Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փետրուարեան Ցուրտ Օր Մը…

Մարտ 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Փետրուարի ամէնէն ցուրտ օրերէն մէկն էր: Ինքնամոռաց կը դիտէի տեղատարափ անձրեւը պատշգամէն: Ակնթարթի մը մէջ փողոցը ամայացաւ, ամէն ոք անկիւն մը քաշուած` կը սպասէր զայրացող երկինքին հանդարտելուն: Ցուիքներէն ջուրը ջրվէժներ կազմած` կը հոսէր փողոց, ուր մայթին հաւասարելով` կը պատրաստուէր այցելել խանութները, որոնց տէրերը սրտապատառ կ՛աղօթէին, որ ջուրը վերջ տար անախորժ խաղին ու հեռանար: Խե՜ղճ ջուր, ճամբայ մըն ալ չունի, որ հեզասահ հասնի հող: Այստեղ մարդիկ օտարի պէս կը վարուին անձրեւին հետ, կը վախնան անկէ, մինչ ան մեր մանկութեան սիրելի խաղընկերն էր:

Միջերկրականի բարձունքներէն մէկուն վրայ բազմած` գիւղիս անձրեւը կը սկսիմ մտաբերել իսկոյն: Անձրեւէն գոյացած հեղեղը կէս շրջանակներ կազմելով` ազատ-անկախ կը թաւալէր ճամբուն լայնքին ու երկայնքին, մինչեւ հասնէր յարմար տեղ մը, թեքուէր մէկ կողմ եւ սկսէր հողոտ ճանապարհի իր ընթացքը մինչեւ խանտակ, ապա միանար Հիւսիսային մեծ գետին:

Պատուհանին դիմաց կանգնած` հազիւ նկատէինք, որ անձրեւը մեղմացաւ, կամացուկ մը դուռէն դուրս կը սպրդէինք եւ ուղղակի` ճամբայ: Հոսող ջուրին ընկերանալով` կը քալէինք. երբ նշմարէինք, թէ քար մը կամ թումբ մը փակած էր ջուրին ընթացքը, մեր ձեռքերով կը վերցնէինք քարը, հաւաքուած տերեւները, կը մաքրէինք ճամբան, որ ջուրը հանգիստ շարունակէ իր ընթացքը: Եւ այսպէս ժամերով ջուրին ու հողին հետ խօսելով, մեր պզտիկ խելքով` բարիք ընելով ջուրին, մեր գլուխէն մինչեւ կօշիկները ցեխ, գոհունակ կը վերադառնայինք տուն`  այս անգամ պատրաստուելով տեղատարափ յանդիմանութեան: Սա մեր մանկութեան զուարճանալի ժամանցներէն մէկն էր: Գիւղին մէջ կը մեծնայինք հողին, ջուրին ու հովին հետ խաղալով: Բնութեան բոլոր տարերքները մեր ընկերներն էին` հարազատ ու սիրելի:

Կրկին փետրուար էր: Մեր գիւղի ամէնէն ցուրտ օրերէն մէկը: Ամայի ճամբան կայինք մենք երկուքով, մեր հովանոցը եւ մեզի ուղեկցող անձրեւը: Կը քալէինք չորսով` անհոգ ու հանդարտ: Ի՜նչ փոյթ, որ օրը փոթորկոտ էր, երբ երջանիկ էինք մենք: Ի՜նչ փոյթ մեր վերարկուները կը խմէին անձրեւին ջուրը, երբ չորս ձեռքով պինդ բռնած հովանոց մը ունէինք` մեր պատանի զոյգ գլուխները պատսպարող: Ո՛չ անձրեւին սաստկութիւնը կը մտահոգէր մեզ, ո՛չ ալ մինչեւ ծունկ թրջուած հագուստներուն պաղութիւնը կը զգայինք: Մեր անսահման ուրախութիւնը գարնանային առտուան մը ջերմութիւնը ունէր: Այնուամենայնիւ, աննպատակ չէր մեր արշաւը: Փետրուարեան ապստամբութեան նուիրուած պատանեկան երեկոյթի մը ներկայ ըլլալու համար ելած էինք ճամբայ: Ինքնաշարժները այնքան ալ կարեւոր չէին մեր աշխարհին մէջ: Մարդ քալելով ալ կրնայ տեղ հասնիլ, եթէ կամենայ: Այն օրերուն մարդիկ աւելի շատ կամեցող էին: Մօտենալու վրայ էինք որոշուած վայրը, երբ մեր չորսին միացան ուրիշներ, որոնք նոյն նպատակով ճամբայ ելած էին: Բոլորին մէջ մենք էինք եզակին մեր մէկ հովանոցով ու չորս ձեռքերով: Արդէն անցեր է երկու տասնամեակ, եւ ես չեմ յիշեր, թէ մեր թաց հագուստները չորցուցի՞նք այն գիշեր, թէ՞ ոչ, չեմ յիշեր նաեւ, թէ վառարան մը տեղադրուա՞ծ էր մէկ անկիւնը, բայց լաւ կը յիշեմ Փետրուարեան ապստամբութեան մասին տրուած օրուան պատգամը մեր երէց ընկերոջ կողմէ. այո՛, բառացիօրէն կը յիշեմ… քանզի բոլորս յափշտակուած կ՛ունկնդրէինք մեր պատմութեան դասերը: Երեկոյթը աւարտին հասաւ, ու մենք վերադարձանք մեր տուները, բայց այս անգամ գինեգոյն շատ լայն ինքնաշարժով մը, որուն մէջ տեղաւորուեցանք ճիշդ 12 հոգիով…

Ընդամէնը երկու տասնամեակ առաջ… արդիականութեան հրաշքները չկային, այլ կար հաճելի ու պարզ իրականութիւն մը, որմէ ոչ ոք դժգոհ էր, ոչ ոք անտարբեր…ոչ ոք դժկամ…

Այս պահուն, հեռու աշխարհի մը մէջ, երկու տասնամեակ առաջ փետրուարեան այն ցուրտ օրուան չորսով կատարած մեր ճանապարհորդութեան ջերմութիւնը կը զգամ…

 

 

Նախորդը

«Ո՛չ Փող Զարկինք, Ո՛չ Արձագանգ Եռնասոյզ…» (Մոսիկ Տէր Կարապետեան Եւ Հրայր Եարտըմեան)

Յաջորդը

Իրան. Վստահութեան Քուէն Արժեւորելու Ժամանակը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?