Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Կաթիլ Մը Հայրենաշինութիւն

October 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Երեւանեան գեղեցիկ գիշեր մը ականատես կ՛ըլլանք, առաջին ակնարկով  պարզ թուող, սակայն յուսատու, գօտեպնդիչ, իմաստալից եւ հայ երիտասարդին ազգային քաղաքացիական դաստիարակութեան մակարդակին վերաբերող երկու հակասական երեւոյթներու:

Նստած ենք Թումանեան եւ Աբովեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ գտնուող սրճարանի մը բացօթեայ, մայթը եզերող, անկիւնի սեղանի մը շուրջ, ինքնաշարժներու եւ անցորդներու երթեւեկը համակարգող ճանապարհային լոյսերու սիւնին դիմաց: Ակամայ կը դիտենք անցորդները` ընդհանրապէս երիտասարդներ, որոնց շարքին նկատառելի թիւով երիտասարդ մայրեր` մանուկի կառքերով, երեւութապէս յայտնի եւ ոչ այդքան յայտնի զբօսաշրջիկներ, դանդաղ եւ արագ քալող մարդիկ, եւ հակառակ գիշերուան ուշ ժամուն, աշխուժ եւ գրեթէ խճողուած երթեւեկ: Երկրագունդի վրայ քիչ են այն քաղաքները, որ Երեւանի կեդրոնին նման, գիշերուան ուշ ժամերուն, մարդիկ, եւ մանաւանդ` երիտասարդուհիներ, առանձին, կամ փոքր խումբերով կը շրջագային ապահով ու անվտանգ:

Այս հաճելի մթնոլորտին մէջ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն խումբ մը երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք կը սպասեն մեր մօտ գտնուող անցորդներու յատուկ լոյսին քով, որպէսզի անցնին ճամբուն դիմացի կողմը: Ափսոս որ բաւարար արագութիւնը չունեցայ նկարելու եղելութիւնը եւ կանխատեսել պատահելիքը: Երիտասարդներէն մին, որ կը ծխէր ծխախոտի կճատը առանց մարելու նետեց անկիւնը գտնուող աղբամանին մօտ, գետինը: Իրեն ընկերակցող երիտասարդուհիներէն մին տեսնելով պատահարը, սաստեց երիտասարդը` պահանջելով, որ վերցնէ կճատը եւ մարելէ ետք զետեղէ աղբամանին մէջ: Երիտասարդը ձեռքի եւ ուսի անհոգ շարժումով մը անարգեց ընկերուհին, որ կրկին սաստելէ ետք երիտասարդին, ծռեցաւ, վերցուց ծխախոտի կճատը, եւ մարելէ ետք զետեղեց աղբամանին մէջ` շարունակելով բարկացկոտ խօսակցութիւնը:

Ահա օրինակելի, հայրենասէր, յանձնառու, գիտակից, շինարար, հաստատամիտ, պարտաճանաչ, սաստող, ուղղող դաստիարակը, տիպար քաղաքացին, հայը:

Մաքրութիւնը, մաքրասիրութիւնը ինքնանպատակ չէ՛ պարզապէս բծախնդիր հիւանդագին կոկիկութեան մը սիրոյն: Մաքրասիրութիւնը վարքագիծ է, կեանքի ուղի է, կարգ ու կանոն է, կազմակերպուածութիւն է, առաքինութիւն է, առողջութիւն է, օրինապահութիւն է, յարգանք է նոյն միջավայրը գործածող միւս քաղաքացիին եւ ընտանիքի անդամին հանդէպ, հայրենիքին հանդէպ: Մաքրասիրութիւնը բնական է, լաւատեսութիւն է, կառուցող է, պայծառ միտք եւ յառաջդիմութիւն է:

Թումանեան Աբովեան խաչմերուկը եւ աղբամանը
Թումանեան Աբովեան խաչմերուկը եւ աղբամանը

Միւս կողմէ, աղտոտութիւնը եւ թափթփածութիւնը, նաեւ վարքագիծ է եւ կեանքի ուղի, անհոգութեան, անփթութեան, անկարգապահութեան, օրինազանցութեան, անպարտաճանաչութեան,  անկազմակերպուածութեան, յոռետեսութեան, եւ հիւանդութեան ցուցանիշ: Կարելի չէ փողոցը ըլլալ աղտոտ, բայց տան մէջ, գործի մէջ, մաքուր եւ կազմակերպ: Կրնայ ըլլալ, որ ոմանց համար անհեթեթութիւն է ծխախոտի մը փոքր կճատի մասին այսքան խօսիլ, սակայն մաքրասիրութիւնը չունի աստիճանաւորում` քիչ մաքուր, միջակ մաքուր կամ շատ մաքուր: Կեղտոտելու այս յոռի վարքագիծը նկատելի է զանազան վայրերու մէջ եւ, դժբախտաբար, որքան հեռանանք Երեւանի կեդրոնէն, մանաւանդ դէպի հարաւ, նկատելի է թափթփածութիւն եւ թերի մաքրութիւն եւ խնամք:

Բծախնդիր եւ խստապահանջ վարքագիծ կը պահանջուի մեր առօրեայ կեանքի մեծ ու փոքր գործունէութեան մէջ: Այս երիտասարդուհիին գործելաոճով անպայման պիտի կարենանք դիմադրել հայրենաշինութեան դէմ կանգնող անհոգութեան, անտարբերութեան, յուսալքումի, պարտուողական եւ ոչ կառուցողական  հոգեվիճակին եւ մտածելակերպին դէմ:

28 օգոստոս 2015

Երեւան

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմանները» Նիւթով

Յաջորդը

Տարօրինակ, Բայց Իրաւ. Սուլթան Համիտի Անձնական Գանձերուն Հայ Վերակացուները

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.