Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Մարդիկ

March 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0301allazakarian

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Աշխարհը լի է բարի մարդոցմով, եւ եթէ մենք անդրադառնանք անոնցմէ ոմանց, մեզի թող ներեն միւսները, մեզի ծանօթ կամ անծանօթ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, իրենց կարողութեանց համաձայն, կը փորձեն բարութիւն բաշխել իրենց չորսդին:

Այսօր պէտք էր այս սիւնակը մէկ այլ խորագիր ունենար: Սակայն ծրագիրը փոխուեցաւ, երբ խմբագրատուն մտան հայ մայրիկ մը, Մարին ու իր հարսը, եւ երկու հարիւր տոլար տուին մեզի` հասցնելու համար Վանաձորի եռեակի ծնողներուն: Չուզեցին իրենց ազգանունը տալ: Նպատակի մը համար կու տային: Թող Աստուած իրենց նպատակը ի կատարած է: Նախորդ օրը խմբագրատուն եկած էր Վարդան Առաքելեանը եւ յիսուն տոլար տուած էր նոյն նպատակին:

ՀՕՄ-ի Երեւանի գրասենեակի ընկերուհիները խնդրեցին, որ գումարները փոխանցուին ապրիլ 7-ին, Մայրութեան տօնին առթիւ: Ի՜նչ լաւ նուէր:

Մէկ օր առաջ հեռաձայնային զանգ ստացած էինք Վահագ Սաւուլեանէն, որ անցեալի մեր դիմումներուն մի՛շտ դրական պատասխանած է: Վահագը նախ արդարօրէն բողոքեց, թէ տակաւին Հայոց բանակի նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցող հիմնադրամ մը չէ ստեղծուած, ապա յայտնեց, որ կ՛ուզէ իր բաժինը բերել Բաղանիսի ընտանիքներուն մեղուափեթակներ յատկացնելու ծրագիրին: Չեքը դրած է թղթատարին մէջ: «Ասպարէզ» անմիջապէս որ ստանայ, զայն պիտի փոխանցէ առ որ անկ է: Զեկուցենք, որ այս ծրագիրին համար ցարդ նուիրուած է 16,211 տոլար: Մինչեւ մարտ 18 այս գումարը պէտք է հասնի 30.115-ի:

Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄ-ի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկապարտէզի տնօրէնուհի Վեհիկ Գաբրիէլեանը նախաձեռնած է դրամահաւաքի մը` օգնելու համար ջաւախքցի, 30-ամեայ, երկու երեխաներու մայր, քաղցկեղի «Մելանոմա» տեսակի հիւանդութենէն տառապող Ալլա Զաքարեանին, որ կարիքն ունի 15 հազար տոլարի, որպէսզի կարենայ Գերմանիա հասնիլ եւ այնտեղ բուժում ստանալ: Ալլային օգնելու համար, Վեհիկը ձեռնարկած է «Help Heal Alla Zakarian» արշաւին` gofundme առցանց տարբերակով: Կրնաք այցելել այդ էջը`, կամ` դարձեալ «Ասպարէզ»-ի ճամբով փոխանցել ձեր նուէրը:

Վեհիկի արշաւին արձագանգողները ցարդ նուիրած են 660 տոլար:

Այս արշաւները կրնանք իրենց աւարտին հասցնել մեր փոքր նուիրատուութիւններով` առանց նեղութեան, առանց դժուարութեան:

 

 

Նախորդը

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը 100 Հազար Տոլար Հանգանակած Է Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Յաջորդը

Թէ Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Նշանակուեցայ Լիբանանի Մէջ Պետական Երդուեալ Թարգմանիչ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.