Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Յուսալով Ողջախոհութեան Արտացոլումը

January 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_012216

25-29 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը: 26 յունուարին վեհաժողովին մէջ կը նախատեսուի քննարկել բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպըրթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միւս բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ Պոսնիոյ ներկայացուցիչ Միլիցա Մարքովիչի` «Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» զեկուցումները, որոնք ոչ միայն հակահայ են, այլ նաեւ դէմ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին:

Իրողութիւն մը, որուն լոյսին տակ Եւրոպական խորհրդարանը ԵԽԽՎ-ին կոչ ուղղեց` իր բանաձեւերուն մէջ համահունչ ըլլալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, իսկ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին ընթացքին Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նախագահող Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քոենտերս վերահաստատեց իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:

Յստակ է, որ Եւրոպական Միութեան անդրազգային կառոյցները կը զօրակցին Մինսքի խմբակի ձեւաչափին: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւրոպական կրկնօրինակը եղող ԵԽԽՎ-ի կեցուածքը, որուն ճամբով երեւան պիտի ելլեն այն երկիրները, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար դէմ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին, այլ խօսքով` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, կամ ալ առնուազն ազրպէյճանամէտ են:

Վերոնշեալ բանաձեւերը եւ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը ականահարելու Ազրպէյճանի շարունակական ջանքերը չեն կրնար ուշադրութենէ վրիպիլ եւ դժգոհութիւն չպատճառել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներուն ու Ֆրանսայի: Այդ մասին կը վկայէ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ԵԽԽՎ-ի մէջ խնդրայարոյց բանաձեւերու քննարկման վերաբերեալ հրապարակած այն յայտարարութիւնը, որ կը շեշտէ, թէ Մինսքի խմբակը ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի միակ ընդունելի ձեւաչափն է, եւ իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք հաւատարիմ են խնդիրի խաղաղ լուծման: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի կողքին անոնք եւս քուլիսներու ետին աշխատանք կը տանին ձախողութեան մատնելու այդ խնդրայարոյց բանաձեւերը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը միայն բարձր մակարդակի վրայ` յանձինս արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ձեռնարկած շրջապտոյտին ճամբով աշխատանքի լծուած չէ, աշխատանք կը տանին նաեւ հանրապետութեան դեսպանատուները: 20 յունուարին վերջիններուս կայքերուն ազրպէյճանցի կայքահէններու կողմէ յարձակումի ենթարկուիլը կու գայ վկայելու այդ աշխատանքին ու հակառակորդ կողմին մօտ ատոր յառաջացուցած դժգոհութեան մասին: Հայաստան 19 յունուարին ՄԱԿ-ի մօտ իր մնայուն դեսպան Զոհրապ Մնացականեանի ճամբով եւս ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց մերժելու Մինսքի խմբակի ջանքերը խաթարելու Ազրպէյճանի փորձերը: Պետական մակարդակի վրայ կատարուող այս մեծ աշխատանքին կողքին աշխատանքի լծուած են նաեւ Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերը:

Կը մնայ սպասել եւ տեսնել այդ աշխատանքներուն արդիւնքը` յուսալով, որ ողջախոհութիւնը ԵԽԽՎ-ի անդամ երեսփոխաններուն մտքին ու հոգիին տիրելով` կ՛արտացոլայ քուէարկութեան արդիւնքին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Վիգէն Աւագեանի Խօսքը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութեան, Դամասկոսի Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի Տունը»

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.