Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Բարեփոխումի «Պայծառ» Գաղափար Մը

Յունուար 25, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_012416

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը մշակէ բարեփոխումներու թղթածրար մը, որ կը պարունակէ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն ուղղուած որոշ զիջումներ, որոնց շարքին` պիտի վերցուի Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը տարին մէկ անգամ` եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին կատարելու սահմանափակումը եւ կարելի պիտի ըլլայ այլ առիթներով եւս պատարագ մատուցել, սակայն դարձեալ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ:

Վա՜յ այն մանուկին, որ այսպիսի «զիջումներով» կ՛ուրախանայ: Կատարուած «բարեփոխումը» ձեւական ու անարժէք է, որովհետեւ խնդրայարոյցը արտօնութիւն առնելու երեւոյթն է եւ ոչ թէ` այդտեղ մատուցուած պատարագներուն թիւը: Օսմանեան կայսրութենէն եւ անոր իրաւայաջորդ Թուրքիոյ Հանրապետութենէն դարեր առաջ կառուցուած այդ եկեղեցին կը պատկանի հայ ժողովուրդին, եւ վերջինս այդտեղ պատարագ կամ կրօնական որեւէ արարողութիւն կատարելու համար պէտք չէ արտօնութեան կարիք ունենայ: Արտօնութեան կարիքը ծնունդ կ՛առնէ այդ ազգապատկան կառոյցին բռնագրաւուած ըլլալու իրողութենէն: Իսկական բարեփոխումը այդ կալուածը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելն ու կրօնական արարողութեանց դիմաց ծառացած արտօնութեան նախապայմանը ջնջելն է:

Բռնագրաւումի «արդար իրաւունք»-էն կատարուած այդ ձեւական «զիջում»-ը աւելի քան բարացուցական է եւ կ՛արտացոլէ Թուրքիոյ իսկական պատկերը, որովհետեւ այդ միջնադարեան իրաւունքը գոյութիւն չունի 21-րդ դարու իրաւական դաշտին մէջ:

Նախքան այս «աւետիս»-ին հրապարակումը հաղորդուած էր, որ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին մէջ գլխաւոր խորհրդական նշանակուած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախկին երեսփոխան, պատմաբան Սէյիթ Սերթչելիք, որ կը հաղորդուի, թէ հայկական հարցերու մասնագէտ է: Ուստի վերոնշեալ «բարեփոխում»-ը հաւանաբար վերջինիս մտայղացումն է: Ան թերեւս կը սպասէր, որ հայկական կողմը այս առաջարկուած եւ տակաւին չգործադրուած «բարեփոխում»-ը դիմաւորէ հրավառութիւններով, սակայն… Մենք վստահ ենք, որ ան յառաջիկային եւս պիտի յղանայ այսպիսի «պայծառ» գաղափարներ, որոնք եւս ծնելէ առաջ պիտի մահանան:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Դաշինքը

Յաջորդը

Հայաստանի Նոր Սահմանադրութիւնն Այլեւս Իրողութիւն Է.

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?