Ակնարկ. «Լիբանանեան Արտադրութեան» Ակնկալութիւններով
Քաղաքական երկրաշարժի մթնոլորտ ու տպաւորութիւն ձգող զօրավար Միշել Աունի առաջադրումը Լիբանանեան ուժերու ղեկավարին կողմէ անպայման յանկարծակիութեան գործօնով չի բացատրուիր: Այլ խօսքով, յայտարարութիւններու ճամբով որոշակիօրէն նախանշուած էր այս առաջադրումը, որ քանի մը խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ: Նախքան հանրապետութեան նախագահի աթոռին երկարատեւ թափուր մնալու երեւոյթին վերջ տալու միտող այս քայլի վերլուծման անցնիլը մտաբերենք, որ նախ եւ առաջ քրիստոնեայ ճակատի միաւորման աննախադէպ քայլ...



















