Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածատուր Մեր Մայրերուն Ու Հայրերուն` «Փառք Ի Բարձունս»

January 25, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ահեղ է ու հիանալի` թափը հզօր ալիքներուն յարձակումին, վերադարձին,  վերածնող ու արշաւող , մեծածաւալ սպիտակ ու լուսապայծառ ծովակոյտին փշրանքներուն պայթիւնները` աւազներուն վրան ափին:

Այս հանդէսին հոգեպարար հոգիներէն սքանչացեր փխրուն մարդիկն ի՞նչ են  սորվեր յաջորդական սերունդներէն Կենաց Հացէն, Տիրոջ խօսքէն, սննդարար  պատգամներէն, Աստուածաշունչ Սուրբ Մատեանէն, կամ Քուրանէն, ի՞նչ են սորվեր:

Մարդասէր մեր հայրապետաց, մայրապետաց, մարգարէից, վարդապետաց, մոլլաներուն քարոզներէն բան չե՞ն սորվեր…: Դեռ երէկ էր, Հալէպ էինք  Հայաստանէն վերադարձին.

– Երազատես թագուհին եմ ես այս բերդին,- աղջիկս ըսաւ:

Իրիկունը մօրաքրոջս աղջկան հետ կը ճաշէինք, լուսազարդեալ կանաչագոյն   մզկիթներու աշտարակի գագաթներէն փայլատակեց, ազդարարեց, տարածուեցաւ, հռչակուեցաւ` հին քաղաքի ժողովուրդին «Աստուածն Է մեծ»:

Հետաքրքիր ու զարմացած եկած կանչէն կանաչազարդ մզկիթներու երգչախումբէն` աղջիկս հարցուց, «Այս ի՞նչ կ՛ընեն»:

– Աղօթքն է այս իսլամութեան հաւատացող ժողովուրդին:

– Ողջ աշխարհի մարդոց համա՞ր ալ կ՛աղօթէ այս քաղաքը:

Բայց եւ այնպէս ո՞ւր ցնդեցան սրտէն բղխած աղօթքները: Եկեղեցեաց զանգակատանց ղօղանջները մեղմացած են, մզկիթներուն աշտարակները պայթած են  ու այրուած, հոգիներուն սննդարար Կենաց Հացն է կողոպտուած:

Ի՞նչ է եղած Արեւելքի, Ափրիկէի, իւղն ու ոսկին, տէ՞ր են փոխեր շէնքը, արծաթն, ցորեն, գարին, անճրկած է անտիրական, սարսափահար ժողովուրդը սնանկացած, անխղճացած սուգի մէջ է ճակատագրէն:

Վտարուած են իրենց սարքած տուներէն ու խանութներէն, հողէն, երկրէն հազարաւոր սուրիացիներ, իրաքցիներ, ասդին անդին կը թափառին վրաններուն անապատին, կամ նաւերուն կամրջակին` սոված, ծարաւ, հիւանդ, տկար:

Լքուած, անտէր գաղթականներն ուժասպառ են, շունչ կը փչեն, ծով կը նետուին,  կը խեղդուին կամ կ՛ազատին օտարութեան` սիրտը կտրած ափն են ելած նաւահանգիստէն խաղաղած` ոտք կը դնեն ու նոր յոյսեր, ծրագիրներ կը յղանան:

Իշխանութիւնք եւ զօրութիւնք մտահոգ են, չեն հասկնար, գաղթականաց անակնկալ արշաւանքը: Ֆրանչիսկոս պապն եկեր ` Եւրոպայի խորհրդարան, կը պատգամէ` զէնք չծախէք, Միջերկրական ծովը հսկայ գերեզմաննոց չդարձնէք:

Պատերազմներն ու թշնամեաց յարձակումներն օր մը կու գան, յետոյ կ՛երթան.  թշուառական ու անտունի մարդ արարածն անզօր է ու սէր կը խնդրէ, մանկան  նման, մօրն ու հօրը, քոյր եղբօրը կարօտովը Տիրոջ փրկչին կ՛ապաւինի:

Տէր Աստուծոյն խրատներուն, շնորհքներուն ու հարց կու տայ` օ՞դն են ցնդած  մեր հայցուածքը, կամ` սատանա՞ն է գրաւած: Աղօթասաց հոգիները,  անմահութեան հաւատացող Տապանին մէջ կ՛օրհնաբանեն «Փառք ի բարձունս»:

Նիս

 

 

Նախորդը

Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի (1926-2015)

Յաջորդը

Հայ Կինը` Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը Հարցազրոյց` Բազմավաստակ Սոնա Զէյթլեանի Հետ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.