Անդրադարձ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէջ, որպէսզի ժողովուրդը չմոռնայ ՔՊ-ի «սխրանք»-ները եւ անոնց կերտումին մասնակիցները, զանոնք գովաբանողները, քարոզողնե՛րը: Հնարքներէն մէկը «Հանրային հեռուստակայան» կոչուող պատկերասփիւռի պատուհանին օր-աւուր օգտագործումն է` իշխանութեան անցեալի եւ շարունակուող ձախաւերութիւնները, վնասարարութիւնը քողարկելու, զանոնք իբրեւ դրական իրագործում ներկայացնելու համար: Իբրեւ «գործիք»` կը ծառայեն իշխանութեան շահակիցները (մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ) եւ դրածոյ-պաշտօնակատարները: Եւ...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ուրացման «Փափուկ» Տարբերակը` Ներքին Քաղաքականութեան Օրակարգին «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր չի գտնուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան այցելած խումբ մը թուրք լրագրողներու: Այնպէս` ինչպէս ոչ շատ հեռու անցեալին իր արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր ընդդիմադիր պատգամաւորի մը Ազգային ժողովի հարցուպատասխանի նիստի մը ընթացքին:...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Արցախում եռատօն է, հպարտութեան եւ յաղթանակի տօն: 1992-ին Շուշիի յաղթական ազատագրումով հայկական կողմը ամրագրեց իր յաղթանակը: 2020-ին, Շուշիի յանձնումով` իր պարտադրուած պարտութիւնը: Ինչպէս Շուշիի ազատագրումով արձանագրուեցին մեր հետագայ յաղթանակները, նրա կորուստով էլ արձանագրուեցին մեր հետագայ պարտութիւնները: Հայաթափուած Արցախ, անորոշութեան եւ աշխարհաքաղաքական խաղերի ճիրաններում յայտնուած ժողովրդի իրաւունք: Պաքուի բանտերում գտնուող ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարութիւն, խեղուած ճակատագրեր, անիրաւատէր եւ ապազգային իշխանութիւն: Շուշիի...

Սթափելու Ժամանակը

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանին մէջ, վարչապետը կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի նիստի ընթացքին իրեն տրուած հարցերէն վրդովուած` ջլախտաւորի մը նման բացագանչութիւններ կը կատարէ, ձեռքով մորթելու նշան կը կատարէ ու կը սպառնայ ազգային անվտանգութեան նկուղներուն մէջ արգելափակել հարցապնդող ընդդիմադիրները: Ազգային ժողովի նախագահը, որ ընդդիմադիր պատգամաւորի մը կողմէ արտասանուած իր կողմէ...

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Առանց մասնաւոր անակնկալի մը սպասումով էր, որ ստանձնեցի Սեդա Խտըշեանի «Մեր տունը» աշխատութիւնը` «աչք մը նետելու» համար անոր վրայ, քանի որ ինծի այնքան ալ անծանօթ չէր այն տունը, որուն ենթադրաբար նուիրուած էր այս ձեռագիրը: Ես զայն ճանչցած էի վաղ մանուկ հասակէս, քիչ մը բոլոր հասակակիցներուս պէս: Ան կը գտնուէր մերինին կից թաղին մէջ, հազիւ հարիւր մեթր հեռու իմ...

Թէկուզ Տկար

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Ապրիլ 24-ը օրացոյցին վրայ յիշատակելի թուական մը չէ միայն... Տարիներու թաւալումին հետ վտանգաւոր երեւոյթ մը կը զարգանայ յատկապէս սփիւռքի մէջ: Երեւոյթը այսպէս կարելի է նկարագրել. ապրիլ 24-ը խորհրդանշական կարեւոր թուական մըն է. սփիւռքեան համայնքներու կազմակերպութիւնները, լաւագոյն պարագային` ապրիլէն 1-2 ամիս առաջ, կը հաւաքուին, միասնաբար եւ յաճախ անջատաբար ձեռնարկներ կը ծրագրեն, կը կազմակերպեն, կ՛իրականացնեն ու ապա կ՛անցնին իրենց...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Ասիկա մեծատաղանդ արուեստագէտ, ազգային գործիչ Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» պատմական թատերակին վերաբերեալ ո՛չ գրախօսական մըն է, ո՛չ ալ քննադատութիւն, այլ փորձ մը` վերծանելու թաքնուած պատգամները Շանթի թատերակին: Արեւմտեան պատմիչները զայն անձնասէր եւ դրամասէր բռնակալ նկատեցին, իսկ հայ պատմիչները զայն անուանեցին հայրենասէր եւ ազատասէր հերոս: Ան իմաստուն դիւանագէտ եւ քաջ ղեկավար Օշին Պայլն է: Ան փորձեց Կիլիկիան ազատել օտար...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութիւնը տուաւ անսովոր որոշում մը` վարձակալելով ամերիկեան լոպիական ընկերութիւն` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շահերը յառաջ մղելու համար: Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ վարձակալած էր այլ լոպիական ընկերութիւն մը, բայց` միայն կարճ ժամանակով: Նման ընկերութիւններու արժէքը գնահատելու եւ ըմբռնելու չգոյութեան պատճառով Հայաստանի ղեկավարները դժկամեցան անհրաժեշտ գումարներ ներդնել նման ընկերութիւն մը վարձակալելու համար: Նոյնիսկ Միացեալ...

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն ծնած է Թուրքիա, 1889-ին: Ան ականատես եղած է թուրքերուն ձեռքով կատարուած Ատանայի ջարդերուն` 1895-ին: Ան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1898-ին եւ ապրած է Մասաչուսեց նահանգին մէջ: 1912-ին, ան եղած է առաջին հայ ուսանողուհին, որ յաճախած է Tufts համալսարանի Բժշկական դպրոցը: Ան աւարտած է Բժշկական դպրոցը 1916-ին եւ վկայուած է համապատասխան վկայականով: Վկայուելէ ետք ան...

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկու շառաչուն ապտակ ստացաւ երկու երեսներէն` իբրեւ արդիւնք Քանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Իշխանութիւնը պահող վարչապետը` ազատական Մարք Քառնի, եւ անոր մրցակիցը` պահպանողական Փիեր Փոլիեւ, գրեթէ նոյն բառերով պատգամներ ուղղեցին «նարնջագոյն մարդ»-ուն: Առաջինը յայտարարեց, որ Թրամփ կը փորձէ պառակտում ստեղծել քանատացիներուն միջեւ ու կոտրել անոնց դիմադրականութիւնը, որպէսզի տիրանայ երկրի հողին, հարստութիւններուն եւ ամէն բանի, իսկ...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Իրանը ՉԺՀ-ի համար խոշոր տարանցիկ երկիր է` Ծոցի երկրների, միջինասիական եւ հարաւկովկասեան հանրապետութիւնների հետ յարաբերութիւնների զարգացման ճանապարհին: Թեհրանը Չինաստանը  դիտում  է իբրեւ  դրամագլխի եւ արհեստագիտութիւնների ներգրաւման այլընտրանքային աղբիւր, ինչպէս նաեւ` իր ազգային շահերի պաշտպանի: Սա էականօրէն օգնում է Չինաստանին` տարածաշրջանում իր շահերն առաջ տանելու հարցում, յատկապէս` ԱՄՆ-ի հետ անխուսափելի մրցակցութեան պարունակում: Այս առնչութեամբ արդիական է մնում ՉԺՀ նախկին...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Այժմու Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին` «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբի 7 մարտ 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը (1): Հեղինակը` ռուս, Սերկէյ Մարքետոնով (2), պատմութեան դոկտ. «Յետխորհրդային պետութիւններու նոր դերը» ծրագիրի ղեկավար, MGIMO միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող եւ «Միջազգային Վերլուծաբանութիւն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրն է: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` իմ կողմէս ճշդումներով (աստղանշան* եւ շեղագիր): Նախ` Վալտայի նախաբանը. «Տարածաշրջանին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններու Դժուար Ընթացքը, Իսրայէլ Եւ Հայաստան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները այժմ կը գտնուին նոր հարցականներու առջեւ: Իրանեան կողմի մայիսի 2-ին եւ 3-ին նախատեսուած հանդիպումները մէկ կողմէ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ միւս կողմէ` ԱՄՆ-ի հետ վերջին պահուն յետաձգուեցան Ուաշինկթընէն հնչող հակասական յայտարարութիւններու պատճառով: Յստակ է, որ Իրան մեծապէս զգուշ է, որ բանակցային գործընթացը յանկարծ իր բնոյթը չփոխէ... Հարցը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Կիրակի առաւօտ էր, նստած էի հիւրասենեակի բազկաթոռին վրայ: Հանդարտութիւն կը տիրէր` տնեցիները տակաւին կը ննջէին: Պատուհանէն դուրս գեղեցիկ տեսարան մը պարզուած էր դիմացս, ընդարձակ կանաչապատ ծառաստան մը, ապա` լայն պողոտայ մը, իսկ անոր ետեւը կ՛երեւէր անծայրածիր փերուզագոյն ծովը, որ կ՛երթար հորիզոնին վերջաւորութեան միանալու երկինքի վտիտ կապոյտին: Դիւթիչ էր տեսարանը, իսկապէս հրապուրիչ: Պահուն կախարդանքը մեծ էր: Ինքնաբերաբար սուզուեցայ...

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Մայրերու օրը նուիրական տօն մըն է քաղաքակիրթ ազգերու կեանքին մէջ, որովհետեւ մայրութիւնը նուիրական կոչում մըն է: Կենդանական եւ մարդկային կեանքի մէջ մայրութիւնը գեղեցիկ հմայք մը ունի: Մայրեր իրենց մարմինը պատսպարան կը դարձնեն ծնելիք էակներուն, ծնունդ կու տան անոնց, կը գուրգուրան անոնց վրայ եւ կը խնամեն զանոնք: Սակայն հարկ է անմիջապէս հաստատել, որ մայրանալ, ծնունդ եւ...

Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը

Հերոսածին Մայրեր

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Արեւմտեան աշխարհի եւ արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, մայիսեան գարնանային արեւի շողերուն եւ Աստուածամօր նուիրուած աղօթքներուն ու ձօնուած ծաղիկներուն առընթեր, կոչուած ենք մեծարելու մեր մայրերը: Մարդկային արարածներու եւ աստուածային ստեղծագործութեան անգերազանցելի երեւոյթն է մայրութիւնը, որուն կը պարտինք մեր կեանքն ու երջանկութիւնը:  Փոխադարձաբար մեր մայրերու երջանկութիւնը իրենց աշխարհ բերած զաւակներու  բարօր կեանքի եւ յաջողութեան մէջ կը կայանայ: Աշխարհի բոլոր...

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՊՊԱ Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնս (ԱՊՊԱ) խոր կսկիծով իմացաւ, որ հինգշաբթի, 1 մայիս 2025-ին, Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ԱՊՊԱ-ի հիմնադիրներէն, ազգային բարձր գիտակցութեան տէր, չինական քոնկ ֆու մարտարուեստն ու փիլիսոփայութիւնը  իւրացուցած, միաժամանակ սերունդներու մարզական մշակ` վարպետ, ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեան: Մենք զինք ճանչցած ենք իբրեւ ընկեր Վագօ` պարկեշտ, համեստ, նուիրեալ, հաւատաւոր, մարտարուեստի մեր վարպետը: «Առողջ մարմին»,...

Ազնուահոգի Բարերարի Մը Մահը  (Ֆրանսահայ Տիգրան Ճիէրճեանի Յիշատակին)

Ազնուահոգի Բարերարի Մը Մահը (Ֆրանսահայ Տիգրան Ճիէրճեանի Յիշատակին)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Մեզմէ շատեր այն համոզումը ունին թերեւս, թէ ամէն բարերար անպայման ու ի բնէ «ազնուահոգի» կ՛ըլլայ: Կը մտածենք, որ եթէ բարերար անձը ազնիւ ու ծառայակամ չէ, կրնա՞յ բարեգործութիւններ կատարել շարունակ, կրնա՞յ անսակարկ պատրաստակամութեամբ ընդառաջել ազգային շրջանակներէ իրեն ուղղուած դիմումներու, կրնա՞յ անվարան ու անտրտունջ գոհացում տալ մեծ ու փոքր նիւթական խնդրանքներու… Անշո՛ւշտ որ բարերարութիւնը նկարագրի ազնիւ գիծ մը, հոգիի վեհանձնութիւն...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ «Սիրիական գարուն»-ը եւ չինական դիւանագիտութեան աշխուժութիւնը Թէեւ կարող է թուալ, որ Սիրիայում Չինաստանը մեծ շահեր չունի սակայն, այդ երկրում հակակառավարական շարժման սկզբից եւեթ Փեքինը յամառօրէն պնդում էր, որ նախագահ Պաշշար Ասատը պէտք չէ Արեւմուտքի հարկադրանքի տակ հրաժարուի իշխանութիւնից: Չինաստանը բազմիցս յատուկ բանագնացներ ուղարկեց տարածաշրջան` Սիրիայի եւ հարեւան պետութիւնների միջեւ բանակցութիւններ վարելու միջոցով հակամարտութեան շահագրգիռ կողմերի հետ կապերի հաստատման...

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուների Խորհրդի Անդամ Նազարէթ Սապունճեանի Ընտանիքին Ցաւով տեղեկացայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի անդամ, լիբանանահայ գործարար Նազարէթ  Սապունճեանի մահուան մասին: Շուրջ մէկ տասնամեակ լինելով հոգաբարձուների խորհրդի անդամ` Նազարէթ Սապունճեանը նշանակալի աւանդ է ունեցալ Հիմնադրամի ծրագրերի կազմակերպման եւ իրականացման գործում: Միեւնոյն ժամանակ, անգնահատելի են յայտնի գործարարի բարեգործական նախաձեռնութիւնները, որոնք լուսաւոր հետք են թողել բազմաթիւ հայորդիների կեանքում: Նազարէթ Սապունճեանի...

Page 83 of 808 1 … 82 83 84 … 808

Արխիւներ