Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա.- Ուխտի Գացինք Ճեմարան

January 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_kantsasar_00

Սուրիական պատերազմի նախորդ հինգ տարիներուն Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, մարդակերտումի այս դարբնոցը, սփիւռքին մնայուն կերպով նոր արիւն ու աւիւն ներարկող  ազգային մեր տունը կորսնցուց իր երբեմնի շէնութիւնը: Մնաց հաստատուն, բայց ամայացաւ: Ճեմարանի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած ու տարիներ շարունակ զայն շնչած ճեմարանականները պատերազմի դառն պատահարներուն իբրեւ հետեւանք, թէեւ հեռացան հայապահպանումի այս փարոսէն, սակայն տարիներ շարունակ լուսաւորուեցան անոր անմար ճառագայթներով ու ապրեցան իրենց վարժարանին անխառն պաշտամունքով:

Ճեմարանականներուն մթնոլորտը  ճառագայթող մնաց ամէնուրեք: Հարիւրաւոր հրթիռներն ու պայթուցիկ կազի տակառները թէեւ ժամանակաւորապէս  ամայացուցին այս անսասան տաճարը, սակայն չյաջողեցան ոչնչացնել անոր ճառագայթող էութիւնը: Ճեմարանականները ֆիզիքապէս հեռացան իրենց դպրոցէն, բայց ընդմիշտ Ճեմարանով ու Ճեմարան վերադառնալու յոյսով ապրեցան:

Ճեմարանի ողջ ընտանիքը (աշակերտներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, շրջանաւարտից միութիւն) դժուար պայմաններու տակ շարունակեց իր առաքելութիւնը: Եւ հայակերտ այս կառոյցին երթը շարունակուեցաւ:

Անխափան այս երթին շաղախը յուսատու հաւատքն էր, իսկ զայն ամրապնդողը` գաղափարը: Հրաչ Փափազեաններու, Զարեհ Փայասլեաններու եւ մերօրեայ նուիրեալներու գաղափարական հենքին վրայ հաստատօրէն կանգնած Ճեմարանը հինգ տարիներու տագնապալի առօրեայէն ետք անկիւնադարձային հանգրուան թեւակոխեց:

Հալէպի ու յատկապէս Նոր Գիւղի խաղաղութեան վերահաստատումով վարժարանը իր դռները լայն բացած, սիրով ու կարօտով դիմաւորեց ճեմարանականներն ու հալէպահայութիւնը` թօթափելու պատերազմի ծանր լուծը եւ վերականգնումի նոր էջ բանալու Ճեմարանի պատմութեան մէջ:

Ու մենք մոմերով ուխտի գացինք Ճեմարան` մեր արմատներուն միանալու, Ճեմարանի, Նոր Գիւղի ու հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրեալ նահատակներուն մատուռը լուսաւորելու, անոնց` Ճեմարանի վերականգնումը աւետելու ու ազգային, համայնքային մեր ժառանգութեան պահպանման յանձնառութիւնը վերահաստատելու:

Ուխտի գացինք Ճեմարան` հաւատարիմ մնալու անոր ջամբած հայեցի դաստիարակութեան եւ անխախտ պահելու մեր հաւատքը հանդէպ Ճեմարանին ու անոր վսեմ առաքելութեան:

Ուխտի գացինք մոմերով` աղօթելու խաղաղութեան համար:

Ուխտի գացինք` միասնաբար վերակառուցելու մեր գիտութեան հնոցն ու օտարութեան դաժան մրրիկներուն դէմ մեզ անսասան պահող բերդը:

Ուխտի գացինք ու գօտեպնդուեցանք, լիցքաւորուեցանք Ճեմարանի հզօր ներուժով:

Նախորդը

Հինգ Տարուան Տարագրութենէն Ետք, Ճեմարանականները Այցելեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան

Յաջորդը

Քաղաքակրթութիւններ, Որոնք 1 Յունուարը Իբրեւ Նոր Տարուան Առաջին Օր Չեն Նշեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.