Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլինի Պալատին Մէջ Հազարաւոր Հիւրեր Մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յատուկ Ծրագիրին

Մարտ 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մոսկուայի Քրեմլինի Մեծ պալատի Գէորգիեւեան դահլիճին մէջ 27 փետրուարին տեղի ունեցաւ «Արմէնիա» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան 10-րդ ամէնամեայ հանդէսը, որուն մասնակցեցան 4500 հիւրեր: Բազմաթիւ հայ աստղեր աւելի քան չորս ժամ տեւողութեամբ հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով եւ երաժշտական կատարումներով, խուռներամ դահլիճի առջեւ:

Վալերի Սահարեանի կազմակերպած այս տարուան հանդէսը գնահատանքի արժանացուց 12 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իրենց ունեցած կարեւոր ներդրումներուն համար, ներառեալ` Վլատիմիր Ժիրինովսքի (Ռուսիոյ Պետական Տումայի երեսփոխան), Յարութ Սասունեան («Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ «Հայաստան-Արցախ հիմնադրամ»-ի նախագահ), «Արմէնիա Ֆութուրա»-ն, Սերգէյ Սմբատեան (խմբավար, Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադիր-ղեկավար):

Միւս մրցանակակիրները, որոնք չէին կրցած ներկայ գտնուիլ արարողութեան, իրենց խօսքը ուղղեցին տեսանիւթի կամ ներկայացուցիչներու միջոցով` Վալերի Պուայէ (Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ), Վիգէն Սարգսեան (ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի համակարգող), Հայաստանի մշակոյթի նախարարը, Եզրաս արք. Ներսիսեան (Մոսկուայի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ), Սերժ Թանքեան (Սիսթըմ աֆ Տաուն), Ռուբէն Վարդանեան (բարերար եւ գործարար), Արթուր Ջանիբէկեան («Կազփրոմ մետիա հոլտինկ»), Արա Վարդանեան («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ):

Մրցանակը ստանալու պահուն Ժիրինովսքի շատ խիստ խօսքեր ըսաւ Թուրքիոյ հասցէին: Ահաւասիկ` կարգ մը հատուածներ անոր ելոյթէն. «Կու գայ այն օրը, երբ հայերը իրենց փառատօները կը նշեն ազատագրուած Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ: Այդ մէկը կրնայ ըլլալ ձեր սուրբ լերան` Արարատի անունը կրող փառատօն մը: Անիկա կրնայ տեղի ունենալ Կարսի, Արտահանի, Սասունի կամ Տրապիզոնի մէջ…Եթէ ես ըլլայի վճիռ կայացնողը, ապա ռուսական ինքնաթիռի խոցումէն ետք կը հրամայէի կատաղի հարուած հասցնել Թուրքիոյ: Ու այսօր Թուրքիայէն քիչ բան մնացած կ՛ըլլար…Կը մաղթեմ, որ իրականանայ ամբողջ հայութեան երազը` պատժուին անոնք, որոնք 1915-ի Ապրիլին, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իրականացուցին այդ սարսափելի ցեղասպանութիւնը»:

Ժիրինովսքի շարունակեց իր կոշտ ելոյթը` յայտարարելով, որ` Թուրքիա յարձակեցաւ հայերու վրայ, որոնք «կ՛ապրէին իրենց հայրենիքին մէջ, իրենց հողին վրայ: Իսկ թուրքերը քոչուորներ էին, անոնց հայրենիքը Միջին Ասիոյ, Թաշքենդի մէջ է: Անոնք պետք է վերադառնան հոն եւ Անատոլիան ձգեն հայերուն, քիւրտերուն եւ յոյներուն: Իսկ Կոստանդնուպոլիսը պէտք է ըլլայ ազատ քաղաք: Ժամանակները արագօրէն կը փոխուին: Հնարաւոր է, որ մօտիկ ժամանակներու մէջ այդ մէկը իրականանայ: Հայե՛ր, ձեզ ոչ ոք չի խանգարեր: Այնպէս որ, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու սերունդները թող պատրաստեն իրենց փաստաթուղթերը` իրենց կորսնցուցած հողերը եւ գոյքը վերստանալու համար: Ես օդի մէջ չէ որ կը խօսիմ, այլ ես համոզուած եմ, որ հայերը շուտով կ՛ոգեկոչեն ոչ թէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը, այլ կը տօնեն Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը, իսկ հայկական դրօշը կը ծածանի Կարսի, Արտահանի մէջ, Արարատի վրայ, Սասունի եւ Տրապիզոնի մէջ»:

Դժուար էր հանդէս գալ Ժիրինովսքիի ազդեցիկ ելոյթէն ետք: Մրցանակս ստանալով` ես դահլիճին դիմեցի հետեւեալ հակիրճ խօսքով. «Ցեղասպանութիւնը անժամանցելի, անժամկէտ հրէշային ոճիր է: Թրքական կառավարութիւնը թող լա՛ւ գիտնայ, որ հայ ժողովուրդը պիտի չմոռնայ իր արդար իրաւունքները: Թէեւ հարիւր տարի անցած է, նոյնիսկ հազար տարի ալ անցնի, մենք պիտի մնանք պահանջատէր եւ պիտի պայքարինք վերստանալու համար այն բոլորը, զորս կորսնցուցած ենք: Թուրքիա պէտք է վերադարձնէ մեր անհատական եւ համայնքային բոլոր կալուածները եւ ամէնէն կարեւորը` մեր պատմական հողերը` Արեւմտահայաստանը: Մէկ խօսքով, կը պահանջենք մեզմէ բռնի գրաւուած մեր ամբողջ ունեցուածքը եւ մեր 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներու արեան գինի հատուցումը»:

Այնուհետեւ դահլիճին կոչ ըրի չյուսահատելու. «Հարիւր տարի առաջ հզօր եւ ընդարձակ Օսմանեան կայսրութիւնը փլուզուեցաւ եւ մասնատուեցաւ` դառնալով Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, շատ աւելի փոքր սահմաններուն մէջ: Աստուծոյ կամօք եւ մեր յարատեւ ճիգերով վստահ ենք, որ կու գայ այն օրը, երբ այսօրուան Թուրքիան եւս կը փլուզուի ներքին եւ արտաքին ճնշումներու շնորհիւ: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք օգտուելու այդ առիթէն` ազատագրելու համար մեր պատմական հողերը: Մինչ այդ` բոլորս միանա՛նք` Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռք, դառնանք մէկ բռունցք, որպէսզի մեր հայրենիքը դառնայ տնտեսական հզօր ուժ, հզօր քաղաքական ուժ եւ հզօր ռազմական ուժ: Միայն այդպիսի հզօր Հայաստանն է, որ կը կարողանայ ոչ թէ աղաչել ու պաղատիլ, այլ տէր կանգնիլ իր արդար իրաւունքներուն»:

Հայաստանի հանրային հեռատեսիլով այս չորսժամեայ ոգեշնչող ծրագիրը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ: Վստահ եմ, որ Քրեմլինի պալատ ներկայացած 4500 հիւրերը եւ հեռատեսիլի միլիոնաւոր ակնդիրներ համակուեցան նոր պատրաստակամութեամբ մը` հետամուտ ըլլալ ազգային նպատակներուն, մինչեւ անոնց վերջնական իրականացումը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Արձագանգ. Սփիւռքեան Խնդիրներու Մասին Խորհրդաժողով

Յաջորդը

«Աղօթարան» Պոէմ` Ձօնուած Խորէն Արք. Տողրամաճեանին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?