Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիւլպէնկեան» Հաստատութեան Հայկական Բաժանմունքին Կոչը

Յունուար 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

CGF_2016

Հայոց Լեզուն Թուայնացման Շրջանին
Բարեփոխել Հայոց Լեզուն`
Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Եւ
Հաղորդակցութեան Նոր Միջոցներով

Յունիս 2015-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքը եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծագործական կեդրոնը Երեւանի մէջ միասնաբար կազմակերպեցին աշխատանոց մը` քննարկելու համար հայոց լեզուի հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները` տեղեկատուական արհեստագիտութեան խաչմերուկին: Հրաւիրուած 30 փորձագէտները անդրադարձան հայոց լեզուի եւ տեղեկատուական նոր միջոցներու միջեւ բացուած վիհին եւ յստակ առաջարկներ ներկայացուցին, որպէսզի կարելի ըլլայ թուայնացման այս շրջանին զարգացնել մեր մայրենին: Այս հաւաքը նաեւ սկիզբ մը հանդիսացաւ համալսարանական լայն շրջանակներու եւ մասնագէտներու` ճշդելու համար հիմնական ծրագիրներ եւ անոնց գանձատրման աղբիւրները:

Այս աշխատանոցին կը մասնակցէին լեզուագէտներ, արհեստագիտութեան եւ տեղեկատուութեան մասնագէտներ, գրողներ, դասախօսներ, տառատեսակներու ծրագրաւորողներ, հրատարակիչներ, որոնք կը ներկայացնէին թէ՛ արեւմտահայերէնին եւ թէ՛ արեւելահայերէնին, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան տիրապետող լայն շրջանակ մը: Քննարկումները յանգեցան առանցքային վեց ոլորտներու, որոնց ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել եւ բարեփոխել մշակուած նախագիծերը: Նշեալ վեց մարզերէն նախապատուութիւն կ՛ընծայուի 2016-ին պիւտճէ յատկացնելու հետեւեալ երեքին.-

1.- Ծրագիր(ներ), որ(ոնք) կը վերաբերի արհեստագիտական բաժնին: Ստեղծել արեւմտահայերէնի ազգային մարմին (corpus national) մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ զարգացնել արեմտահայերէնով համընդհանուր ուղղագրական սրբագրիչ մը, ինչպէս նաեւ` լեզուագիտական այլ սարքեր, որոնք կրնան օգտագործուիլ թուայնացման զանազան հարթակներու վրայ: Ան պէտք է ընդգրկէ բաղադրիչներ, որ(ոնք) կրնան օգտագործուիլ զանազան ծրագիրներու մէջ:

2.- Ծրագիր(ներ), որ(ոնք) կը վերաբերի լեզուական եւ դաստիարակչական մարզին: Զարգացնել զանազան թուայնական եւ ներգործական (interactives) աղբիւրներ, որոնք պիտի ծառայեն արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն լեզուներու ուսուցման, յատկապէս` սփիւռքի տարածքին:

3.- Ծրագիր(ներ), որ(ոնք) կը վերաբերի բովանդակութեան շերտին: Յառաջացնել բովանդակութեան առցանց գրականութեան միջոց մը եւ խրախուսել զանազան հրատարակութիւններ` արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով:

Յառաջիկային մշակուելիք երկու այլ մարզերը կը վերաբերին պատանիներու համար հայերէն գիրքերու որակեալ թարգմանութեան, ուր գոյութիւն ունեցող եւ գործածուող համակարգերու մէջ անհասանելի են հայկական տառատեսակները,  եւ ուր բացակայ են նաեւ հայկական տիպերու յղացողները:

Իսկ աշխատանոցին մէջ քննարկուող վերջին եւ վեցերորդ մարզը կը վերաբերի կառավարման յանձնախումբի մը ստեղծման, որ պիտի գործէ որպէս համակարգող մարմին` լուծելու համար այն բոլոր հարցերը, որոնք կը վերաբերին հայոց լեզուին եւ թուայնացման համարկումին: Այս խումբը կեանքի պիտի կոչուի թեկնածուներու դիմումները քննարկելէ ետք, որեւէ շահագործումէ խուսափելու համար:

Կը յուսանք, որ այս կոչով հետաքրքրուողները կը ներկայացնեն իրենց առաջարկները վերոնշեալ երեք հիմնախնդիրներուն շուրջ: Հայկական համայնքներու բաժինը կը հայթայթէ սկզբնական հիմնադրամը եւ իր գործընկերներու նիւթական օժանդակութեան կը դիմէ աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործելու նպատակով:

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է զարգացնել թուայնացման նորարարական արտադրանքը երկարատեւ դրութեամբ, որպէսզի հայ նոր սերունդը, ի մասնաւորի` սփիւռքի մէջ, թուայնացման միջավայրի մէջ հայերէնով ստեղծագործէ եւ աշխատի:

Նախորդը

Առողջապահական. Ձմրան Ինչպէ՞ս Ամբողջացնել Տէ. Կենսանիւթի Պակասը

Յաջորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?