Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորքային Փաստաթուղթ ՀՀԿ-ՀՅԴ Համագործակցութեան Համաձայնագիրին Մասին

March 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

0221garoarmenian1Դաշնակցութեան համախոհական դաշինքը պր. նախագահի կուսակցութեան հետ տրամաբանական շարունակութիւնն է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի 8 նոյեմբեր  2012-ին հրապարակուած յայտարարութեան, որով յստակացուած են մեր կուսակցութեան առաջադրութիւնները երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ կեանքի կոչելու:

Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ օրերուն Դաշնակցութիւնը յատուկ ճիգ ըրաւ արմատական փոփոխութիւններու իր ծրագիրը հետապնդելու ընդդիմութեան իսկ հաւաքական դիրքերէն` առանց սակայն շօշափելի արդիւնքի հասնելու: Այս փաստը պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրել: Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած ծրագիրը (որ կը բաղկանար 7 թուագրուած եւ մէկ անթուակիր կէտերէ) սերտօրէն առնչուած էր մեր երկրի այսօրուան խնդիրներուն, եւ Դաշնակցութիւնը քանիցս յստակ ըրաւ, որ էականը ծրագիրին անյապաղ իրագործումն էր` կոչ ընելով երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն խմբուելու այս կենսական օրակարգին շուրջ: Մենք պերճանքը չունէինք գործը ձգձգելու եւ չունի՛նք այսօր: Չունինք շռայլութիւնը տեղքայլի: Չունինք բարոյական իրաւունքը երկրի քաղաքական դաշտի աւազախրումը ընդունելու որպէս կեանքի նորմ եւ թոյլ տալու, որ ժամանակը քալէ մեր պետականութեան վրայէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հնարաւորութիւն ընծայեց, որ մեր ազգային համաձայնութեան եզրերը վերջապէս սկսէին յստականալու: Հարիւրամեակի հռչակագիրը առաջին կարեւոր հանգրուանն էր մեր ազգային տեսլականի բաղկացուցիչները հանրագումարի բերելու: Դաշնակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ այդ փաստաթուղթի ձեւաւորման մէջ:

Դաշնակցութիւնը նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխութիւններու գաղափարը քաղաքական դաշտ տանելու եւ համապատասխան փաթեթը ձեւաւորելու գործին մէջ: Պր. նախագահին եւ իր անձնակազմին հետ քաղաքական դաշտի հակընդդէմ դիրքերէն անկաշկանդ ու անկեղծ հաղորդակցութեամբ երկուստեք համախոհութիւն կերտելու գործը մեր պետականութեան մեծապէս ողջունելի իրագործումն է այսօր: Սահմանադրական հանրաքուէն մեծ ոստում մը պէտք է համարել մեր ժամանակի նոր յարացոյցի (պարադիգմա, paradigm) բովանդակութիւնը սահմանելու տեսակէտէն: Մեր ժողովուրդը ազգային ինքնագիտակցութեան եւ պետական հասունութեան նոր չափանիշ մը հաստատեց հայ անկախ պետականութեան քսանհինգամեակի սեմին: Եւ այսօր այդ նոր չափանիշը աննախընթաց պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ բոլորս երկրի եւ արտերկրի մէջ:

Պետական կեանքի յառաջիկայ գործընթացը կը բաղկանայ երեք փուլերէ: Առաջինը ներկայի փուլն է` մինչեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Այսինքն` մօտ մէկ տարի: 2017-ին տեղի կ՛ունենան յիշեալ ընտրութիւնները համամասնական ընտրակարգով եւ կը հայթայթեն գործընթացի երկրորդ փուլը` մինչեւ նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտը 2018-ին, որմէ ետք սկիզբ կ’առնէ նոր սահմանադրութեամբ ճշդուած խորհրդարանական համակարգի կիրարկումը:

Նոր սահմանադրութեան ձեւաւորման մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցող մեր կուսակցութիւնը բնականաբար ձեռնածալ պիտի չմնար անցման այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին: Բնականաբար ան պիտի ստանձնէր գործադիր պատասխանատուութիւններ առաջին իսկ հանգրուանին եւ ստանձնեց: Սահմանադրութիւնը նոր օրինակարգ մըն է, որ դեռ պիտի զարնուի իրական կեանքի փորձաքարին` մեր պետականութիւնը դնելով ամէնօրեայ մարտահրաւէրներու առջեւ: Այսպէս է պարագան բոլոր սահմանադրութիւններուն: Եւ այս իսկ պատճառով Դաշնակցութիւնը չի կրնար բացակայիլ այս կարեւոր գործադաշտէն:

Անշուշտ գոյութիւն ունին շարք մը հարցականներ` կապուած իշխանական համակարգի վարկին եւ առհասարակ մեր ժողովուրդի թերահաւատութեան հետ: Այսօր գոյութիւն ունի մեծ ճեղքուածք մը մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ: Ժողովուրդը «Այո» ըսաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, բայց դեռեւս «անպարտ» չարձակեց երկրի ղեկավարութիւնը… Համախմբական այն կառավարութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Դաշնակցութիւնը, առաջին հերթին, պիտի դիմագրաւէ այս մեծ մարտահրաւէրը: Դիզուած պարտքերը դառն յիշողութեամբ կը ծանրաբեռնեն անհատ քաղաքացիին առօրեան: Ասիկա անուրանալի փաստ է, որուն ամբողջական գիտակցութեամբն է, որ Դաշնակցութիւնը կը վերցնէ իր պատասխանատուութիւնները նոր կառավարութեան մէջ: Այստեղ եւս մենք ժամանակ չունինք վատնելու: Նոր քաղաքական մշակոյթի կառուցման գործը պիտի սկսի այսօր իսկ: Եւ մե՛ր կողմէ: Այսօրուան քաղաքական ուժերն են, որ տէր պիտի կանգնին այդ դժուարին գործին: Չկայ ուրիշը, որ յանձն առնէ այդ պարտականութիւնը: Յամենայն դէպս Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնը չէ, որ փախուստ կու տայ այդ պարտաւորութենէն: Այդ պարտաւորութենէն խոյս տալու թանկ հաճոյքը ոչ ոք ունի այսօր: Ո՛չ իսկ ընդդիմութիւնը: Ան եւս պարտաւորուած է նոր ժամանակի հրամայականներով գործելու եւ, յամենայն դէպս, իր դրական ներդրումը ընելու պետականաշինութեան գործին մէջ:

Միջկուսակցական համաձայնագիրը խորքային փաստաթուղթ մըն է, որուն ծիրը շատ ընդարձակ է: Բնականօրէն այս համաձայնագիրը կարելի չէ միամեայ այս ժամանակամիջոցով սահմանափակել: Այս փաստաթուղթը նոր քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման ճանապարհային քարտէզ է: Եւ այդ մշակոյթով իրագործուելիք յեղաշրջման: Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՛նչ բանի պատրաստ է մեր երկիրը: Դաշնակցական նախարարները արդէն իսկ ըրած են իրենց առաջին յայտարարութիւնները: Ճիշդ է` մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի թերահաւատ ըլլալու վերջին տարիներու հսկայ բացերուն ի տես: Ան արդար իրաւունքը ունի զգաստօրէն հետեւելու եւ շօշափելի արդիւնքներ պահանջելու իր գործադիր իշխանութենէն: Միաժամանակ քաղաքացիական հասունութիւնը կը պահանջէ, որ նոր կառավարութիւնը ունենայ անհրաժեշտ լուսանցքը` գործ ծրագրելու եւ ծրագիրներ գործի դնելու: Ի վերջոյ մակոյկը մէկ է եւ ամբողջ քաղաքական դաշտը կը գտնուի նոյն մակոյկին մէջ: Մնացեալը կախուած է մեր հաւաքական իմաստութենէն:

28 փետրուար 2016
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Որբուկը

Յաջորդը

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 4. Դիւրին Կիրարկելի Եւ Գործնական Միջոցներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.