«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը եւ հայոց քաղաքական կամքին բեմը»
ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
(1941-2020, դաշնակցական եւ մամուլի գործիչ)
Արցախեան պայքարի, ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ պայքարի օրերն էին: Հայ քաղաքական-դիւանագիտական եւ ռազմական միտքերը, ձեռք ձեռքի տուած, որոշած էին անկարելին կարելի դարձնել եւ 5 մայիս 1992-ին ազատագրել Շուշին. սակայն բնութիւնը պարտադրեց գործողութիւնը յետաձգել քանի մը օրով: Անակնկալ սառնամանիքն ու ձիւնը պատճառ դարձան, որ «խենթերու հնար»-ը իրականացուի 8-9 մայիսին:
Եւ այդ ալ` ի՜նչ փառահեղ հնար, ի՜նչ պանծալի յաղթանակ:
Բանալի ամրոց-քաղաք մըն է Շուշին, որուն տիրացողը տիրացած կ՛ըլլար Արցախին, նաեւ` շատ աւելիին: Այդ օրերու Ստեփանակերտը ազատագրած հայորդիին համար պայման էր ամէն գնով հասնիլ նաեւ Շուշի, ուր կայք հաստատած էին ծանր հրետանիով օժտուած շուրջ 2500 ազերի բանակայիններ: Մէյ մը, որ ազատագրուէր մայրաքաղաքին հարաւը ցցուած բարձունքը` սէգ Շուշին, դէպի Գորիս տանող ճամբան պիտի ըլլար ապահով: Պարզ ու մեկին` Շուշիի ազատագրումը առիթ պիտի հանդիսանար բանալու Արցախը Հայաստանի կապող ճամբան, առանց մոռնալու Արցախի հարաւային ու հիւսիսային շրջաններուն միջեւ կապի վերահաստատումը:
նմատչելի թուացող բարձունքը գրաւուեցաւ քանի մը ժամուան մէջ կարելի եղաւ թեթեւ ու կիսածանր զէնքերով պարտութեան մատնել հայ հերոսներուն տասնապատիկը հաշուող թշնամի ուժերը, որոնք շատ աւելի ուժեղ զէնք-զինամթերքի կը տիրապետէին: Ինկան զոհեր, սակայն անոնք ՀՊԱՐՏ ՈՒ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ զոհեր էին: Ստեփանակերտէն Շուշի ճամբուն վրայ հրասայլի մը մէջ զոհուած հերոսներուն յուշարձանը տասնամեակներ շարունակ մնաց յաղթանակին մէկ խորհրդանիշը, մինչեւ որ… ազերին քանդեց նաեւ անիկա:
Այդ օրերու ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի մտայղացումն էր պատմական յարձակումը` 33 տարիներ առաջ: Սքանչելի ու զմայլելի սխրանք մը, որ դժբախտաբար 19 Բաղրամեանի այս օրերուն ղեկավարներուն համար «մոռցուելիք անցեալ»-ի մը ցանկին անցած է` Հայոց ցեղասպանութեան, 1918-ի անկախութեան` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի, եւ դեռ աւելին, Վանի, Ուրֆայի, Հաճընի, Այնթապի, Մարաշի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտերու կողքին, հասնելով մինչեւ… Վարդանանց պատերազմ: ՔՊ-ականներուն համար նման սխրանքներ կապ չունին իրենց պատկերացուցած «Նոր Հայաստան»-ին հետ, որ, ըստ իրենց տրամաբանութեան, պէտք է վազէ պարտութենէ պարտութիւն, անձնատուութենէ անձնատուութիւն, հողերու յանձնում, յանձնում, յանձնում…
«Քոմանտոս»-ին նման հերոսներու անունները յիշատակելը անտեղի է եւ կրնայ էջեր գրաւել: Անոնցմէ շատեր հոն են` Եռաբլուրի բարձունքին… Հրամանատարներուն ներկայացուցած նախագծով խանդավառուած` քաջարի երիտասարդները, Հայաստանէն ու սփիւռքեան ափերէ ժամադրուած բանակայիններ ու ֆետայիներ, չորս ճակատներէ յառաջանալով` հասան անառիկ ամրոցը: Յիշատակութեան արժանի է, որ յարձակման գիծերէն մէկը մեկնակէտ ունէր անկարելի Քարինտակը` Շուշիի հարաւային ժայռապատին տակ ծուարած գիւղը, որ նախորդ ամիսներուն հերոսաբար դիմադրած էր ազերիական յարձակումներուն ու` տոկացած: Ու տղաքը Քարինտակէն բարձրացան վեր, շա՛տ վեր, Շուշիի մէջ միացան իրենց զինակիցներուն: Բնականաբար կարելի է պատկերացնել, որ պատահածը պարզ հարսանիք մը չէր, այլ` պատմութիւն կերտած «Հարսանիք լեռներում»:
… 44-օրեայ պատերազմին բոլորովին տարբեր էր դէպքերու յաջորդականութիւնը: Իրականութեան մէջ մութ եւ հարցականներու տակ ճնշուած թղթածրարները տակաւին չեն բացուած, կամ ալ աղաւաղուած, խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացուած են ազգին:
Շուշին միշտ ալ արիւնալի ռազմաբեմ եւ կռուախնձոր եղած է կովկասեան բարձրաւանդակի այդ տարածաշրջանին մէջ: Նախորդ դարերուն քաղաքը երկար ատեն պարսիկներու տիրապետութեան տակ եղած է, թէեւ պահպանած` կիսանկախ վիճակը: Մինչեւ այսօր ալ հոն կան կառոյցներ, որոնք պարսկական եւ ո՛չ թէ ազերիական ճարտարապետութեան կնիքը ունին: Բայց… ի՜նչ խօսք` «ազերիական ճարտարապետութեան» մասին, անկախ անկէ, թէ այդ դարերուն Ազրպէյճանը գոյութիւն իսկ չունէր… Իր իւրայատուկ դիրքին համար պարսիկներ եւ ռուսեր երկար ատեն մրցակցած են Շուշիի շուրջ, որ 19-րդ դարուն ի վերջոյ անցած է ռուսական տիրապետութեան տակ, ապա, խորհրդային օրերուն, Ստալինի մէկ քմահաճ որոշումով «ձօնուած» է Ազրպէյճանին` հետեւելով Նախիջեւանի օրինակին:
Հիմա սուգի մէջ են Արցախի լեռները, սուգի մէջ է նաեւ սէգ Շուշին, որուն տպաւորիչ Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց եկեղեցին սրբապղծուած է եւ կերպարանափոխուելով` վերածուած է մզկիթի: Արդեօք հոն մխիթարական բան մը կա՞յ, երբ մեր ու աշխարհի աչքերուն առջեւ այլ սրբատեղիներ, յուշահամալիրներ պարզապէս ոչնչացուած են, կը փոշիացուին, իսկ ՔՊ-ական Երեւանը լուռ ու անտարբեր կը մնայ, ինչպէս որ հեռաւոր հանդիսականի աչքով կը դիտէ Շուշին ու Արցախը ազատագրողներու «դատավարութիւնը» Պաքուի մէջ:
Հայաթափ Շուշին եւ Արցախը կարելի չէ «անցեալ»-ի պատմութիւն նկատել, որքա՛ն ալ որ ՔՊ-ապետն ու գործակիցները, անոնց համակրողները յայտարարեն, թէ անոնք Ազրպէյճանի կը պատկանին:
Արցախահայութեան իրաւունքն է վերադառնալ իր հայրենիքը, վերամշակել իր հողը եւ ապրիլ հո՛ն, իր հազարաւոր տարիներու արմատներուն վրայ: Հայաստանի եւ սփիւռքի հայը չեն կրնար համակերպիլ ՔՊ-ականներու պարտուողական «հնարքներուն» եւ ընդմի՛շտ պիտի կանգնին արցախցիներու կողքին:
Որովհետեւ`
Արցախը մէկ մասնիկն է մեր Դատին, հայութեան անվիճելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ձայնը չի կրնար ընդմիշտ լռութեան մատնուիլ: