Թրամփեան վերջնագիրի պայմանաժամը կ՛աւարտի այսօր` մայիս 12-ին:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պաշտօնապէս կը սպառնար ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել Իրանի միջուկային կառոյցներուն դէմ, եթէ Իրան մինչեւ այս թուականը համաձայնագիր ստորագրած չըլլար` հաւանութիւն տալով Միացեալ Նահանգներու նախապայմաններուն: Փաստը այն է, որ այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Եւ բանակցութիւնները կը մնան իրենց ընթացքին մէջ: Իրան շատ հեռու է ամբողջական համաձայնութիւն տուած ըլլալէ Միացեալ Նահանգներու նախապայմաններուն, իսկ Միացեալ Նահանգներ, իր կարգին, շատ հեռու է նման պատերազմական գործողութիւններու ձեռնարկելէ:
Ընդհակառակն, երէկ, Մասքաթի խօսակցութիւններու աւարտին, թէ՛ իրանեան եւ թէ՛ ամերիկեան կողմերու ներկայացուցիչները լաւատեսութեամբ եզրափակեցին աշխատանքային գործընթացը` զայն պահելով դիւանագիտական խօսոյթի սահմաններուն մէջ:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը իրական եւ շատ սուր ակնկալութիւններ կապած է բանակցութիւններու յաջորդ փուլին: Անոնք արդէն շատ կը «սիրեն» դիւանագիտական այս գործընթացը, եւ անոնցմէ ամէն մէկը համոզուած կը թուի ըլլալ, թէ գործընթացը ներկայիս կը գործէ ի նպաստ իրեն… Յամենայն դէպս պէտք է արձանագրել, որ Թրամփի նախաձեռնած բանակցային այլընտրանքը կը շարունակէ իր «յաղթարշաւ»-ը` գետնի վրայ յստակ առաւելութիւն մը ապահովելով Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան:
Զուգադիպաբար այսօր իսկ կը սկսի նախագահ Թրամփի առաքելութիւնը դէպի Արաբական թերակղզիի երկիրներ: Թրամփ պիտի այցելէ` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Առայժմ չի խօսուիր Իսրայէլ այցելելու հաւանականութեան մը մասին:
Մինչ այդ կողմերու դիւանագիտական խմբակները պէտք է պատրաստուին բանակցութիւններու յաջորդ փուլին: Բանակցութիւնները աւարտեցան մեծ հարցականի մը վրայ: Իրան պիտի կրնա՞յ պահել իւրանիոմի վերամշակման իր իրաւունքը եւ, եթէ այո, ի՞նչ չափանշային արտօնութիւններով: Իրան կը շարունակէ պնդել NPT միջազգային դաշնագրով ապահովուած իր սկզբունքային իրաւունքին վրայ, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը պահանջէ նման իրաւունքի ամբողջական լուծարումը: Հարցո՛ւմ. արդեօ՞ք կողմերը մտած են փակուղի եւ, հետեւաբար, Թրամփի նոր սպառնալիքը ռազմական գործողութիւններու դիմելու` արդեօ՞ք կրնայ շուտով իրականութիւն դառնալ: Մեծագոյն հաւանականութեամբ` ո՛չ:
Նախ` անոր համար, որ Իրան յստակօրէն տրամադրութիւն յայտնած է բանակցութեան նստելու վերամշակման կարողականութեան իր նորմերը վերանայելու: Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու բանագնացը` Ուիթքոֆ, տրամադրութիւն ցոյց կու տայ ճկունութեամբ քննելու Իրանի առաջարկը, թէեւ` առանց առայժմ զիջելու Միացեալ Նահանգներու կարմիր գիծերէն:
Ի՞նչ է հարցը, եւ ո՞ւր պէտք է փնտռել «շան գլուխը»:
Իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտները մեծ հարցի մը առջեւ կը գտնուին: Հա՛րց, որուն համար պատասխանատու է նաեւ նախագահ Թրամփի նախորդ շրջանի կառավարութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ, որ դեռ 2015-ին Իրան համաձայնագիր ստորագրած էր Արեւմուտքի երկիրներուն հետ (ներառեա՛լ Միացեալ Նահանգներու)` ընդունելով վերամշակման շատ խիստ մէկ կանոնակարգ (իւրանիոմի վերամշակման ոչ աւելի քան 3,79 տոկոս զտութեան եւ ոչ աւելի քան` 300 քիլոկրամի պահեստաւորման իրաւունքով): Կանոնակա՛րգ, որ հակառակ Իսրայէլի ժխտական վերաբերմունքին, Արեւմուտքի աչքին, կ՛ապահովէր իրանեան ծրագրի ապառազմական բնոյթը: 2018-ին, սակայն, Թրամփի որոշումով Միացեալ Նահանգներ դուրս եկաւ այս դաշնագրէն, որմէ ետք դաշնագիրը արագօրէն լուծարուեցաւ Իրանին տալով ոսկեայ պատեհութիւն մը` ազատօրէն հետապնդելու իւրանիոմի վերամշակման իր գործունէութիւնը…
Այսօր կը խօսուի այն մասին, որ դաշնագրի լուծարումէն ետք Իրան մեծ թափով ձեռնարկեց վերամշակման ծաւալուն ծրագրի մը իրագործման` ամբարելով մեծ պահեստ մը վերամշակուած իւրանիոմի (ըստ ոմանց) 60 տոկոսի զտութեան որակներով: Մե՜ծ ոստիւն մը, իրաւամբ, Իրանի միջուկային ծրագրի կենսագործման համար: IAEA-ի մասնագէտները այսօր համոզուած են, որ Իրանի այժմու շտեմարանը կրնայ դիւրաւ հնարաւոր դարձնել Իրանի միջուկային ծրագրի շուտափոյթ ռազմականացումը, նոյնիսկ եթէ այսօր Իրան նման դիտաւորութիւն չունի…
Այս պայմաններով կարելի է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՞ խաղաքարտեր կը գործեն ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին վրայ, եւ թէ` որքա՞ն մեծ է ճնշումը կողմերուն վրայ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պայմանաժամերու դիրքերէն:
Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան ներքին ոլորտի տարակարծութիւնները երբեք չեն դիւրացներ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան յառաջընթացը Օմանի մէջ: Բանակցային գործընթացը փաստօրէն քաղաքականացած է իսրայէլամէտ լոպիի բանեցուցած ուժեղ ճնշումներով: Նեթանիահուի համակրական շրջանակը շատ լայն է: Իրանեան հարցը արդէն վերածուած է երկրէն ներս թրամփեան ճակատի վարկազրկման գործիքի: Իրականութեան մէջ Թրամփ եւ Նեթանիահու կը գտնուին շատ բարդ յարաբերութեան մը մէջ: Անոնք միաժամանակ սերտ գործակիցներ եւ բուռն (թէկուզ` խուլ) հակառակորդներ են իրարու (love-hate relationship): Նեթանիահու չի կրնար ընդունիլ ստորադաս դիրքերէ գործելու կարգավիճակը, երբ հարցը կը վերաբերի Իրանի: Իսկ Թրամփ չի կրնար ընդունիլ Նեթանիահուի յաւակնութիւնները Իրանի նկատմամբ: Ոչ ալ` Նեթանիահուի գերիշխող դիրքը տարածաշրջանի քաղաքականութեան ռազմաբեմերուն վրայ: Ասոնք անհամատեղելի առաջադրութիւններ են: Այս ռազմաբեմին վրայ երկու ախոյեանի տեղ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ:
Թրամփի վերջին ելոյթներէն մէկը կը շեշտէր, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէր սպառնալիքի տակ պահել Իրանը եւ բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային պատրաստ էր ռազմական գործողութիւններու դիմելու` իր կողքին ունենալով… Իսրայէլը: Երեւութապէս իսրայէլամէտ այս արտայայտութիւնը արագ հակադարձութեան տեղի տուաւ Իսրայէլի մէջ: Նեթանիահու աճապարեց ըսելու, որ Իսրայէլ պատրաստ է անկախաբար դիմելու ռազմական գործողութիւններու` շեշտելով, որ ան ոչ ոքէ կախուած է նման քայլի դիմելու համար:
Այս բոլորէն կը հետեւի այն պարզ իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցային գործընթացը այժմ ենթակայ է բուռն «յարձակման» եւ առեւանգման… Թէ՛ Ուաշինկթընի ներքին ոլորտի կտրուածքով եւ թէ՛ տարածաշրջանային քաղաքականութեան խաղատախտակին վրայ Նեթանիահու կը գործածէ ուժեղ խաղաքարտեր` ինքզինք դնելու տիրապետող դիրքերուն վրայ: Եւ ինքնաբերաբար վարկաբեկել փորձելով Թրամփի ղեկավար հանգամանքն ու հեղինակութիւնը Իրանի բանակցութիւններու բեմին եւ տարածաշրջանի թէժ կէտերուն վրայ:
ԵՒ ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈ՛Ր: ԱՅՍ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԼԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ Է ԻՐԱՆԻՆ… ՀԱՐՑՈ՛ՒՄ. ԻՐԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՁԵՌՔՆ Է, ՈՐ Կ՛ՈՒԶԵՆ ԶՕՐԱՑՆԵԼ ԱՅՍՕՐ: Ո՞Վ Է ԻՐԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՍՈՂՈՄՈՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆԻ ԱՌԱԿԻՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԱՅՐԸ… Ո՞Վ Է ԻՐԱՆԻ ԲՆԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ ԱՅՍ ԲԱՐԴ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՄԷՋ:
Չմոռնանք, որ Նեթանիահուի ետին կը գործէ նաեւ Ալիեւ եւ իր համաշխարհային մեքենան: Կը գործեն նաեւ այլ ուժեր` այլեւայլ լծակներու օգտագործումով: Թրամփ եւ իր խմբակը պիտի կրնա՞ն հետեւողականօրէն պահպանել իրենց թաթը այս ճակատագրական գործընթացներուն վրայ:
Իսկ ո՞ւր կրնան յանգիլ փաշինեանական համակարգն ու իր «խաղաղութեան օրակարգ»-ը…
12 մայիս 2025