Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փունջ Մը Ծաղիկ` Ազգային Բարերար Յովհաննէս Մանուկեանի` Ալագեազի Շիրիմին

January 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

manoukian_012316«Մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ եղան անձեր, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու հաւատարմութեամբ ծառայեցին մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ, ոմանք իրենց հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, ուրիշներ նիւթական բարերարութեամբ, իսկ ուրիշներ` իրենց արիւնը թափելով, ու դարձան սուրբեր, հերոսներ, անանձնական ծառայութեամբ իրենց մեծութիւնը կերտած բարերարներ ու անմահներ:

Պատմութեան փոշիներուն մէջ կը կորսուին անոնք, որոնք միա՛յն ունենալու համար պայքարած են: Պատմութեան մայր էջին վրայ կը մնան միա՛յն անոնք, որոնք տուած են, ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման ու յաւերժացման եւ սրբազան նպատակներու ու վեհ իտէալներու իրականացման: Ա՛յս կը վկայէ պատմութիւնը»:

Արամ Ա. կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
1 յունուար 2016
Անթիլիաս, Լիբանան

Արամ Ա. կաթողիկոս 2016-ը յայտարարած է «Ծառայութեան տարի» ու այս գծով իր փոխանցած համահայկական բնոյթի պատգամին մէջ, կոչ կ՛ուղղէ` ի միջի այլոց, «գնահատելու գաղութին ծառայութիւն մատուցած ազգայինները»` ընդգծելով, որ իրենց ազգօգուտ ծառայութեամբ յատկանշուած հայորդիներ դարձան սուրբեր, հերոսներ, բարերարներ ու անմահներ: Վեհափառ հօր յայտարարած այս «բանաւոր շքանշան»-ներէն կ՛արժէ անդրադառնալ «բարերար» տիտղոսին, որուն արդիւնաւէտ գործունէութեան ծով կարիքը կայ այսօր գաղութահայ իրականութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Ի վերջոյ ո՞վ է ազգին բարերարը, եթէ ոչ ան, որ իր երկարամեայ ճակտի քրտինքին արգասիքը եղող նիւթական ունեցուածքն ու կարելիութիւնները անսակարկօրէն կը նուիրէ ի սպաս իր գաղութին, իր ժողովուրդին,իր ազգին:

Վեհափառ հօր մատնանշած նուիրեալներէն էր ազգային բարերար, բանաստեղծ Ալագեազ, բուն անունով` Յովհաննէս Մանուկ Մանուկեան, որ խորապէս ազդուելով 1915-ին թուրքին գործած Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Մանուկեան ընտանիքի միակ զաւկին` իր հօր, Մանուկին ապրած դառն ողբերգութենէն, վճռած էր հայը իր հայութենէն մերկացնել փորձած թուրքին այդ չարիքին հակադարձել` ինքզինք կերտելով որպէս ազգասէր ու ծառայասէր հայորդի: Նոյն այդ վճռակամութեամբ ան յաջողած էր կերտել իր հայեցի բոյնը եւ օտար ափերու վրայ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել իր չորս մանչերուն: Թէեւ ան երկու տարիէ հեռացած է մեզմէ, սակայն անոր ազգօգուտ գործունէութեան թարմ յիշատակը կենարար աւիշի նման կը շարունակէ խթանել իր հարազատները` հետեւելու իր ուղիին եւ շարունակելու անոր նուիրեալ առաքելութիւնը: Արդարեւ, Ճեմարանի Աղբալեաններու եւ Շանթերու ազգաշունչ գօտեպնդուած այս մեծոգի հայորդին իր բնակավայրին` Կլենտէյլի հայօճախին մատուցած նիւթական թէ այլ ծառայութեանց կողքին չվարանեցաւ իր «լումա»-ն նուիրաբերել նաեւ իր հայրենիքին, այդպիսով կիրարկելով Նիկոլ Աղբալեանի կտակ-պատգամը, թէ` «Պիտի գայ օրը, երբ Ճեմարանէն ձեր առածը պիտի տանիք Հայաստան»: «Յովհաննէս Մանուկեան մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը հաւատաց, որ կրնայ անձնական մասնակցութեամբ, Հայաստանի հողին վրայ ներկայութեամբ իր նպաստը բերել հայրենակերտումի սրբազան առաքելութեան», շեշտած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Նարեկ արք. Ալիեմէզեան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահի բացման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, 8 յունուար, 2014-ին: Նմանապէս` կը մէջբերեմ լոռեցի հայրենակիցի մը օրհնութեան խօսքը` Յովհաննէս Մանուկեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առած` հայրենի «հետք» թերթին  մէջ (https://hetq.am/arm/news/18560) Սոնա Աւագեանի ստորագրած յօդուածին առիթով.-

«Օրհնուի քո ողջ գերդաստանը, պարոն Մանուկեան, քո հոգու կորովն ու քո հայրենասիրութիւնը բարձր են ամէն բամբասանքից ու չարակամութիւնից: Քեզ նման անհատներն են յոյս ներշնչում, որ դեռ ամէն ինչ կորած չէ. ձեզ երկար և առողջ օրեր»:

Լոռեցի    

20 սեպտեմբերի, 2012

Յովհաննէս Մանուկեան փոքր տարիքէն իր մէջ կուտակած էր նաեւ գրական, քերթողական հակումներ, որոնք հետագային դրսեւորուեցան իր գրութիւններուն մէջ: Հայերէնով եւ ֆրանսերէնով ստորագրած իր չորս քերթողական հատորներուն մէջ յատկանշական է «Ցօղեր ու Ցոլքեր» խորագրեալ իր բանաստեղծական հատորը, լոյս տեսած Լոս Անճելըսի մէջ, 1991-ին: 270 էջերէ բաղկացած այդ հատորին մէջ ամփոփուած են բանաստեղծ Ալագեազի ներաշխարհը ցոլացնող զգացումները` հայկական, ազգային թէ մարդկային երեւոյթներու վերաբերող:

Ստորեւ, հատուածներ` իր զաւակներուն հասցէագրած «Պանդուխտ հօր պատգամը» խորագրեալ բանաստեղծութենէն.-

Տղաս, կը մեծնաս օտար ափերուն,
Ու կը տիրանաս օտար բարքերուն.
Այս ովկիանոսը անսահման անեզր`
Կուլ կու տայ քեզի, կը տանի յաւերժ:

Թող քու բազուկները ըլլան երկաթէ,
Ու կուրծքդ փարթամ Հայկի պողպատէ,
Այնպէս պաշտպանուիր մարմնով ու մտքով,
Որ թուրք թշնամին քեզ չտապալէ:

Գիտցի՛ր, որ հայ ես ու հայ կը մնաս,
Ամէնէն առաջ սորվիր քու լեզուն,
Ապա լեզուներ, ապա գիտութիւն,
Ու գիտութեամբ ընկճէ թշնամին:

8 սեպտեմբեր, 1983

 

Սիրելի՛ Ալագեազ, թող այս գրութիւնս ըլլայ փունջ մը ծաղիկ, քո հեռաւոր ու անթառամ շիրիմիդ:

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Նախորդը

Երիտասարդներու Սիրոյ Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս Զօրավարը

Յաջորդը

Վիգէն Աւագեանի Խօսքը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութեան, Դամասկոսի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.