Անդրադարձ

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ Հեռո՛ւ մեզմէ ազգայնամոլութեան կամ ազգային նեղմտութեան ու սահմանափակութեան ամէն տրամադրութիւն: Եւ թող ոչ ոք փորձուի այս իմաստով պաղապուր դասատուութեան ելլելու հայ ժողովուրդին, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան, գերազանցօրէն աշխարհաքաղաքացիական ու անհատապաշտականութեան այս դարուն: Նոր սերունդներու, նորահաս հայ երիտասարդութեան ազգային առողջ ու ամուր դաստիարակութիւնը հիմնական, նոյնիսկ ռազմագիտական խոր նշանակութիւն ունի յատկապէս մեր ժամանակներուն, երբ դրամատիրական եւ գաղափարախօսական զոյգ աշխարհակալութիւնները հաւասարապէս, թէեւ...

Հարկ Է Գո՛րծնապէս Նեցուկ Կանգնիլ Մեր Մտաւորականներուն

Հարկ Է Գո՛րծնապէս Նեցուկ Կանգնիլ Մեր Մտաւորականներուն

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին` արտասանուած Հայ գիրքի 36-րդ ցուցահանդէսի բացման առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ին: 24 ապրիլ 1915… Սկիզբ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան: Հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը ծրագրող ցեղասպան թուրքը քաջ գիտէր, թէ ազգ մը բնաջնջելու առաջին եւ ամէնէն ազդու միջոցը անոր մտաւորական դասակարգին չէզոքացումն էր: 23- 24 ապրիլ լուսցող գիշերուան...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Ո՞վ Պէտք Է Պահանջէ Հայկական Տարածքները Թուրքիայէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Նոր տեղեկացայ Սերժ Սարգսեանի խիստ հետաքրքրական հարցազրոյցին մասին, որ ան տուած էր թրքական «Հիւրրիյեթ» թերթի լրագրող Ճանսու Չամլիպելին, 2015 թ. ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ: Յօդուածը թաղուած էր լրատուական հեղեղի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  ոգեկոչման ձեռնարկներու օրերուն: Ահա` կարեւոր հատուածներ նախագահ Սարգսեանի ընդարձակ հարցազրոյցէն, որ հրապարակուած է «Թըրքիշ Տէյլի Նիւզ»-ի մէջ` «Հիւրրիյեթ»...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Զարգացող Լեզուն

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Մարդկային լեզուն կենդանի է եւ, ինչպէս մարդը,  ան  անընդհատ զարգացման ու փոփոխութեան ենթակայ է: Մինչեւ 19-րդ դար, երբ լեզուաբանութիւնը  տակաւին չէր ձեւաւորուած իբրեւ ինքնուրոյն գիտութիւն, կարգ մը լեզուաբաններու քով կ՛իշխէ՛ր այն սխալ կարծիքը, թէ լեզուի իւրաքանչիւր փոփոխութիւն անոր աղաւաղումն ու փճացումն է: Արդի լեզուաբանութեան հիմնադիրները հասան այն եզրակացութեան, որ լեզուի իւրաքանչիւր փոփոխութիւն կարեւոր է` որպէս անոր պատմական զարգացման...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Տարօրինակ, Բայց Իրաւ. Սուլթան Համիտի Անձնական Գանձերուն Հայ Վերակացուները

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Վերնագիրս շատերու համար խորթ կրնայ թուիլ: Հարիւր հազարաւոր հայեր ջարդող «Կարմիր սուլթան»-ին գանձերուն վերակացուները հայե՞ր էին... Այո՛, միայն ու բացառաբա՛ր հայեր: Ապտիւլ Համիտ, ինչպէս ծանօթ է, Օսմանեան կայսրութիւնը ղեկավարեց լման 32 տարի, 1876-1908, բռնատիրական, լրտեսական եւ արիւնռուշտ վարչակարգի մը բոլոր ստորոգելիներով: Հայերս որքա՜ն տառապեցանք այդ չարաշուք երեք տասնամեակներուն ընթացքին: 1894-96 Արեւմտահայաստանի համատարած ջարդերը, որոնք խլեցին 300 հազար հայերու...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Կաթիլ Մը Հայրենաշինութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երեւանեան գեղեցիկ գիշեր մը ականատես կ՛ըլլանք, առաջին ակնարկով  պարզ թուող, սակայն յուսատու, գօտեպնդիչ, իմաստալից եւ հայ երիտասարդին ազգային քաղաքացիական դաստիարակութեան մակարդակին վերաբերող երկու հակասական երեւոյթներու: Նստած ենք Թումանեան եւ Աբովեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ գտնուող սրճարանի մը բացօթեայ, մայթը եզերող, անկիւնի սեղանի մը շուրջ, ինքնաշարժներու եւ անցորդներու երթեւեկը համակարգող ճանապարհային լոյսերու սիւնին դիմաց: Ակամայ կը դիտենք անցորդները` ընդհանրապէս երիտասարդներ,...

Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» Թատերախումբը Վաղը Կը Բեմականացնէ «Կարմիր Ժամուց»-ը

Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» Թատերախումբը Վաղը Կը Բեմականացնէ «Կարմիր Ժամուց»-ը

Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը բեմադրէ եւ կը ներկայացնէ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը (ազգային կեանքէ առնուած): Վիպակին բեմականացումը կատարած է բեմադրիչը: Տեղի պիտի ունենայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, միայն մէկ ելոյթով, մասնակցութեամբ 12 դերակատար-դերակատարուհիներու: Արփիարեանի այս գործը ինքնօգնութեան եւ ինքնապահպանումի, զարթնումի եւ զգաստութեան շեփոր է: Հարուստ` գաղափարներով, պատգամներով...

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութիւն կը կոչուի այդ կազմակերպութիւնը, որ արի արանց գործերով լեցուց մեր նորագոյն պատմութիւնը, իրաւամբ ու արժանաւորապէս դարձաւ ազգակերտ ու հայրենակերտ կուսակցութիւն: Առաջին հերթին վերափոխեց հայ հոգին, ազգային գիտակցութեամբ լուսաւորեց ու կենսաւորեց հայ մարդուն ներաշխարհը, զայն վերադարձնելով իր ցեղային ակունքներուն եւ վերազինելով իր տոհմային անկորնչելի առաքելութիւններով: Վերակերտեց յեղափոխական հայը, գերութեան ծանրակուռ շղթաները փշրեց հայ հոգիներուն մէջ, նախ հոգեպէս...

Մերձեցումի Կարելին Ու Անկարելին.  Լեզուաբանական- Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր

Հին, Բայց Ապրող Հրատարակութեան Մը Առթիւ. Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ Կամ Ա. Աշխարհամարտի Արեւելեան Ճակատը Եւ Հայ Գողգոթան Պատմաքաղաքական Վէպի Մը Լայն Պաստառին Վրայ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Լեւոն Մեսրոպի այս գործը, պատմաքաղաքական վէպ` որուն առաջին էջերը պիտի բանաք, անմիջականօրէն կը դնէ քանի մը հարցեր, կապուած` մտքի ամենատարրական գործունէութեան ու մշակոյթի: Պատմաքաղաքական վէպ. այսի՞նքն: Ի՞նչ է այսպիսի գործի մը տեղը, իմաստը: Ինչո՞ւ յանձնարարել անոր ընթերցումը, ի՞նչ արժէքը ու արժանիքի յղուելով: Միանուագ պատասխանելու համար անմիջապէս ըսեմ. այս վէպը չի պատկանիր «լուրջ», «ծանր» գրական գործերու շարքին: Գործերու որոնց...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Հին Ու Նոր Կենցաղ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամիսը անգամ մը նոյն տարիքի եւ ծննդավայրի բարեկամներու եւ ընկերներու հետ մեզմէ մէկուն տան մէջ քանի մը ժամերու համրանքով երեկոյ մը զոյգերով միասին անցընելը, իրարու մօտ գալը թէեւ գեղեցիկ սովորութիւն, նոյնիսկ աւանդութիւն դարձուցած էինք, սակայն տարիէ մը աւելի էր, որ թերացած էինք: Անկասկած, որ իւրաքանչիւրս իր արդարացուցիչ պատճառները ունէր կամ ունենալու էր: Անհանգստութիւն, տուն, բժիշկ, թոռնիկ, հարս, տղայ....

Վեհոգի Հայը Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը  (Վաղամեռիկ Սարգիս Մկրտիչեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Վեհոգի Հայը Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը (Վաղամեռիկ Սարգիս Մկրտիչեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

«Ինչ փոյթ կեանքին մեռնող, Երբոր երազը կ՛ապրի, Երբոր երազը անմահ է»: ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը ծնին անձեր, որոնք իրենց կարճ, սակայն խօսուն կեանքով յստակ պատգամ մը կը փոխանցեն: Արդեօք Աստուծոյ նախախնամութի՞ւնն էր, որ այսպիսի տիպարներ, մարդկային արժէքներով օժտուած մարդիկ վաղաժամ մեկնին այս կեանքէն` իրենց ետին ձգելով թերաւարտ երազներ եւ բազմաթիւ հարցականներ կեանքի փիլիսոփայութեան վերաբերեալ: Տարօրինակ, սակայն բացարձակ իրականութիւն...

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

30-Ամեակ` Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ Հին ու ծանօթ խօսք է.- Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի: Մեզի համար ալ միակ պայմանադրական տուեալը այս է ահա, - ամէն ուղի, ամէն միջոց պէտք է մեզ առաջնորդէ Հայ դատի լուծման: Եւ նուիրական են այն բոլոր ուղիները, որ մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի մե՛ր Հռոմը: Իսկ այս ճանապարհին վրայ աջ կամ ահեակ ամէն խոտորում մերժելի է պարզապէս: Մերժելի է, որովհետեւ...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն . Եւ Փրկեա Զմեզ Ի Կալանքներէ (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Յիշեցնեմ, որ նախորդ նամակով պատմած էի, թէ դրամատուն այցելութեան ընթացքին տեղեկացած էի, որ հաշիւներուս վրայ 45 հազար դրամի չափով կալանք կայ դրուած, որովհետեւ չէի վճարած ինքնաշարժի խախտումներու տուգանքները: Երկու տարի առաջ ինքնաշարժս վաճառած էի եւ զարմանալի էր, որ 4 խախտում արձանագրուած էր անունիս: Յաջորդ օը 4 նամակ ստացայ ԴԱՀԿ-էն (Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութիւն): Նամակներուն մէջ կը նշուէին խախտումներու...

Քիւրտ Պատմաբանը  Քիւրտ-Հայկական  Յարաբերութիւնների  Բարդ Հանգոյցի Ընկերային-Տնտեսական, Ազգային Եւ Կրօնական    Բաղադրատարրերի  Մասին

Քիւրտ Պատմաբանը Քիւրտ-Հայկական Յարաբերութիւնների Բարդ Հանգոյցի Ընկերային-Տնտեսական, Ազգային Եւ Կրօնական Բաղադրատարրերի Մասին

ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈԼԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Քիւրտ-հայկական յարաբերութիւնները ներկայացնում են մի  վերին աստիճանի  բարդ հանգոյց, որը պահանջում է համակողմանի քննարկում` հաշուի առնելով  բոլոր հանգամանքները: Դա խիստ անհրաժեշտ է  Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացուած  Հայոց ցեղասպանութեան  բոլոր գործօնների, այդ թուում եւ քրտական, հաշուի առնելու  եւ պարզաբանելու տեսանկիւնից: Մանաւանդ այժմ, երբ համաշխարհային մակարդակով նշւում է քսաներորդ դարի առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցը: Այդ առումով գիտական մեծ հետաքրքրութիւն է...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հայկազեան Բառարան

Շաւարշ Նարդունիին Անոր նման որ զեխ, շռայլ կեանքէ մը վերջ, Խոնջ` կ՛երազէ ապաստանիլ վանք մը խաղաղ, Ես` լքելով աշխարհն անհուն գիրքերուս պերճ, Մատեաններ ճոխ, մտածումի թռիչք ու խաղ, Կը մտնեմ ներս բառարանէն Հայկազեան հին, Հին ու մաշած նման մեր հին հայ աշխարհին: Սերունդներու ձեռքն է դպեր անոր, անցեր, Ձգեր արնոտ տառեր, թիւեր - Ջարդ, մահ ու գաղթ: Կողքին մեռած հա՛յրս...

Նշմար.  Զուգահեռներ

Նշմար. Զուգահեռներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 15 յուլիս 2015-ին հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող «Տարուլհիլաֆէ» թրքերէն կայքը սպառնալիքներ տարածած է Թուրքիոյ հասցէին: Այդ յարձակումէն 6 օր ետք` 21 յուլիսին Սուրուճի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուց Արաբ Բունարի մէջ մարդասիրական կամաւոր աշխատանք տանելու համար հաւաքուած քիւրտեր եւ Թուրքիոյ մէջ քրտական քաղաքական շարժումին համակիր աշխարհիկ ու ձախակողմեան թուրքեր: Արձանագրուած զոհերուն թիւն էր 32: Օգոստոսի վերջաւորութեան ՏԱՀԵՇ-ի`...

Ակնարկ.  Թուրքիոյ  Սուրիականացման  Տեսանելիութիւնը

Ակնարկ. Թուրքիոյ Սուրիականացման Տեսանելիութիւնը

Քրտական շրջանակներու դէմ իրականացուած պայթումին պատասխանատուները մատնացոյց ընելով, թրքական կառավարութիւնը մեղադրանքները հասցէագրեց ՏԱՀԵՇ-ին, ՔԱԿ-ին եւ ծայրայեղ ձախակողմեաններուն: Կառավարամէտ շրջանակներ պայթումին նպատակը կեդրոնացուցին թուրք ժողովուրդի մասնատման նպատակին վրայ: Մասնատում բառը շատ սկսած է հոլովուիլ թրքական կառավարական շրջանակներուն կողմէ: Յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին միջազգային շրջանակներու կողմէ Թուրքիոյ մասնատումին առաջադրուիլը ուղղակի ամբաստանութիւն էր, հնչած` նախագահ Էրտողանի կողմէ: Հիմա եթէ փորձենք պահել յայտարարութիւններու հետեւողականութեան քաղաքական...

Մտորումներ` Քաղաքացիական  Շարժումին Գործելակերպէն  Ներշնչուած

Մտորումներ` Քաղաքացիական Շարժումին Գործելակերպէն Ներշնչուած

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Վերջերս, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` օգոստոս ամսուան ընթացքին եւ յատկապէս նոյն ամսուան 22-ին, քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող զանազան խմբաւորումներ, ինչպէս` «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Փոփոխութեան սեմին», «Ժողովուրդը կը պահանջէ», «Երիտասարդներ ընդդէմ վարչակարգին», «Աքքարը աղբանոց չէ», «Նաամէի աղբանոցի փակման արշաւ», «Օգոստոս 29», «Դէպի փողոց» եւ այլ անուանումներ կրող արշաւներ ուղղուեցան դէպի փողոց` դէպի Դրամատուներու փողոց, Ռիատ Սոլհ հրապարակ եւ...

Նամականի

Նամականի

Պատուարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Քանի մը օրեր առաջ, բջիջային հեռախօսիս վրայ սկսաւ գործել «Ազդակ»-ի արագ լուրերու կարելիութիւնը: Մեծ հաճոյք է հայոց լեզուով, վայրկեանը վայրկեանին, մեր ձեռքին մէջ ունենալ համաշխարհային, շրջանային թէ ազգային այժմէական լուրերը: Անշուշտ նոյնքան արդիական եւ օգտակար է թերթիդ վերջին նորամուծութիւնը` բջիջային «Այ ֆոն» եւ «Անտրոյիտ» համակարգերով գործող սարքերու յատուկ ծրագիրը: Կը շնորհաւորեմ բոլորդ այս յառաջընթաց քայլերուն առիթով:...

Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…

Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ                 Սուրեշը կու գայ Հնդկաստանէն: Ան քսաներկու տարեկան երիտասարդ մըն է: Հազիւ կրցած է յաճախել դպրոց, ստանալ քիչ մը ուսում եւ սորվիլ իր մայրենի լեզուն` գրել եւ կարդալ: Սուրեշը, բոլորին նման, ինքն ալ ունի կեանքի մէջ բաղձալի եւ իրագործելի երազներ... Անցեալ փետրուարին ամուսնացած է եւ սկսած է կազմել տուն եւ...

Page 745 of 806 1 … 744 745 746 … 806

Արխիւներ