… Ա՛յն տարիներուն, երբ իր ծննդավայրին` Դամասկոսի Միացեալ վարժարանին մէջ կը ստանար իր նախնական կրթութիւնը, արժանացաւ հայերէն լեզուի դասընթացքներու տիպա՛ր աշակերտուհի գնահատանքին: Դպրոցի ամավերջի հանդէսին, որպէս խորհրդանշական մրցանակ, իրեն նուիրեցին ապրիլեան Եղեռնի մեր յաւերժայուշ դէմքերուն` Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Երուխանի տպագիր լուսանկարները:
Հայերէն լեզուի այս մրցանակը կարեւոր, աւելի ճի՛շդ պիտի ըլլար ըսել հիմնական ազդեցութիւն ունեցաւ արդարատենչ հայուհիին նկարագրային յատկանիշներուն կազմաւորումին վրայ:
Կանխամտածուած Ցեղասպանութեան բի՛րտ գործադրութիւնը երկա՜ր ժամանակ, հոգեկան ուժե՛ղ տառապանքներու առաջնորդեց զինք, չէր կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, թէ ի՛նչպէս քսաներորդ դարասկիզբին մարդկութիւնը քա՜ր լռութիւն պահած է կատարուած ահռելի կոտորածներուն եւ հայերուն զանգուածային տեղահանութեան նկատմամբ:
… Այդ օրէն ասդին, մի՛շտ ցասում կար իր ներաշխարհէն ներս: Երբ կ՛արժանանայիր իր մտերմութեան, անմիջականօրէն կը զգայիր, թէ պարմանուհիի իր դիմագիծին վրայ, յաճախ, թախիծէ աւելի` պոռթկումի արտայայտութիւններ կը շեշտաւորուէին:
Ասոր համար ալ կը նախընտրէր ամփոփուիլ ինքն ի՛ր մէջ:
Լո՜ւռ յուզումներու այս մթնոլորտը զինք մղեց դէպի ազգաշէն ծառայասիրութիւն:
Շրջանաւարտ` Սրբոց Հռիփսիմեանց քոյրերու Պէյրութի վարժարանէն` հրաւիրուեցաւ ուսուցանելու իր այնքա՜ն սիրած հայերէնը:
Աշակերտուհիները ո՛չ միայն ուրախ, այլ նաեւ հպարտ էին իրմով: Իրենց ազատ ժամերուն կը շրջապատէին զինք, եւ իրենց հարցումներուն պատասխանները կ՛ունենային շուտով, մինչեւ ա՛յն օրը, երբ իրենց մեծարած ուսուցչուհին հրաւիրուեցաւ վարելու վարժարանին քարտուղարութեան տեսչութիւնը, ուր անոր ցուցաբերած ճշդապահութիւնն ու անշահախնդրութիւնը զինք արժանի դարձուցին ընդհանուրին համակրանքին եւ անխա՛ռն սիրոյն:
Ա՛յս էր հարազատ ինքնութիւնը մտաւորակա՛ն զարմուհիիս` Մելինէ-Լուիզա Սէյրատարեանին, որուն անակնկալ մայրամուտը խորապէս յուզեց իր հարազատներն ու աշակերտուհիները:
Այն օրերուն, երբ երթեւեկի դիւրութիւններ չկային դէպի Անթիլիաս, իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ին, կ՛ուղղուէր դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանք` խորին յարգանքով, իր ձեռարուեստի շղարշով պաշտպանուած գարնանաբոյր վարդը կը զետեղէր Նահատակաց յուշարձանին մուտքին:
1965 թուականին իր աշակերտուհիներուն հետ փութաց դէպի Պէյրութի մարզաւան, իր դաստիարակած նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ խոնարհելու պայծառ յիշատակին առջեւ մեր բիւ՜ր նահատակներուն. իսկ յիսնամեակ մը ետք` 2015-ին, կրկին Լիբանան էր` միանալու մեր հա՛յ ազգին արդա՛ր պահանջատիրութեան:
Մնայո՛ւն պաշտամունք ունէր հանդէպ մեր բազմահարուստ մշակոյթին:
Կը յիշեցնէր, մի՛շտ, թէ առաջի՛ն ունկդիրը եղած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքին ասմունքին, իր բնորոշումով «Հա՛յ մշակոյթի անխո՛նջ նուիրեալ` պրն. Յակոբ Կիւլոյեանի կատարմամբ»:
Ա՛յն տարիներուն, երբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ազգային հպարտութեան ալիքներ կը յառաջացնէր «Կրան Թէաթըր»-էն մինչեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հանդիսասրահ, յատկապէս լուսահոգի Լեւոն Շանթի թատրերգութիւններով, կ՛աճապարէր ներկայ գտնուելու «Օշին Պայլ»-ին «Կայսր»-ի եւ «Ինկած բերդի իշխանուհի»-ի եւ «Հին Աստուածներ»-ու բեմադրութիւններուն:
Իր աւա՛գ պարտականութիւնը կը սեպէր մօտիկ կանգնիլ Հայաստանեանց առաքելական Եկեղեցիին:
Իւրաքանչիւր կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, կը փութար դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար ու կը սիրէր հետեւիլ, յատկապէս կատարուող ժամերգութիւններուն եւ արտասանուող աղօթքներուն:
Ա՛յստեղ, այս սուրբ տաճարին մէջ կը գտնէր իր հոգեկան անդորրը, խաղաղութիւնը եւ իր հաւատքին զօրութեամբ Բարձրեալէն կը խնդրէր ուժ եւ կարողութիւն, որպէսզի շարունակէ իր ծառայասիրութիւնը:
Քաղաքամայր Երեւանի մէջ սփիւռքահայ երկսեռ ուսուցիչներու ներկայութեան դասախօսութիւններով հանդէս եկող տաղանդաշատ գեղանկարիչ` Գրիգոր Խանջեան իրաւունք ունէր, լիովի՛ն, երբ կ՛ըսէր իրեն.
«Մելինէ ջա՛ն, հոգեկան ապրումներդ տպաւորեցին զիս. անոնք իրաւացիօրէն կը ջերմացնեն ու կ՛արտայայտեն վառ ազգասիրութիւնդ»:
ԳԷՈՐԳ ՏԱՐՕՆԻ