Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա.- Ուխտի Գացինք Ճեմարան
Սուրիական պատերազմի նախորդ հինգ տարիներուն Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, մարդակերտումի այս դարբնոցը, սփիւռքին մնայուն կերպով նոր արիւն ու աւիւն ներարկող ազգային մեր տունը կորսնցուց իր երբեմնի շէնութիւնը: Մնաց հաստատուն, բայց ամայացաւ: Ճեմարանի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած ու տարիներ շարունակ զայն շնչած ճեմարանականները պատերազմի դառն պատահարներուն իբրեւ հետեւանք, թէեւ հեռացան հայապահպանումի այս փարոսէն, սակայն տարիներ շարունակ լուսաւորուեցան անոր անմար ճառագայթներով...




















