Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ

«Աջից ձախից եկել են շատ շատերը,
Սուտ խոստումներ տուել, փոխել իրենց ուղիները,
Մեզ միացնողը եղբայրութիւնն է,
Մեր հին ընկերը Դաշնակցութիւնն է:

Մենք մեր ապագան քեզ վստահել,
Նոյն դժուար ճամբով քեզ հետ անցել,
Կողք կողքի կանգնել, քեզ հաւատացել,
Մենք քեզ ենք վստահել մեր քուէն:»

Աւարտեցան Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական երկար սպասուած ընտրութիւնները: Ընտրութիւններ, որոնք տարբեր տարբեր պատճառներով յետաձգուեցան 3 տարի: Ընտրութիւններ, որոնք ունէին իւրայատուկ նշանակութիւն տարեսկիզբէն ի վեր երկրի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն ետք: Ընտրութիւններ, որոնք թէեւ կարգ մը շրջաններու մէջ ունէին ընտանեկան մրցակցութեան վերնագիր, սակայն այլ շրջաններու մէջ կը ներկայանային որպէս սուր քաղաքական մրցակցութիւն:

Ինչպէս` այլ քաղաքական կուսակուցութիւններ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ալ մասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն` թեկնածուներ առաջադրելով, ընտրացանկեր կազմելով, ընտրացանկերու զօրակցելով եւ քուէարկութեան մասնակցելով հոն, ուր լիբանանահայութիւնը ներկայ է:

Թիւերով խօսելով` Դաշնակցութիւնը Լեռնալիբանանի մէջ առաջադրեց  քաղաքապետական խորհուրդներու անդամակցութեան 21 թեկնածուներ եւ թաղապետութեան 13 թեկնածուներ, Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` Քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան 1 թեկնածու, Պեքայի մէջ` քաղաքապետական խորհուրդ անդամակցութեան 18 թեկնածուներ եւ  թաղապետութեան 7 թեկնածուներ, իսկ Պէյրութի մէջ` Քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան 2 թեկնածուներ եւ թաղապետութեան 9 թեկնածուներ: Թեկնածուներու ընդհանուր թիւը կը կազմէր 71` քաղաքապետական խորհուրդներու անդամակցութեան 42 թեկնածուներ եւ թաղապետութեան 29 թեկնածուներ: 71 թեկնածուներէն 69 ընտրուած են`  քաղաքապետական խորհուրդներու անդամակցութեան 40 թեկնածուներ եւ թաղապետութեան 29 թեկնածուներու: Յաջողութեան տոկոսն է` 97,2 տոկոս:

Քուէատուփերու արդիւնքները եկան հաստատելու, որ Դաշնակցութիւնը յաղթեց:

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ իր թեկնածուներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընտրուեցաւ:

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք լիբանանահայութեան մեծագոյն ներկայացուցիչն է:

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ Այնճարի հայութիւնը հերթական անգամ իր բացարձակ վստահութիւնը վերահաստատեց Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն նկատմամբ, որոնք ընտրուած նկատուեցան առ ի չգոյէ մրցակից ցանկերու կամ թեկնածուներու:

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ Պուրճ Համուտի հայութիւնն ալ իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն նկատմամբ: Քաղաքապետական խորհուրդը ընտրուած նկատուեցաւ առ ի չգոյէ մրցակից ցանկերու կամ թեկնածուներու, իսկ թաղապետութեան թեկնածուները ընտրուեցան` ստանալով քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (մօտաւոր 3000 քուէի տարբերութեամբ):

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ յաջողեցաւ ոչ միայն հայկական շրջաններու մէջ իր թեկնածուներու ընտրութիւնը ապահովել, այլեւ աւելի նուազ հայկական քաղաքներու մէջ իր թեկնածուներուն յաղթանակ ապահովել տեղւոյն քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցելով:

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ հակառակ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ծայր առած ընդհանրապէս հակակուսակցական պայքարի եւ մասնաւորապէս հակադաշնակցական արշաւին, անգամ մը եւս փաստեց, որ կը մնայ իր ժողովուրդին իսկական եւ անշահախնդիր ներկայացուցիչը: Լիբանանահայութիւն փաստեց, որ գիտէ զանազանել մնայունը գնայունէն, գիտէ զանազանել ճիշդը սխալէն եւ սուտն ու կեղծիքը` իրականութենէն:

Դաշնակցութիւնը յաղթեց, որովհետեւ փաստեց, որ հիմնական քաղաքական ուժ է Լիբանանի եւ Պէյրութի մէջ: Արդարեւ, ան յաջողեցաւ իր նախաձեռնութեամբ գոյացնել քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու միաւորում, որպէսզի կրօնական եւ դաւանական հաւասարակշռութիւնը պահպանուի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Այդ նախաձեռնութիւնը իր արդիւնքը տուաւ` շնորհիւ երկու շաբթուան ընթացքին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու շարքի մը, այդ բոլոր ուժերը համաձայնութեան հասան եւ ընտրութիւններու ներկայացան միասնական մէկ ցանկով: Այս հաւասարակշռութեան պահպանումը քաղաքական շատ մեծ նշանակութիւն ունի երկրի համայքային դրութեան մէջ:

Վերջապէս, պէտք է հաստատել, որ Դաշնակցութեան այս յաղթանակը չէր իրականանար առանց Դաշնակցութեան կամաւոր համակիրներու փաղանգին, որ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին, գիշերը ցերեկին խառնելով, իրականացուց նախապատրաստական աշխատանքները եւ ընտրութեան օրը, առաւօտեան  կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր եղաւ պատնէշի վրայ: Բնականաբար հսկայական ներդրում ունեցան` մեր ընկերուհիները եւ ընկերները, պատանիները, երիտասարդները եւ ուսանողները, որոնց անսակարկ նուիրումին եւ պարտականութեան հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութեան արդիւնքը եղաւ բոլորին յաղթանակը: Դաշնակցութեան ընտրամեքենայի աշխատանքը իրաւամբ բնորոշուեցաւ որպէս «մեղուափեթակ»-ի աշխատանք:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հաւաքական Յաղթանակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
ՎԱԽ
Անդրադարձ

Amor Mundi – Կեանքի Սէրը

Մայիս 20, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?