Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Ազդակ»-ը ամէնօրեայ դրութեամբ թէեւ «կը շաղուի», «կը թխուի», «կ՛եփի» եւ փուռէն նոր ելած հացի նման տաք ու թարմ լոյս աշխարհ կու գայ Պուրճ Համուտի մէջ` «Շաղզոյեան» կեդրոնի առաջին յարկին վրայ գտնուող խմբագրատան յարկին տակ եւ գետնայարկի տպարանին մէջ, բայց եւ այնպէս անիկա շուտով եւ արագօրէն կը տարածուի աշխարհով մէկ` հասնելով հոն, ուր հայ մը փափաք ունի հայերէն թերթ ընթերցելու:
«Ազդակ»-ի «եփելուն» կը սպասեն նաեւ մեր ընթերցողները, որոնք աշխարհի տարբեր շրջաններէն, տարբեր ժամերու կը հետեւին մեզի` յատկապէս կայքին, Դիմատետրի, «Թուիթըր»-ի, «Էփլիքէյշըն»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի էջերուն` քաջալերող եւ պահանջող ըլլալու արդարացի իրաւունքով:
Պարագան նոյնը չէր, բնականաբար, ոչ շատ հեռու անցեալին, երբ համացանցային այս լայն ու բազմաթիւ կարելիութիւնները գոյութիւն չունէին, երբ մարդիկ հեռաւոր ափերուն օրերով, երբեմն շաբաթներով պէտք էր սպասէին, որպէսզի իրենց նամակատուփերուն մէջ ունենային «Ազդակ»-ի երկու շաբթուան պաշարը մէկ անգամէն, երբ լուրերը արդէն որոշ չափով հինցած կ՛ըլլային, սակայն տակաւին իմաստ ու արժէք կ՛ունենային, որովհետեւ նաեւ սրընթաց չէին լուրերու տարածման հոսքն ու հասանելիութեան թափը: Այսօր վայրկեանը վայրկեանին, երբեմն նոյնիսկ տեղական թերթերէն ու կայքերէն աւելի արագ «Ազդակ»-ի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ օգտատէրերուն ուղարկուող «նշումներ» (notifications) աշխարհի որեւէ տեղ գտնուող հայորդի հաղորդակից կը դարձնեն հայկական, լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային իրադարձութիւններուն` պարզապէս կարճ նախադասութիւններու ճամբով:
Այս պահու դրութեամբ «Ազդակ»-ը հայկական միակ լրատուամիջոցն է, որ իր լրահոսով` բեկումնային լուրերով, կը հասնի իր ընթերցողներուն հեռախօսներուն եւ այ-փետներուն:
Շատ տարիներ չեն անցած այն օրերէն, երբ այս բոլորը չկային, կար տպագիր մամուլը միայն, սակայն շատ բան փոխուած է մերօրեայ կեանքին մէջ ընդհանրապէս, իսկ «Ազդակ»-ի առօրեային եւ աշխատանքային օրակարգին մէջ` մասնաւորաբար: Այսօր կարելի չէ ուշանալ, կարելի չէ նոյնիսկ երկար մտածել, պէտք է գործել, ըլլալ մեր մեծաթիւ ընթերցողներուն ակնկալութիւններուն, պահանջներուն գոհացում տալու մնայուն փորձի մէջ, թէեւ միշտ ալ առկայ պիտի մնան դժգոհութիւններն ու քննադատութիւնները, սակայն հեւքոտ առօրեային մէջ նոյնիսկ նման մատնանշումներու դիմաց երկար կանգնելու եւ ժամանակ տրամադրելու կարելիութիւնն իսկ պերճանք կը նկատուի պարզապէս:
Ուստի կը շարունակենք գործել նորօրեայ պահանջին համապատասխանող թափով, սրընթաց կեանքին հետ քայլ պահելու առաջադրանքով` միշտ հաւատալով, որ սխալներուն կողքին առկայ են նաեւ դրական կէտեր, որոնք գոհացում կու տան հայերէն կարդալու ծարաւ ունեցող հայորդիներուն, թերթը առօրեայ հացի նման սպասողներուն, նախաճաշի ընթացքին «Ազդակ»-ի կայքին մէջ «պտոյտ» ընողներուն, իրենց արձակուրդին կամ հանգիստի ժամերուն «Ազդակ»-ը իբրեւ բարեկամ ունեցողներուն` միշտ ինքնասրբագրութեան եւ աւելի լաւը ընելու ճիգով:
«Լեւոն Գարմէն» խմբագրասենեակի
բացում եւ գործուղումներ
Նախորդ տարուան «Ազդակ»-ի հիմնական իրադարձութիւնները հանդիսացան «Ազդակ»-ի խմբագիրի պաշտօնի ստանձնման համար յատուկ Իրաքէն Լիբանան գործուղուած եւ կարճ ժամանակ ետք մահացած դաշնակցական գործիչ, մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր Լեւոն Գարմէնի (Ստեփանեան) անունը կրող խմբագրասենեակին բացումը եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած համահայկական տարբեր նախաձեռնութիւններու «Ազդակ»-ի լրագրողներուն ու խմբագիրներուն մասնակցութիւնը:
Արդարեւ, ներկայութեամբ ազգային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու սեղմ շրջանակի, երկուշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ բացումը Լեւոն Գարմէնի (Ստեփանեան) անունը կրող խմբագրասենեակին:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց նման նախաձեռնութիւն մը իրականութիւն դարձնելու մէջ Իրաքի հայոց թեմին ներդրումը: Ան հաստատեց, որ նման գաղափար մը կը միտէր նախ Լեւոն Գարմէնը ծանօթացնել ընթերցողներուն, ապա նաեւ` անոր մնայուն տեղ տալ խմբագրատան մէջ այն թերթին, որուն առաջին դաշնակցական խմբագիրը եղած էր ան: Շահան Գանտահարեան նաեւ յիշեց, որ «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ արդէն ամբողջացած է թուայնացումը իրաքահայ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին, որ արդէն իսկ դիւրամատչելի դարձած է ուսումնասիրողներուն: Ան հաստատեց, որ իրաքահայութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական եւ հետեւողական:
Ապա խօսք առաւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Գոթունեանը, որ նախ անդրադարձաւ երախտապարտ ըլլալու անհրաժեշտութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծարել ու արժեւորել արժանաւորները, դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդը օժտուած է այդ նկարագրային գիծով: Ասկէ մեկնած` ան խօսեցաւ 50 տարի առաջ իրաքահայութեան համար մեծ կորուստ հանդիսացած Լեւոն Գարմէնի մասին, որ եղած է գաղութի արժանաւոր ու բացառիկ զաւակներէն, որուն ներկայութիւնը թէեւ եղած է կարճատեւ, բայց` լուսառատ, եւ որ իր ետին թողած է քաղցր յիշատակը հանրային շատ երախտիք ունեցող գործիչի եւ զգայուն բանաստեղծի:
Ապա Ս. Գոթունեան ներկայացուց Լեւոն Գարմէնի կենսագրականը, անոր գործունէութեան դաշտերը, նկարագրային իւրայատկութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ «Գոյամարտ»-ի պատմականը եւ անոր մէջ Լեւոն Գարմէնի ներդրումը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի մէջ Լեւոն Գարմէնի անունով խմբագրասենեակի մը բացումը ապացոյց է, որ անոր անունը առյաւէտ պիտի յիշուի:
Լիբանանի հայոց թեմին անունով խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկաներուն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ողջոյնները` նշելով, թէ ան կամքէ անկախ պատճառներով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ այս իւրայատուկ ձեռնարկին: Ապա ան շեշտեց, որ կան պահեր, որոնք յատկանշական են ու խորհրդաւոր, մանաւանդ երբ արժէքներու վրայ լուսարձակ կը սփռուի, անոնց նկատմամբ յարգանք եւ ակնածանք կը դրսեւորուի բանիւ եւ գործով, դիտել տալով, որ անոնք նաեւ պատգամ փոխանցող են: Հաւաթեան նման առիթ նկատեց «Լեւոն Գարմէն» խմբագրասենեակի բացումը, որ ո՛չ միայն հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ սերտ համագործակցութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է, այլ նաեւ ապացոյց է, որ հայութիւնը տէր է իր արժէքներուն եւ գիտէ յարգել զանոնք:
Յակոբ Հաւաթեան այս առիթով նաեւ դրուատեց դժուար պայմաններու մէջ ապրող, սակայն ամէն տեսակ մարտահրաւէր շրջանցելով գոյատեւող իրաքահայ գաղութը, որ կը շարունակէ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել եւ սերունդներ կերտել:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը, որ առիթը նուիրական նկատեց, որովհետեւ անիկա «հանդիպում» է վաղամեռիկ խմբագիր Լեւոն Գարմէնի հետ, զոր մեծարելու եւ անոր նկատմամբ երախտագիտութիւն յայտնելու լաւ դրսեւորում է անիկա:
Ծանրանալով «Ազդակ»-ի մէջ հրապարակուած Լեւոն Գարմէնի վերջին խմբագրականին վրայ` «Պատը» խորագիրը կրող, առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ անիկա գրուած է մարգարէի մը ոճով եւ արտաքին ազդակներուն արձագանգելու ունակութեամբ, շեշտելով, որ անոր մէջ արտայայտուած մտածումները տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը` իբրեւ բաժանարար: Ասկէ մեկնելով` Ասատուրեան սրբազան հաստատեց, որ Լեւոն Գարմէնի խմբագրականին միտք բանին պէտք է նկատել խոչընդոտներու խորտակումն ու վերացումը մեր անհատական, ընկերային, ընտանեկան, հասարակական եւ ազգային կեանքէն: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնի կողմէ «Գոյամարտ»-ի թուայնացման աշխատանքը` զայն նկատելով իրաքահայ մամուլի փրկութեան շատ կարեւոր քայլ:
Աւարտին Շահան Գանտահարեան Իրաքի հայոց թեմի պատուիրակութեան անդամներուն յանձնեց «Գոյամարտ»-ի թուայնացուած «տի. վի. տի.»-ներու անդրանիկ օրինակները, իսկ թեմին անունով «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնուեցաւ յատկանշական յուշանուէր մը` Լեւոն Գարմէնի պատկերով:
– Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական-տեղեկատու գրասենեակին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի պատրաստութեան խումբը, գլխաւորութեամբ բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի, ուղղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Խումբին մաս կը կազմէին Քլոտ Սֆէյր, Սինթիա Շիտիաք, Անթոնի Մըրշաք, անոնց կ՛ընկերանար «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու բաժինի խմբագիր Արշօ Պալեան:
Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով «Էմ. Թի. Վի.»-ի խումբը իր մէկ շաբթուան կեցութեան ընթացքին պատրաստեց եւ աւելի ուշ «Էմ. Թի. Վի.»-ի «Թահքիք» յայտագիրէն սփռեց փաստագրական յատուկ ժապաւէն մը:
– «Ազդակ»-ի արտաքին էջերու պատասխանատու խմբագիր Ժաք Յակոբեան, ինչպէս նաեւ աշխատակիցներ Սիլվա Գարավարդանեան եւ Սեւակ Արոյեան մասնակցեցան 3-16 յուլիսին Երեւանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին կազմակերպած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքներուն: Տարբեր երկիրներէ Երեւան հասած խմբագիրներու եւ լրագրողներու կողքին անոնք ներկայ եղան լրագրութեան, մամուլի եւ ընդհանրապէս լրատուամիջոցներու վերաբերող մասնագիտական դասախօսութիւններու:
– 20 հոկտեմբերին բացումը կատարուեցաւ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին, որ 20-22 հոկտեմբերին գումարուեցաւ Երեւանի, իսկ 23-24 հոկտեմբերին` Ստեփանակերտի մէջ: Անիկա նուիրուած էր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:
Համաժողովին «Ազդակ»-ը ներկայացուց խմբագրական կազմի անդամ Տօնիկ Տօնապետեանը, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Ազդակ»-ի թղթակիցներէն Սիլվա Գարավարդանեանը եւ «Ազդակ»-ի Երեւանի լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը:
Համացանցային Հարթակներ
Ելեկտրոնային աշխարհին մէջ «Ազդակ» առաւել եւս ընդարձակեց իր ներկայութիւնը: Թերթը իր հայերէն եւ արաբերէն կայքերուն ճամբով շարունակեց հասանելի ըլլալ աշխարհի որեւէ անկիւնը գտնուող հայորդիի, նաեւ` արաբի, որ հայութեան եւ Հայ դատին մասին տեղեկութիւններ քաղելու եւ նորօրեայ զարգացումներուն հետեւելու կարելիութիւն ունեցաւ այս կայքին ճամբով:
«Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքը` www.aztagdaily.com-ը շարունակեց կանոնաւոր կերպով գործել, անոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը:
«Ազդակ»-ի կայքի արաբատառ բաժանմունքը` www.aztagarabic.com-ը, որուն հովանաւորն է Լեւոն Զեքի Ետալեանը, իր կարգին շարունակեց իր աշխուժ աշխատանքները:
«Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի է թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն:
«Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազով: «Ազդակ էփ»-ի հովանաւորն է ԱՖՀԻԼ-ը:
«Ազդակ-Բացառիկ»-ներ եւ
յատուկ թիւեր
Հաւաք` «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Առիթով
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի շնորհահանդէս-ներկայացում, որուն ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի յօդուածագիրներ, աշխատակիցներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հիւրեր եւ օրաթերթին անձնակազմը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր Արշօ Պալեանը, որ նկատել տուաւ, թէ 316 էջերէ բաղկացած այս հրատարակութեան, «Ազդակ»-ի անձնակազմին կողքին, մասնակցած են մամուլի 27 աշխատակիցներ` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Սուրիայէն, իսկ գրութիւնները ունին ուսումնասիրական, հրապարակագրական, գրական եւ խորհրդածական բնոյթ:
«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ հաւաքը հիմնականին մէջ երախտագիտութեան եւ շնորհաւորական բնոյթ կը կրէ, որովհետեւ հաւաքական ճիգերով կարելի է նման բովանդակութեամբ եւ ծաւալով բացառիկներ լոյս աշխարհ բերել: Շ. Գանտահարեան ըսաւ, որ թերթը նման է ժամացոյցի, տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքները իրականութիւն դարձնելու նպատակով անդադար գործող, շեշտելով, որ հրատարակողին կողքին շատ կարեւոր է ընթերցողին, նուիրատուներուն եւ քաջալերողներուն ներդրումն ու դերակատարութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան, որ «Ազդակ»-ի բացառիկները նկատեց արխիւային արժէք ունեցող հատորներ, ուր կը համախմբուին տարին ներկայացնող ամփոփումներ` քաղաքական, ազգային, մշակութային եւ այլ ոլորտներու վերաբերող: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքը կատարողներուն` դիտել տալով, որ այս աշխատանքը ներկայի համար չի կատարուիր այնքան, որքան` պատմութեան համար, մանաւանդ` համացանցի ու համակարգիչի այս դարուն:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նշեց, թէ կայացած հաւաքին ներկայութեան պատկերը, ուր կան տարբեր գաղափարական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներ, փաստ է, որ «Ազդակ»-ը բոլորին թերթն է, կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալով` երբեք կուսակցական նեղմտութեամբ չէ գործած: Ան անդրադարձաւ գրիչներու, նիւթերու, մտածողութեան երանգներու այլազանութեան` շեշտելով. «Ազդակ»-ը կամուրջ եղած է սփիւռքի հայութեան եւ Հայաստանի հայութեան միջեւ, իսկ այս վերջին բացառիկը այս իրականութեան լաւագոյն փաստերէն մէկն է»: Իր խօսքը եզրափակելով` ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան գրելու, անդրադառնալու այն հարցերուն, որոնք մեր առօրեան կը տագնապեցնեն` առանց մտածելու, որ մամուլին մէջ կաշկանդումներ կան:
«Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 աշխատակիցներ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող հանգրուանին մասին իրենց մտածումներն ու վերլուծումները «Ազդակ»-ին ճամբով հրապարակեցին ինչպէս լիբանանահայ գաղութէն, այնպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ «Ազդակ»-ին աշխատակցող մամուլի գործիչներ եւ մտաւորականներ:
Ուրբաթ, 2 սեպտեմբերի «Ազդակ»-ի թիւը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման 25-ամեակին: Գունաւոր էջերէ բաղկացած այս թիւին մէջ ստորագրեցին սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն յօդուածագիրներ: Այս թիւէն որոշ քանակութիւն ուղարկուեցաւ Արցախ, Արցախի լրագրողներու միութեան, Ստեփանակերտի մամուլի ակումբին, Արցախի մէջ լոյս տեսնող թերթերու խմբագրութեանց եւ պետական գրասենեակներուն:
Այս թիւին հովանաւորն էր «Շուշի կրանտ հոթել»-ը:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիով «Ազդակ» հրատարակեց յատուկ թիւ մը: Տրուած ըլլալով, որ տարին յոբելենական էր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան համար, որ դարձեալ կը նշէր իր հիմնադրութեան 25-ամեակը, բնականաբար յօդուածները կամ ուսումնասիրական աշխատանքները անդրադարձան նաեւ Արցախին, որ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրերուն ուղղակի ագուցուած գործօն էր պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադրութիւններուն նկատմամբ:
Հայաստանի 25-ամեակի բացառիկ թիւի բովանդակութիւնը առնչուած է վերանկախացման պայմաններուն, արցախեան ազատամարտին հետ կապակցութեան, պետականաշինութեան հոլովոյթին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեանց վերաբերող հիմնախնդիրներուն, արցախեան բանակցային գործընթացին եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն:
Տեղին է նշել, որ «Ազդակ»-ի բացառիկներուն հովանաւորութիւնը կը շարունակեն ստանձնել տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները:
Յայտնենք նաեւ, որ այս տարի բազմաթիւ առիթներով «Ազդակ»-ը լոյս տեսաւ գունաւոր:
Մամլոյ Լսարաններ
Այս տարի եւս շարունակուեցան «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, գրասէրներ, երիտասարդներ եւ ներկայացուած նիւթերով հետաքրքրուողներ:
2016-ին կազմակերպուեցան հետեւեալ մամլոյ լսարանները.
– Թիւ 111, 13 յունուար, նիւթ` «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները. մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները», զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան:
– Թիւ 112, 27 յունուար, նիւթ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը», զեկուցաբեր` «Օփըն ուունտզ. արմինիընզ, թըրքս էնտ է սենչըրի աֆ Ճենոսայտ» նորատիպ գիրքի հեղինակ, լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Վիգէն Չթըրեան:
– Թիւ 113, 22 փետրուար, նիւթ` «Հայ-թուրք սառած յարաբերութիւնները եւ առնչուած քաղաքական գործընթացները տարածաշրջանին մէջ», զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
– Թիւ 114, 14 մարտ. նիւթ` հայկական մանրանկարչութեան մասին, զեկուցաբեր` արուեստաբան Անի Մարգարեան:
– Թիւ 115, 21 մարտ, նիւթ` «Ցեղասպանութեան ընկալումի հարցեր եւ նոր մարտահրաւէրներ», զեկուցաբեր` Պոխումի համալսարանի «Սփիւռք-ցեղասպանագիտութիւն» գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Միհրան Տապպաղ:
– Թիւ 116, 17 մայիս, նիւթ` «Արցախեան քառօրեայ պատերազմը», զեկուցաբեր` հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան:
– Թիւ 117, 3 յունիս, «2015-հայ վիճակը յետհայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ-վերլուծում մը» գիրքին ներկայացումը` վերջինիս հեղինակ դոկտ. Սեդա Պարսումեան- Տատոյեանի կողմէ:
– Թիւ 118, 10 յունիս, զրոյց-քննարկում` հայագիտութեան ներկայ խնդիրներուն մասին: Օրուան զեկուցաբերներն էին Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Միչիկըն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
– Թիւ 119, 22 յունիս, նիւթ` «Արեւմտահայերէնը` կենսունակ լեզու», զեկուցաբեր` դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան:
– Թիւ 120, 23 յունիս, նիւթ` իրավիճակը Տիգրանակերտի, Մուշի, Սասունի, Երզնկայի եւ Տէրսիմի մէջ` դասախօսին կատարած վերջին ուղեւորութեան տպաւորութեան լոյսին տակ, զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան:
– Թիւ 121, 17 նոյեմբեր, «Ես վերադարձել եմ» ժապաւէնի ցուցադրութիւն, որ նուիրուած է արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի ծննդեան 175-ամեակին եւ ներկայացում ժապաւէնի հեղինակ` հայրենի գրականագէտ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ պատրաստուած, մեծանուն մտաւորականին նուիրուած եռահատորին:
«Ազդակ»-ի յարկին տակ
թուայնացման
աշխուժ աշխատանքներ
– «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն-ին մէջ թուայնացման մասնագիտական աշխատանքը արդէն իսկ իր լրումին հասաւ: Այսօր 89-ամեայ հաւաքածոները արդէն նկարահանուած, յատուկ ծրագրաւորման համակարգի մէջ տեղադրուած եւ որոնողական դրութեամբ օժտուած են: Թերթին 90-ամեակին անոնք արդէն պիտի դրուին ուսումնասիրողներուն տրամադրութեան տակ:
– 2015-ին յայտարարած էին, որ կան «Ազդակ»-ի պակսող թիւեր: 2016-ին «Ազդակ»-ի հաւաքածոյէն պակսող թիւեր նկարահանուեցան Վիեննայի մէջ: «Ազդակ»-ի 1931 տարին ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւ 1941 տարին (յունուար 3-էն մինչեւ յունիս 26) եւ 1944 տարին (յունուար 1-էն մինչեւ մարտ 2) ամբողջացուցած են թուայնացման առաջին փուլը:
Մեր քով պակսող այս թիւերուն մասին մեզի տեղեակ պահեց Պոլիսէն մեր գործընկեր Սեւան Տէյիրմենճեանը, որ Վիեննա գտնուած միջոցին կատարեց այս աշխատանքը: Ապա մեր խնդրանքով նկարահանման ծրագիրին նախաձեռնեց «Ազդակ»-ի բարեկամներէն, բանասէր, մատենագէտ, Վենետիկի միաբանութեան անդամ Վահան ծ. վրդ Օհանեանը` գործակցութեամբ Վիեննայի Մխիթարեան վանքի մատենադարանապետ Սիմոն վրդ. Պայեանի: «Ազդակ»-ի նշուած տարիներու էջերու նկարահանման աշխատանքը իրականացուց լուսանկարիչ Լեւոն Մկրտչեան:
– «Ազդակ»-ի արխիւներէն բացի, թուայնացուեցան եւ կորուստէ փրկուեցան նաեւ այլ հրատարակութիւններ:
«Ազդակ»-Ազգային Գրադարան
Համագործակցութեան Առաջին Քայլեր
– Ստորեւ ներկայացուած ցանկը` դաշնակցական մամուլի 26 անուն հաւաքածոներ, արդէն «Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ են` նկարահանուած վիճակով: Ազգային գրադարանին մէջ պահուող եւ այնտեղ նկարահանուած այս հաւաքածոները «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ շուտով, յատուկ ծրագրաւորումի փուլէն անցնելէ ետք, կ՛օժտուին որոնողական համակարգով եւ այսպիսով կը նկատուին թուայնացուած: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին հետ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը առաջին քայլերը կ՛առնէ. ծրագրուած է յատկապէս մամուլի հաւաքածոներուն ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքներ իրականացնել: Այս առնչութեամբ կը ներկայացնենք նաեւ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի նամակը` ուղղուած «Ազդակ»-ին, ուր կը կատարուի «Ազդակ»-ի թուայնացման աշխատանքին գնահատականը.
«Ստացանք ձեր կողմից ուղարկուած «Ազդակ» պարբերականի 2009-2010 թուականների թուայնացուած տարբերակները եւ գրանցուած լազերային պնակիտի վրայ, մշակուած նիշերի տեսագիտական ճանաչման համակարգով (OCR-Optical Character Recognition):
«Ցանկանում եմ նշել, որ ստուգելով նիշերի ճանաչման որակը, հասկացանք, որ դուք ապահովել էք շատ բարձր արդիւնքներ, պատկերները գործնականում վերծանուած են անսխալ, որի համար ընդունէք իմ շնորհաւորանքները:
Իրականացրել էք եզակի աշխատանք, որի արդիւնքները մեծապէս կը նպաստեն հայագիտական նիւթերի որոնման եւ արդիւնաւէտ օգտագործման հնարաւորութիւնների ընդլայնմանը, ինչպէս նաեւ` հայալեզու բովանդակութեան տեսանելիութեան ապահովմանը համացանցում»:
«Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ դրուեցան հետեւեալ թերթերը, որոնց թուայնացման աշխատանքները արդէն պիտի սկսին. «Ազատ Հայաստան», «Ազատամարտ», Պոլիս ՀՅԴ օրկան, հիմնուած` 10-6-1909 թուականին, «Ազատամարտ» շաբաթաթերթ, Պոլիս, 1910-1911, «Ազատամարտ» շաբաթաթերթ, Փարիզ, 1978, «Ազդակ», Պոլիս,
«Ալիք» օրաթերթ, Թիֆլիս, 1906 թուական, «Ալիք», Կարին, 1914 թուական, «Այգ» եռօրեայ, Թաւրիզ, 1914-1921, «Աշխատանք» շաբաթաթերթ, Վան, 1910-1915, «Աշխատանք», Զմիւռնիոյ1913-1914,
«Աշխատանք», Երեւան, 1916-1919, «Աշխատաւոր», Թիֆլիս, 1919-1920, «Աշխատաւոր»-ի լրատու, Թիֆլիս, «Աշխատաւորի ձայն» օրաթերթ, Կարս, «Ապառաժ», Ամասիա, 1911,
«Ապառաժ», Շուշի, 1917, «Առաջամարտ», 1912, «Արդարամարտ», Պոլիս, 1918, «Արեւ», Պաքու, 1914-1918, «Արիամարտ», Պոլիս, 1918, «Արօր», Թիֆլիս,1907, «Բագին», յաւելուած, «Ազատամարտ»-ի, 1911-1912, «Գործ», Պաքու,
«Գործ» ամսագիր, Պաքու, 1917, «Գործ, Թիֆլիս, 1908-1909, «Երկիր» օրաթերթ, Թիֆլիս, 1906, «Յառաջ»-ի շարունակութիւնը, «Զանգ», Երեւան, 1917-1919, խմբագիր` Վրացեան, «Զանգ», Թիֆլիս, «Հայաստանի Աշխատաւոր», ՀՅԴ օրկան, «Հայկաշէն», Փարիզ, 1942-1943, «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, «Հորիզոն», Թիֆլիս, ՀՅԴ օրկան, 1909-1914, «Ճակատամարտ» Պոլիս, «Յառաջ», Թիֆլիս, 1906, «Յառաջ», Պաքու, 1917 «Յառաջ», Փարիզ 1950-1960, «Յարդգող», գրական յաւելուած «Ազդակ»-ի, Պէյրութ, «Նոր Ալիք», Թիֆլիս, 1907, «Նոր աշխատաւոր», Թիֆլիս, 1919-1920, «Շիրակի աշխատաւոր», ՀՅԴ օրկան, «Վէմ», Փարիզ:
300 Աշակերտներ մասնակցեցան
«Անսխալ Գրենք» Մրցումին
Կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին աշակերտներու խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ` մասնակցելու «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: Մասնակից 300 աշակերտները եկած էին հետեւեալ հայկական վարժարաններէն` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
Աւարտին անոնք ստացան յատկանշական նուէրներ:
Այլ աշխատանքներ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Նորվեկիոյ Թագաւորութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ, հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2016-ին Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 155-ամեակին:
Այս առիթով խօսք առին եւ Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 155-ամեակին առիթով անոր մարդասիրական մեծ աշխատանքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ Թագաւորութեան դեսպան Լենի Լինտ, «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահ, ակադեմիկոս Ֆելիքս Բախչինեան:
Այս տարի «Ֆրիտիոֆ Նանսեն»-ի պարգեւին արժանացաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որուն շնորհուեցաւ մեծ մարդասէր, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր «Ֆրիտիոֆ Նանսեն»-ի ոսկի յուշամետալ` հասարակական, քաղաքական, մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման եւ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալուած գործունէութեան համար:
Աւարտին իր շնորհակալական եւ սրտի խօսքը արտասանեց Շահան Գանտահարեան:
– Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցան Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստեր, զորս վարեց համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
«Ազդակ» արդէն իսկ կանգնած է իր 90-ամեակի սեմին, սակայն 9 տասնեակ տարիները չեն ծերացուցած թերթը, այլ անոր տուած են յաւելեալ պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն, առաւել եւս աւելցած են անկէ եղած ակնկալութիւնները: Գիտակից այս բոլորին` «Ազդակ»-ի ներկայի մարդուժը կը շարունակէ իր երթը` հաւատարիմ 90 տարիներ այս թերթի հովանիին տակ եւ անոր համար գործած մեծաթիւ լրագրողներու, թղթակիցներու, խմբագիրներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ ու ժամանակներու մամուլին ծառայողներու: