ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
ՀՅ Դաշնակցութիւն կը կոչուի այդ կազմակերպութիւնը, որ արի արանց գործերով լեցուց մեր նորագոյն պատմութիւնը, իրաւամբ ու արժանաւորապէս դարձաւ ազգակերտ ու հայրենակերտ կուսակցութիւն:
Առաջին հերթին վերափոխեց հայ հոգին, ազգային գիտակցութեամբ լուսաւորեց ու կենսաւորեց հայ մարդուն ներաշխարհը, զայն վերադարձնելով իր ցեղային ակունքներուն եւ վերազինելով իր տոհմային անկորնչելի առաքելութիւններով:
Վերակերտեց յեղափոխական հայը, գերութեան ծանրակուռ շղթաները փշրեց հայ հոգիներուն մէջ, նախ հոգեպէս ազատագրեց հայ մարդը, ազատագրեց հայ միտքը եւ հայոց պատմութիւնը դրաւ իր բնականոն հունին մէջ:
Ապա վերակերտեց ազգայնական հայը, մէկ հայրենիքի, մէկ ազգի, մէկ լեզուի, մէկ մշակոյթի գաղափարականով, վերստեղծելով հայ ազգային, լեզուական, մշակութային ու քաղաքական միասնականութիւնը:
Այնուհետեւ վերակերտեց քաղաքական հայութիւնը, որուն նշանաբանը եղաւ ազատ ու անկախ հայրենիքի եւ լիիրաւ ու ինքնիշխան հայ պետութեան վերստեղծումը:
Հայութեան վերադարձուց իր բարոյական, ազգային, մշակութային ու քաղաքական դիմագիծը, նկարագի՛րը: Վերադարձուց Հայաստանը հայութեան եւ հայութիւնը` Հայաստանի, որոնք երկուքով մի են եւ իրենց միութեանը մէջ միայն անխորտակելի:
Մէկ ոստումով` միջնադարեան խաւարէն 20-րդ դար փոխադրեց ճղակոտոր հայութիւնը, աստիճանաբար փարատելով անոր բոլոր բարդոյթները եւ, իբրեւ պետական ազգ, զայն վերստին իր առաքելութեան արձակելով: