Քաղաքական Ճառերու Յորձանուտը Ոչինչ Կ՛ոռոգէ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Լաւ քաղաքագէտը ան է, որ կրնայ նախատեսել ապագան, եւ` ան, որ հետագային, կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ դէպքերը չընթացան այնպէս, ինչպէս, ինք նախատեսած էր»: Վինսթոն Չըրչիլ Համայն մարդկութիւնը բռնուած է քաղաքական տենդով. միջազգային յարաբերութիւններ, մրցակցութիւններ, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը անդադրում երթեւեկ, գաղափարաբանութիւններ եւ անվերջանալի «ընտրութիւններ», մեծեր, որոնք կեր կը հայթայթեն զանգուածային լրատուամիջոցներուն, եւ փոքրեր` թաղային, համայնքային, միութենական, որոնց արձագանգը...



















