Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛չ Փող Զարկինք, Ո՛չ Արձագանգ Եռնասոյզ…» (Մոսիկ Տէր Կարապետեան Եւ Հրայր Եարտըմեան)

Մարտ 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

VATCHE-PROUDIAN1-fԱնցնող տարուան ընթացքին լիբանանահայ գաղութէն ներս տեղի ունեցան յիշատակի նախաձեռնութիւններ` ի յիշատակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկած հայորդիներուն: Անոնք իրենց կեանքերը զոհած էին այդ երկրի հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան ի խնդիր:

Անոնցմէ շատեր հայկական թաղամասերուն շուրջ տեղի ունեցած բախումներու խրամատներուն մէջ նահատակուեցան: Ուրիշներ առեւանգուեցան կամ թշնամիի դաւադիր գնդակներուն զոհ գացին. շատ ուրիշներ ալ` ռմբակոծումներէն հարուածուած հայաբնակ թաղերուն օգնութեան փութալու պահուն:

Մեր բոլոր նահատակներուն պատշաճ ու արդար յարգանքը մատուցուեցաւ` երկրի քաղաքացիական պատերազմի ծագելուն քառասնամեակին առիթով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ունէր բազմաթիւ երեսներ` յարանուանական-կրօնական (իսլամ-քրիստոնեայ), ներքին քաղաքական (իշխանութիւնը բաժնեկցելու իմաստով), գաղափարական (աջի ու ձախի), պաղեստինեան զինեալ ներկայութեան թեր կամ դէմ կտրուածքով, ինչպէս նաեւ (անխուսափելիօրէն) տարածաշրջանային ուժերու ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորման իմաստով` արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան պարունակէն ներս:

Լիբանանահայ գաղութի քաղաքական ղեկավարութիւնը այս քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն իսկ որդեգրեց դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, որ կը միտէր ոչ միայն նուազագոյն վնասով դուրս գալ այս աղէտէն ու երաշխաւորել մեր ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը, այլ նաեւ` երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ճամբով կամուրջ հանդիսանալ կողմերուն միջեւ եւ ապահովուած տեսնել լիբանահայութեան իրաւունքները:

Քաղաքացիական կամ որեւէ պատերազմի ընթացքին ոչ մասնակից կողմեր եւս գին կը վճարեն անխուսափելիօրէն: Լիբանանի հայութիւնը բացառութիւն չեղաւ ու գին մը վճարեց` մարդկային, տնտեսական կամ այլ իմաստներով:

1975-ի գարնան, երբ կը սկսէր այս անհեթեթ պատերազմը, կրօնական ազդակը շեշտուած ազդակ մըն էր: Այս մթնոլորտը, Լիբանանի նման ներքին դիւրաբեկ համակարգ ունեցող երկրի մը համար, ծանր հետեւանքներ ունեցաւ: Առաջին զոհերէն մէկը եղաւ երկրին բանակը, ուր երկփեղկումը իր աւերը գործեց: Քաղաքական ղեկավարումի մարզէն ներս ստեղծուած բացը պատճառ դարձաւ, որ այս կամ այն կրօնական խմբաւորումին պատկանող սպաներ «հաւատարմութիւն» յայտնեն հակամարտ կողմերէն մէկուն կամ միւսին: Մաքուր հայերէնով, բանակը սկսաւ բաժնուելու: Այս բաժանումը բնականաբար անարիւն չեղաւ, եւ բանակը այս ձեւով (եւ բախումներու սկսելէն քանի մը ամիս ետք) ներքաշուեցաւ քաղաքացիական պատերազմին մէջ:

Արիւն հոսեցաւ ու շատ յաճախ` անմեղներու արիւն: Այս կացութեան մէջ, բանակէն ներս, զօրանոցներուն մէջ թէ անկէ դուրս տեղի ունեցան բախումներ: Այս բախումներէն մէկուն ընթացքին, Պէյրութի Հելու կոչուած զօրանոցին մէջ երկու հայ զինուորներ անմեղօրէն զոհուեցան. Մոսիկ Տէր Կարապետեան եւ Հրայր Եարտըմեան:

Երկուքն ալ անձամբ ճանչցած եմ. մանաւանդ` Մոսիկը, որուն հետ կը յաճախէինք նոյն վարժարանը` Էշրեֆիէ թաղամասի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը: Երկուքս ալ դպրոցի ոտնագնդակի խումբին մաս կը կազմէինք. ինք մեր բերդապահն էր: Թէ՛ Մոսիկին եւ թէ՛ Հրայրին ընտանիքները կը պատկանէին նոյն թաղամասի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: Անոնց այս անհեթեթօրէն զոհ երթալը ծանր ազդեց թէ՛ լիբանանահայութեան եւ թէ՛ մանաւանդ Հայ աւետարանական համայնքէն ու նշեալ եկեղեցւոյ միջավայրէն ներս: Երկու անմեղ զոհերը նոյն եկեղեցւոյ ու համայնքի զաւակներն էին:

Երբ Մոսիկին ու Հրայրին` լիբանանեան դրօշակով ծածկուած դագաղները ուսամբարձ եկեղեցի բերուեցան իրենց բանակային ջոկատի ընկերներուն ու անոնց ընկերացող սպային կողմէ, զուսպ, լուռ, բայց շատ աղաղակող ցասում մը պատեց ամբողջ բազմութիւնը: Ցնցուած էինք բոլորս ալ:

Սպան յարգանքով խօսեցաւ Մոսիկի ու Հրայրի օրինակելի ու օրինապահ կեցուածքին մասին, ապա շքանշաններ զետեղեց անոնց դագաղները պատած դրօշներուն: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի բառերով` «Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ, չարագուշակ սարէ ի սար տարին լուր»: Այս դէպքը պատահեցաւ 1976-ի գրեթէ այս օրերուն, քառասուն տարի առաջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած, նահատակուած հայորդիները արժանի են ամբողջական յարգանքի: Այս տողերը կը գրենք Մոսիկին ու Հրայրին մասին, իրենց նահատակութեան քառասնամեակին առիթով, որպէսզի անոնք եւս չմոռցուին` իբրեւ նոյն այդ անողոք պատերազմին ընթացքին զոհուած երկու բանակային հայորդիներ:

11 Փետրուար 2016

vproodian@gmail.com

 

Նախորդը

Յովհաննէս Ադամեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Փետրուարեան Ցուրտ Օր Մը…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?