Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Սփիւռքեան Խնդիրներու Մասին Խորհրդաժողով

Մարտ 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Երեւանի ՀՅԴ երիտասարդականի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ  27-28  փետրուարին  տեղի ունեցաւ երկօրեայ տեւողութեամբ խորհրդաժողով մը `  սփիւռքի ազգային ինքնութեան  հարցերու  քննարկման նուիրուած:

Ծաւալուն ու տարողունակ օրակարգ, որուն քննարկումը կատարուեցաւ  վեց ենթաբաժիններով ` իւրաքանչիւրին համար յատկացուած առանձին նիստով:

ա . Սփիւռքեան համայնքներու կազմութիւն եւ ազգային ինքնութեան հոլովոյթ,

բ . Հայեցի դաստիարակութիւնը 21-րդ դարուն. յամեցող եւ նոր մարտահրաւէրներ,

գ . Համաշխարհայնացում եւ ազգային մշակոյթ,

դ . Ազգային ինքնութիւնը շեշտադրող գործադաշտեր եւ համացանցի օգտագործում,

ե. Ազգային ինքնութիւն եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն,

զ . Հայաստանի դերը սփիւռքի ազգային դիմագծի շեշտումին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած այս խորհրդաժողովին  սփիւռքեան տարբեր երկիրներէ ժամանած ժողովականները այս ենթաբաժիններուն  առնչուած եւ մտաւորական ընկերներու կողմէ պատրաստուած խորքային  վեց զեկուցումներու հետեւեցան, որոնց գրաւոր պատճէնները նախապէս եւ ի նկատառում դրուած էին  մասնակցողներու  տրամադրութեան տակ:

Զեկուցումները եւ ժողովականներու կողմէ կատարուած քննարկումներն ու արտայայտուած համահունչ թէ հակահունչ տեսակէտները,  ընդհանուր առումով, կը պարզէին երկու մակարդակ ու մօտեցում. նախ` սփիւռքը ինքն իր մէջ, իր իւրայատկութիւններով ու տագնապներով, իր կարելիութիւններով ու առաջնահերթութիւններով, ապա նաեւ` Հայաստանի ընելիքը սփիւռքին համար:

Դաշնակցականի դիտարկումով եւ ժողովականներու գրեթէ ամբողջին հաստատումով, սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու , բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է` հայ ազգի երկու երրորդը ներկայացնող համրանքով: Իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի աղբիւր կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը` գործնապէս նպաստելու  Հայաստանին,  ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրականացման պայքարին: Անհրաժեշտ է մտքերու մէջ ամրագրել ու միշտ շեշտել, որ Հայաստանն է սփիւռքի տեւելիութեան երաշխիքը: Սփիւռքի գոյութիւնը կ՛իմաստաւորուի, ներգործօն դերակատարութիւնը կ՛ապահովուի այնքան ժամանակ, որ ան կառչած կը մնայ Հայաստանին, միացեալի մեծ նպատակին եւ իր կարելիութիւնները կ՛ուղղորդէ դէպի հայրենիք:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, նախ պէտք է յստակացնել, թէ հայրենի հասարակութեան ու քաղաքական վերնախաւի մտապատկերին մէջ ինչպիսի ընկալում ձեւաւորուած է սփիւռքի մասին: Հայաստանին համար ինչ կը նշանակէ կազմակերպուած սփիւռք եւ ինչպիսի յարաբերութիւններ կը պատկերացուին ապագային ` յստակացնելով միաժամանակ գործադաշտերն ու գործամիջոցները:

Յամենայն դէպս իր տեսակին մէջ եզակի եւ յանդուգն նախափորձ մը կարելի է համարել ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած այս խորհրդաժողովը, որ բնականաբար  յաւակնորդ  չդարձաւ եզրակացութիւններ բանաձեւելու, այլ  պարզապէս բաւարարուեցաւ յայտնուած տեսակէտները նոթագրելով:

Թեման կը մնայ բաց, հաւանաբար նաեւ` երկար ժամանակ ուսումնասիրելի: Զեկուցողներէն մին իրաւացիօրէն կ՛արձանագրէր, որ թերեւս անհրաժեշտ են քանի մը գիտամշակութային համագումարներ` բացայայտելու համար թեմային ծաւալն ու տարողութիւնը: Պատկերացուցէ՛ք. ոչ թէ լուծումներ գտնելու, այլ` ծաւալն ու տարողութիւնը յստակացնելու:

Կ՛արժէ կրկնել փորձը` այս անգամ սակայն անիկա չսահմանափակելով միայն կուսակցական ոլորտի մէջ:

Աթէնք, 2 Մարտ 2016 

 

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Փառքի Օրերու Հաշուեյարդար Մը

Յաջորդը

Քրեմլինի Պալատին Մէջ Հազարաւոր Հիւրեր Մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յատուկ Ծրագիրին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?