Նշմար. Բարեփոխումի «Պայծառ» Գաղափար Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը մշակէ բարեփոխումներու թղթածրար մը, որ կը պարունակէ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն ուղղուած որոշ զիջումներ, որոնց շարքին` պիտի վերցուի Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը տարին մէկ անգամ` եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին կատարելու սահմանափակումը եւ կարելի պիտի ըլլայ այլ առիթներով եւս պատարագ մատուցել, սակայն դարձեալ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան...




















