Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաքական Յաղթանակ

May 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու ընտրութեան լիբանանահայութեան քուէարկութեան պատկերը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին հաւատարիմ մեր ընտրազանգուածը, համակիր, կուսակցական եւ քաղաքական ուժերը, բոլորն ալ անխտիր «Այո» ըսին` յաջողցնելու առաջադրուած 71 թեկնածուներէն 69-ն, հաստատելու իրենց մնայուն նեցուկը Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն: Այս մէկը անգամ մը եւս մեզ կը դնէ նոր պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման` հանդէպ մեր ժողովուրդին:

Այս առիթով կ՛արժէ մատնանշել հետեւեալ չորս կարեւոր երեւոյթները.

Ա.- Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները` Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միակամ կերպով ներկայացան ընտրութեան, ինչ որ աւելի մեծ փաստ է միասնականութեան եւ հաւաքական յաջողութեան:

Ասիկա եկաւ ցոյց տալու, որ միայն Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգով չէ, որ միասնական ներկայացանք: Այսօր բոլորս միասին նոյն ցանկին քուէարկելով` փաստեցինք վաղեմի մեր միասնականութեան կարեւորութիւնը:

Բ.- Մեր ակումբներն ու ընտրական աւելի քան 45 կեդրոնները, հոն աշխատող պատանիները, պարմանուհիները, երիտասարդները, ուսանողները, կուսակցականներն ու համակիրները` տարբեր տարիքներու, եկան մեր կողքին կանգնելու: Աւելի քան 3000 աշխատողներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր` կողք կողքի, ձեռք ձեռքի իրարու օգնեցին մեր քուէարկողներուն ամէն տեսակ օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ մեր ցանկերը յաջողցնելու նպատակով:

Գ.- Մեր քարոզչական եւ քաղաքական մարմինները` «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ ընկերային ցանցեր իրենց թափով ու կորովով ոչ միայն լիբանանահայութիւնը, այլ սփիւռքի բոլոր գաղութները մասնակից դարձուցին մեր աշխատանքներուն, փաստը` Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի դիտորդներուն թիւի աճն է:

Դ.- Մեր նախաձեռնութեամբ Պէյրութի քաղաքապետարանի կազմին համար «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ քրիստոնեայ հակադիր ուժերը շարունակական կերպով միացնելու մեր ճիգերը, մէկ ցանկով ներկայանալու սկզբունքի որդեգրումը  եւ ձեռք բերած արդիւնքը եկան փաստելու Դաշնակցութեան հաւաքելու, համախմբելու եւ հաւաքական ուժի կարեւորութիւնը:

Այսպէս, մեր յաղթանակը մեր ժողովուրդինն է: Վա՛րձքը կատար բոլորին: Նոր պատասխանատուութեամբ, նոր յանձնառութեամբ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնման հեռանկարով` դէպի յառաջ:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Յաջորդը

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Նամականի

October 1, 2026
ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.