որ ան այլեւս չկայ, պիտի չըլլայ, մանաւանդ որ միջազգային համայնքը ընդունած է կացութիւնը` որպէս կատարուած իրողութիւն: Այս վերաբերումները  մէկ անուն ունին. ՈՒՐԱՑՈՒՄ: Մնացած է բեկոր մը, որուն շուրջ եւ որուն համար կը վիճինք եւ կը սպառինք:

Աւանդութիւններ կը յարգենք, շաբաթավերջերուն կը խմբուինք, այդ կ՛ընենք եւ կը կարծենք, որ հայրենասիրութին եւ քաղաքականութիւն կը խաղանք եւ սփիւռքը հայ պահելու հեւքը կը շարունակենք: Այդքանն ալ կ՛ընենք` առանց գիտնալու, թէ ո՞ր հիմնական նպատակի իրականացման կը ձգտինք:

Չենք ուզեր տեսնել եւ ընդունիլ, որ  յետնորդները այլեւս ազգային գաղթականութիւններ չեն, քանի որ հայրենիքը հասնումի նաւահանգիստ չէ, քանի որ անոնք խարսխած են  բազմանուն ափեր, իրենց վրանները զարկած են ասդին եւ անդին, հոն, ուր հասած են, եւ այլեւս իրենք զիրենք գաղթական չեն համարեր, նոր  անուններով շապիկներ հագած են: Իրենց կայք հաստատած երկիրներու համակարգին մէջ ընդգրկուած են` որպէս արտադրող եւ սպառող, նաեւ` ամէն օր քիչ մը աւելի շեշտուող նոր կենցաղով եւ հոգեբարոյական նոր մտահորիզոնով, որոնք ոչ մէկ ձեւով շարունակութիւն են: Լաւագոյն պարագային,  համայնք են: Իսկ համայնքը ազգ չէ, որքան ալ մշակոյթ եւ ենթադրեալ տեսակաւոր ազգային քաղաքականութիւն ուզէ շարունակել: Ո՛չ մէկ տեղ հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու նախահայրերու հայրենիքը եւ հոն վերադարձը օրակարգ չեն: Ո՞ւր կը խօսուի Վանի, Մուշի, Սասունի, Ատանայի, Սիսի, Խարբերդի մասին: Հայոց քաղաքական խօսքէն հանուած են այդ տարածքները եւ քաղաքները, անոնք յիշատակի եւ պատմական ծանօթութեան վերացական հասցէներ են: Հայերը, անոնք ըլլան հայրենահանուածի թէ ինքնահայրենահանուածի սերունդ, ո՞ւր պիտի յանգին, եթէ որպէս իրաւատէր չմնան, հանդէս չգան եւ չպայքարին: Այդ յետնորդներուն համար այն հայրենիքը, ուրկէ հայրենահանուած են իրենց նախորդները,  այսօր իրենց հայրենիքը չէ, իրենք անոր տէր չեն: Բախտաւոր պարագային, հոն հիւր կ՛երթան, կը լուսանկարեն: Ուրեմն ի՞նչ կ՛ընեն եւ պէտք է ընեն իրաւ շարունակութիւն եւ տէր ըլլալու համար: Այսպէս մտածել, ըստ այնմ դիրքորոշուիլ եւ գործել, ազգային քաղաքականութիւն կ՛ըլլայ, որ հրաժարման առաջնորդող պատշաճեցումներէն անդին կը նայի:

Եթէ կարենայինք գաղթականութեան եւ համայնքային պատշաճեցումները ազգային նպատակ չհամարել եւ յանձնառու կազմակերպութիւն յառաջացնել, միանայինք հայրենիք ազատագրելու եւ ունենալու համար, ամէն օր արթննայինք` լսելով յիսուն տարի առաջ Արարատի փէշերուն ապրող սերունդի «ՄԵՐ ՀՈՂԵՐ»-ը կանչը, ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՐԴ կ՛ըլլայինք, ագեվազներու երկրին մէջ, Լոս, Մարսէյ, Նետերլենտ, Բելգիա հայերէն երգելով` հայրենասիրութիւն չէինք խաղար: Պիտի գտնուի՞ն մարդիկ, որոնք ներշնչեն յառաջիկայ տարի Վան, Մուշ, Սասուն, Սիս, Ատանա հասնելու հաւատքը, որպէսզի երազ ունենանք, ոտքի մնանք եւ պատմութեան հեղեղին մէջ չտարուինք` որպէս տաշեղ: Հիմա հայրենիք կը լքենք, մէկ գաղթավայրէ միւսը կ՛երթանք` հետապնդելով լաւ ապրելու իրաւունքը: Կը մտածեմ, որ եթէ օր մը Ամերիկան կրկին քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուի, Աւստրալիոյ բնիկները` ապորիժենները, ազատագրական պայքար մղելու համար ոտքի ելլեն, ի՞նչ պիտի ընեն հայ հին եւ նոր գաղթականները:

Աներազ ժողովուրդներով բնակուած է պատմութեան գորշ անհունը, ուր յոյս եւ կեանք չեն ծաղկիր:

Ինչո՞ւ դադրած ենք ազգին, որ ի Հայաստան, Ռուսիա, Ամերիկաներ, արաբական աշխարհ, հիմա նաեւ` Չինաստան, բեւեռներու մէկէն միւսը, չենք ըսեր, որ մարդ ըլլալու համար հայրենատէր պէտք է ըլլալ` չըլլալու համար անհող եւ անինքնութիւն:

Այսօր հայ քաղաքական առատաբան շուկային մէջ ո՛չ ոք կը յիշէ իր ժողովուրդի երակէն եկած եւ ազգի խոր զգացողութիւնը ունեցած հայոց Մկրտիչ Խրիմեան տեսիլք ունեցող կաթողիկոսին պատգամը Թոռնիկին… Կը պատահի՞, որ հանրապետութենէն եւ մոլորակի շուրջ դարձող քաղաքական եւ այլ խօսքերու շուկային մէջ հնչէ Խրիմեանի պատգամը Թոռնիկին, ուղղուած իւրաքանչիւր հայու, որ ՀՈՂԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐը… որ ԱՆՀՈՂ ՉՄՆԱՍ:

Եւ լսողներ կա՞ն:

Այդ ՀՈՂԸ նախահայրերու կտակած հայրենիքն է, որ արմատներու անուններ կը խտացնէ:

1915… 2025, 2055, օր մըն ալ` 3015… Եւ յետոյ ի՞նչ…

Յարափոփոխ աշխարհին մէջ ի՞նչ ենք եւ ի՞նչ կ՛ընենք, որպէսզի վերականգնինք եւ ազգ ու հայրենիք վերականգնենք:

Չեմ  յիշեր, թէ ո՛վ ըսած էր, որ քսաներորդ դարու մեծագոյն գիւտը հիւլէական ռումբը չէր, այլ` կազմակերպութիւնը, «oրganisation»-ը…

Եթէ այս ԱՄԵԱԿէն սկսէինք ինքնութեան եւ իրաւունքի պահպանման վրայ խարսխուած ազգային ուժի եւ իրաւունքի նպատակային կազմակերպութիւն յառաջացնել` առանց անմիջականի մէջ թաղուելու, մեր լինելիութիւնը դիտէինք գալիք դարու եւ դարերու համար, կը պահէինք ինքնութիւն, կը վերագտնէինք իրաւունք, կը դադրէինք ուրիշներու համրանքը լրացնելէ, կ՛ըլլայինք նախահայրերու  ինքնութեամբ` անոնց իրաւ ժառանգ:

Եթէ այս «յեղափոխութիւնը» այսօր չսկսինք եւ չընենք, ո՞ւր պիտի աւարտի ազգի եւ հայու պատմութիւնը: Գոհունակութեամբ պիտի սպասենք եւ գոհանա՞նք, որ յաճախ մեր հայրենահանման մեղսակիցներ խօսք շռայլեն եւ մեզ յուզեն` ըսելով, որ օրինակելի կերպով մերուած ենք այս կամ այն ցամաքամասի երկիրներէն մէկուն կամ միւսին քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, կենցաղին: Այդ  պիտի նշանակէ, որ այլացած ենք, մենք դադրած ենք մենք ըլլալէ:

Ուրիշ ժողովուրդներ իրենք զիրենք հաստատած են եւ կը հաստատեն` հետեւելով եւ ընդունելով ինքնութիւն պահող եւ կերտող Ազատագրական պայքարի ուղին: Եթէ զանազան անուններով հայութիւնները չգիտակցին եւ չգործեն ա՛յս ըմբռնումով, ապագան հայութիւն կոչուած ազգին ի՞նչ պիտի վերապահէ: Այսպէս մտածել եւ ըստ այնմ գործել` սովորութիւն դարձած հայկական աթոռ-աթոռակի խաղ չէ, որ կը խաղցուի Հայաստանի բեկոր հանրապետութեան եւ բազմացող «Նոր հայրենիք»-ներու սփիւռքի մէջ:

1939-ին պարտուած եւ գրաւուած Ֆրանսայի զօրավարներէն մին, հակառակ իր իշխանութիւններուն, ո՛չ ըսաւ օտարի տիրապետութեան: Իր երկիրը զինք մահուան դատապարտեց, բայց ինք միացուց ուժերը` առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու,  չյանձնուեցաւ, պայքարեցաւ եւ վերականգնեց իր հայրենիքը: Այդ ընելու համար հայրենիք չլքեց: Եղաւ Դիմադրական Շարժում, որուն անդամները չգացին Թահիթի, Վանքուվըր կամ Հոնոլուլու, երբեմն գնդակահարուեցան: Բայց հայրենիք պահեցին: Հայրենիք չյանձնեցին:

Ինչո՞ւ կը կարծենք, որ երկինքէն մանանայ պիտի տեղայ:

Հայրենահանուածի եւ անհայրենիքի մեր կացութեան ո՛չ ոք մեր փոխարէն լուծում պիտի բերէ: Ճիշդ ուղին իրաւ յանձնառութեամբ «յարատեւ կռիւ»-ն է, որ անցեալին պատգամուած էր: Այսօր ալ պէտք է լսել այդ պատգամը: Իրաւունքի եւ արդարութեան համար կռուիլ` էապէս մարդու եւ կեանքի հանդէպ ճշմարիտ յարգանքի պայքար է: Չպայքարիլ` կը նշանակէ բարենիշ տալ չարին եւ  ոճիրին, ընդունիլ բոլոր տեսակի ստրկացումները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, դասակարգային թէ ցեղային:

Եւ հրաժարիլ մարդ ըլլալէ եւ ըլլալ սոսկ մարդանման էակի մը մարսողական գործարանը:

Մեր պատմութիւնը մեզի կտակած է քաղաքական մեծ իմաստութիւն, ուրիշ մեծանուններէ առաջ, ըստ որուն, «Մահ ո՛չ իմացեալ մահ է, իսկ մահ իմացեալ` անմահութիւն»:

Իմանա՛լ եւ ունենալ լսելու ու գործելու առաքինութիւն, որ հռոմէացիին համար կը նշանակէր հոգեկան ուժ, նոյնիսկ եթէ ամեակները մոռացման մոխիր կը ցանեն:

14 մարտ 2025, Փարիզ

Նախորդը

Արարատը Տուն Կու Գայ

Յաջորդը

Amor Mundi – Կեանքի Սէրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?