Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի (1926-2015)

Յունուար 25, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Khrakhouni_0125162015-ի նոյեմբերի վերջին շաբաթուան մէջ իր մահկանացուն կնքեց պոլսահայ հանրածանօթ ուսուցիչ-բանաստեղծ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ քերթողութեան նահապետներէն Զարեհ Խրախունին: Բուն անունով` Արթօ Ճիւմպիւշեան ծնած Պոլիս, 1926-ին: Մեկնելով իր մականունը հայացնելու մտադրութենէն (ճիւմպիւշ թրքերէն լեզուով կը նշանակէ ուրախութիւն, խրախճանք) զայն վերածած էր Խրախունիի:

Կենսագրական այս համառօտ տողերուն կողքին պարզապէս կ՛ուզենք յիշեցնել նաեւ, թէ իր կարեւոր գործերէն են` «Քար-կաթիլներ», «Ես եւ ուրիշներ», «Լուսնապարտէզ», «Ստուեր եւ արձագանգ», «Տօնակարգ», «Սրտի խօսք»:

Ամբողջ իր կեանքի ընթացքին, շնորհիւ իր հմուտ գրիչին, ան ստացած էր բազմաթիւ մրցանակներ եւ շքանշաններ: Այսպէս` Համազգայինի «Անահիտ» գրական մրցանակ, ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան մշակութային հիմնադրամի մրցանակ, Ֆրանսահայ գրողներու «էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» գրական մրցանակ, «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակ, Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի» պետական շքանշան եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան Ա. կարգի շքանշան:

Սակայն ո՞վ է այս հայը, որ 1948-ին, հազիւ 22 տարեկանին, հայ գրականութեան անդաստանին մէջ պաշտօնապէս մուտք կը գործէր` Պոլսոյ «Սան» գրական ամսագիրի անդրանիկ թիւին մէջ ստորագրելով «Յաղթականը» խորագրեալ երկար քերթուած մը: Զարեհ Խրախունի`

մեծ բանաստեղծ մը, որ տասնամեակներու երկայնքին շարունակ զգալի դարձուցած էր իր ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ` իրերայաջորդ կերպով ընթերցողին մատուցելով տասնհինգ ու աւելի քերթողագիրքեր` միշտ թարմ, վերանորոգ ու վեհիմաստ բովանդակութեամբ, ինչպէս որ կը վկայեն շատեր: Ան արդէն 1950-էն սկսեալ մամուլին մէջ լոյս ընծայած էր իր վերլուծական ու մշակութային հարցերու մեկնաբանութեան նուիրուած մեծաթիւ ուսումնասիրութիւնները, նշմարները, քրոնիկներն ու թարգմանական էջերը` լեզուական ու ոճային աչքի զարնող բարձրամակարդակ յատկանիշներով:

Ուսուցիչ, մամուլի նուիրեալ եւ բանաստեղծ այս հայը, որ կատարած էր նաեւ մեծ թիւով թարգմանութիւններ, կը պատկանէր Պոլսոյ Մխիթարեան այն սերունդին, որ ի յայտ եկաւ յետ Համաշխարհային Բ. պատերազմին: Մէկ խօսքով, Խրախունի կը նկատուի անմիջական սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը, որ իր քերթողական մարզէն ներս նորարարութեամբ դարձաւ աչքառու:

Պէտք է նաեւ մասնայատուկ նշել, որ ան մեծ էր այս նորագոյներուն մէջ, իր տաղանդով, որակի հարստութեամբ եւ գրական դատաստանին եւ արուեստին իր յատուկ պաշտամունքով:

Ոեւէ գրագէտի կամ բանաստեղծի կեանքին ծանօթանալու համար պայման է նախ կարդալ եւ կամ մօտէն ծանօթանալ անոր գործերուն: Նման մարդիկ կեանք չունին, իրենց կեանքը իրենց գրիչէն հոսող եւ բխող աղաղակներն են, որոնք համ եւ հոտ ունին, եւ որոնք միաժամանակ կը դառնան իրենց կեանքի հայելին:

Անոր համար է, որ Զարեհ Խրախունի` քերթողական հատորներու տէր այս մեծատաղանդ բանաստեղծը մեր անմիջական գրականութեան մէջ նոր ակօս մը բացած ըլլալու հպարտանք կը ներշնչէ: Իր հրամցուցած բոլոր տողերը ընթերցողին կ՛ընծայեն համոզում եւ վստահութիւն: Հոգեկան իր լուռ տագնապները զինաթափ կ՛ընեն ընթերցողը:

Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ քերթողական իր տողերուն մէջ շարուած բառերը կեանքէն բխած են: Մէկ խօսքով, կեանքով լեցուն են` առանց անձնական եսի: Կրկնութեան գնով նաեւ կ՛ուզենք աւելցնել, որ ան միշտ հաղորդ մնալով մարդկային ընկերութեան` նուաճած էր քերթողական որակ մը, որ իբրեւ նորոյթ անզուգական էր իր օրերուն:

Միւս կողմէ` Խրախունի պաշտելու աստիճան սիրած էր բնութիւնը: Անոր համար իր ստեղծագործական արարքը գերազանցապէս իմացական էր: Միշտ գրած էր եւ միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ դաստիարակած`  նոր սերունդի զաւակները: Իր տարրերը հաւաքած էր արտաքին աշխարհէն եւ զանոնք յանձնած` ներքին մղումներուն: Այս բոլորը, որովհետեւ, իր իսկ վկայութեամբ, ինք հետեւած էր առարկայական խորհրդապաշտութեան:

Զարեհ Խրախունի բոլորիս համար է եւ պիտի մնայ այն հայ մտաւորականը, որ մասնակից եղած էր Պոլսոյ գրական-մշակութային եռուզեռին: Այս բոլորը նշմարելի են

իր հրամցուցած գրախօսականներու ընդմէջէն: Իր բոլոր գրութիւնները գրեթէ  ջախջախիչ տոկոսով կ՛առնչուին պոլսահայ գրողներու եւ գրականութեան: Շունչ կայ իր  բառերուն եւ տողերուն մէջ: Հանդարտ անկեղծութիւն: Վարպետօրէն հոգեկան գիծեր գծած է, որոնք մեր սիրտն ու ուղեղը տեսակ մը բոյրով կը գրաւեն անմիջապէս: Ան անկասկած այն քիչերէն է, որ համարձակօրէն իր բանաստեղծութիւնը խառնած է իրականութեան:

Բանաստեղծութիւնն ալ մարդոց նման ոչ միայն ունի ճակտի գիր, այլ նաեւ` ոճի տաղանդ: Իր մահով պոլսահայ գրականութիւնը կամ սփիւռքահայ եւ, աւելի ճիշդ, հայ գրականութիւնը ձեւով մը ոչ թէ ամայացաւ, այլ մեծ եւ անփոխարինելի բաց մը արձանագրեց:

Ուստի հարկ է միայն ուշադիր կարդալ նաեւ այս յօդուածի կողքին տեղադրուած Խրախունիի քերթուածներէն օրինակ մը` «Այս ծառը սուրբ» խորագրով, որ իբրեւ իր գրիչէն ծորող ճաշակ, արդէն ընթերցողը կ՛ունենայ յստակ եւ յատուկ պատկերացում մը անոր բանաստեղծի տաղանդին, աշխարհի բացուելու իր կիրքին, արեւմտահայերէնի հանդէպ ունեցած եւ որդեգրած լեզուի բծախնդրութեան, բանաստեղծական նորարութեան շարժումի իր առաջնորդ հսկայութեան, իր ստեղծագործ մտքին եւ վաւերական քերթողի տիտղոսին:

Հանգիստ իր ոսկորներուն:

 

ԱՅՍ ԾԱՌԸ ՍՈՒՐԲ

Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի` առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…

Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…

Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ- ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կուգան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…

Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս:

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

Նախորդը

100 Տարի Անց. Հայաստանը Եւ Թուրքիան 2015-ին

Յաջորդը

Աստուածատուր Մեր Մայրերուն Ու Հայրերուն` «Փառք Ի Բարձունս»

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?