Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն . Պիտի Կարենա՞նք Հաւատարիմ Մնալ Մեր Խղճի Ձայնին

January 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

raffidoudaklian1Ամանորէն առաջ տեղացած ձիւնն ու ցուրտ եղանակը հայրենաբնակ մեր հայրենակիցներուն համար այդքան ալ բարենպաստ չեղան: Ցուրտին հետ Հայաստան ժամանեց նաեւ խոզի կրիփը, ծանօթ` Էյչ. Ուան Էն. Ուան անունով: Այս վարակը կը տարածուի ահաւոր մեծ արագութեամբ ու թէեւ մահացու չէ եւ չի տարբերիր մնացեալ կրիփային հիւանդութիւններէն, այսուհանդերձ, անիկա կրնայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, եթէ անոր առաջքը չառնուի եւ համապատասխան խնամք չտրամադրուի հիւանդներուն: Ցայսօր 12 քաղաքացիներ մահացած են խոզի կրիփով վարակուելէ ետք: Մահացածներէն շատեր արդէն իսկ ունեցած են այլ հիւանդութիւններ (սիրտի տկարութիւն, քաղցկեղ եւ այլն), եւ այդ իսկ պատճառով իրենց թոյլ մարմինը չէ կարողացած պայքարիլ այս նոր հիւանդութեան դէմ:

Հիւանդանոցները լեփ լեցուն են եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ ժամանակացոյցով` կանխելու համար որեւէ վտանգաւոր համաճարակ: Կրթութեան նախարարութեան հրամանով դպրոցներն ալ փակ կը մնան:

Այս օրերուն, շատերու նման, ես ալ կը խուսափիմ անտեղի շրջապտոյտներէ եւ ընկերային շփումներէ եւ ժամանակիս մեծ մասը կ՛անցընեմ տան մէջ` կարդալով կամ ժապաւէնները դիտելով: Առիթէն օգտուելով` որոշեցի անգամ մը եւս կարդալ ընթերցողներուն ինծի ուղարկած նամակները եւ անդրադառնալ անոնց արծարծած հարցերուն: Նամակագիրներէն շատեր քաջալերական եւ գնահատանքի խօսքեր կ՛ուղղեն ինծի, բազմաթիւ ուրիշներ կը քննադատեն զիս: Շնորհակալ եմ բոլորին` թէ՛ գնահատողներուն, թէ՛ քննադատողներուն: Քննադատողները զիս կը մեղադրեն Հայաստանը շատ բացասական, կամ հակառակը` շատ դրական ներկայացնելու համար, ուրիշներ դէմ կ՛արտայայտուին իմ կատարած քաղաքական վերլուծումներուն: Շատեր իշխանութիւններուն կամ քաղաքական ուժերուն ուղղուած քննադատութեան խօսքերս արդար չեն համարեր, իսկ ոմանք զիս բաւականին մեղմ ու չափաւոր կը համարեն եւ կը թելադրեն բուռն եւ անխնայ ըլլալ: Դարձեալ շնորհակալութիւն` բոլոր խրատներուն եւ թելադրանքներուն համար:

Այս առաւօտ, երբ կը մտածէի այս հարցերուն մասին ու միաժամանակ կը հետեւէի ընկերներուս դիմատետրեան գրառումներուն, աչքիս զարկաւ Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերին հետեւեալ միտքը, զոր ընկերներէս մէկը տեղատրած էր իր էջին վրայ.

«Կու գայ ժամանակ, երբ մարդ պէտք է ունենայ այնպիսի դիրքորոշում, որ ո՛չ անվտանգ է, ո՛չ քաղաքականօրէն ճիշդ, ո՛չ ալ ժողովրդահաճոյ: բայց այդ դիրքորոշումը պէտք է որդեգրէ, որովհետեւ իր խիղճը կ՛ըսէ, թէ ա՛յդ է ճիշդը»:

Այս միտքերը կարդալով` անդրադարձայ, որ անոնք որքա՜ն կը վերաբերին նաեւ մեզի` հայկական իրադարձութիւններուն մասին գրող կամ արտայայտուող անհատներուն: Հայաստանէն Հայաստանի մասին գրելը դժուար եւ պատասխանատու գործ է: Ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը բարդ են, եւ անոնց ներկայացման ու արծարծման ընթացքին դժուար է ըլլալ անաչառ, առարկայական, ճշմարտախօս եւ անկողմնակալ: Դիւրինը ժողովրդահաճոյ խօսքեր բարձրաձայնելն է, ամբոխավար խօսքեր արտայայտելը, երկրի եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան սխալներուն կեցցէներով արձագանգելը, կամ` անոնց հաճոյանալը, մարդոց սիրածը կրկնելն ու չսիրածը թաքցնելը…

Ընթերցողներուն ես չեմ կրնար խոստանալ բացարձակ ճշմարտութիւն եւ իրավիճակներու անսխալ, առարկայական եւ անաչառ ներկայացում: Կրնամ խոստանալ միայն մէկ բան` նախ եւ առաջ հաւատարիմ մնալ խիղճին, նոյնիսկ եթէ անկէ բխող բառերը անվտանգ չեն, ժողովրդահաճոյ չեն ու քաղաքականօրէն ճիշդ դիրքորոշում չեն համարուիր:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Օտար Համալսարաններու Աստուածաբանութեան Ուսանողներ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.