Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

May 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը հազիւ պաշտօն ստանձնած շփոթի մատնեց ամբողջ աշխարհը իր հապճեպ ու աննախատեսելի վարչական որոշումներով: Անօրինական գաղթականներու վտարման մասին, Կազան գրաւելու ու զայն օրինակելի զբօսավայրի վերածելու մասին, մաքսատուրքերը անհամեմատ բարձրացնելու մասին անակնկալ որոշումները ստեղծեցին համատարած մտահոգութիւն եւ գալիքի նկատմամբ անորոշութիւն: Ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային կարգուսարքը փուլ կու գայ: Որոշումներուն կ՛ընկերանար սպառնալիք, որ առարկայացաւ Եմէնի հուսիներուն դէմ ռմբակոծումներով:

Միեւնոյն ոճի անակնկալով սպառնալիքները մեղմացան կամ չքացան, ռմբակոծումները դադրեցան, եւ Իրանի առաջարկուեցաւ բանակցութիւններ սկսիլ հիւլէական հարստացման դէմ նոր համաձայնագիր կնքելու համար: Ամէնէն աւելի ցնցիչը հանդիսացաւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը դադրեցնելու նախաձեռնութիւնը: Մաքսատուրքերը բանակցութիւններով նուազեցան ու կը շարունակեն նուազիլ:

Նախագահ Թրամփ ընտրապայքար տարած էր «Նախ Ամերիկա» նշանաբանով: Աշխարհի ամենադրամատիրական երկրին համար այս նշանաբանը կը նշանակէր, որ Ամերիկան չ՛ուզեր դրամ ծախսել աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ անորոշ շահեր պաշտպանելու համար. ընդհակառակն, ուրիշներէն նիւթապէս օգտուելու համար միջոցներ ձեռնարկել: Այդ միջոցներուն հարիւրաւոր միլիառ տոլարներու տարողութիւնը տեսանելի դարձաւ Թրամփի Ծոցի երկիրներ` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան առիթով: Նախագահ Թրամփ իր նպատակը իրագործելու մտասեւեռումով նոյնիսկ տեսակցեցաւ Սուրիոյ նախկին ահաբեկիչ նախագահին հետ, գովեց զայն ու լեզուի մէկ հարուածով ջնջեց Սուրիոյ բոլոր պատժամիջոցները: Դրամատիրական ամէնէն պարզունակ սահմանումին հաւատարիմ` Ամերիկան այժմ դրամ ներածող է: Դրամ ներածելու համար անհրաժեշտ է խաղաղութիւն ունենալ, ուրեմն Ամերիկա կը փորձէ խաղաղութիւն արտածել:

Ամերիկեան նորացուած քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ ի՞նչ պիտի ընէ Իսրայէլ, ինչպէ՞ս պիտի վարուի Կազայի ու Արեւմտեան Ափի պաղեստինցիներուն, Լիբանանի ու Սուրիոյ հետ: Խուլ, բացայայտուելէ առայժմ խուսափող հակասութիւն զգալի է Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Զինուած հակամարտութիւններուն վերջ տալու ու բանակցութիւններով տարակարծութիւնները հարթելու խորհուրդը Իսրայէլ կ՛անտեսէ ու կը շարունակէ իր զինական մագլցողական քայլերը: Կը թուի, որ Ռուսիա – Ուքրանիա տագնապին աւարտէն ետք, նախագահ Թրամփ իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Մերձաւոր Արեւելքի վրայ. այդ կը թելադրէ Ծոցի երկիրներ այցելութեան առիթով Իսրայէլի անտեսումը:

Նախագահ Թրամփի արտաքին գործերու օրակարգին վրայ արդեօք կա՞յ Հարաւային Կովկասը, յատկապէս Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Այս մասին ծպտուն չկայ առայժմ: Ընտրարշաւի օրերուն որոշ նախաձեռնութիւններ մտածել տուին, որ ընտրուելու պարագային` Թրամփ պիտի օժանդակէ Հայաստանին ու հայութեան: Հայաստանէն սակայն ի՞նչ շահ կրնայ ակնկալել Ամերիկան: Ոչինչ կամ գրեթէ ոչինչ: Իսկ եթէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախատեսելի համագործակցութիւնը նախկին խորհրդային երկիրներու միջեւ հակամարտութիւնները վստահի Ռուսիոյ, Հայաստան կը յայտնուի իր իսկ լարած ծուղակին մէջ: Քաղաքականութեան մէջ բնաւ պէտք չէ փորձել փոքր երկիր մը դարձնել հակամարտող մեծ ուժերու թատերաբեմ: Այսօրուան հակամարտողները վաղը կրնան գործակիցներ դառնալ: Հայաստան կրնայ միմիայն փոխլրացնող քաղաքականութիւն վարել, ծայրայեղութիւններու չդիմել, Հայաստանի շահը ամէն բանէ վեր դասել: Ռուսասիրութիւնն ու արեւմտասիրութիւնը քաղաքական ընտրանքներ չեն, հայասիրութիւնն է միակ ընտրանքը:

Աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու շեմէն ներս ոտք կախած ենք արդէն: Նոր իրողութիւններուն կ՛ընկերանայ լաւատեսութեան ալիք մը. ի՞նչ պիտի բերէ այս ալիքը ինքնիշխանութիւն ցանկացող երկիրներուն, չենք գիտեր: Մաղթենք, որ բարին ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Հաւաքական Յաղթանակ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Այսօր Կը Սկսին Շրջաններու Աւարտականները

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Նամականի

October 1, 2026
ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.