Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Վերելքի Սկիզբի` Ուշացած Բայց Անյետաձգելի Ազդանշանը

Յունուար 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

asbarez_armenian_nys_cvr_11

Հայրենիքը պէտք է հզօրանայ, պէտք է կասեցուի տնտեսական վայրէջքը, արտագաղթը, պէտք է համընդհանուր` տնտեսական, հասարակական, քաղաքական, մշակութային վերելքը սկսի, պէտք է հնչէ վերելքի ազդանշանը:

Այդ ազդանշանը պէտք է տանք բոլո՛րս: Աշխատանքով, պայքարով, կառուցելով, նպաստելով, աջակցելով, քննադատելով, ընդդիմանալով` յանուն Հայաստանի բարգաւաճման, յանուն Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան:

Դժուար եւ ցաւագին տարի մը եղաւ անցեալ տարին: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անփոխարինելի կորուստները, պետութեան ներքին կայունութիւնը ցնցող Յուլիսեան իրադարձութիւնները…իւրաքանչիւրը իր յատուկ դրդումով պէտք է մեզ արթնցնէ օրուան տագնապներուն հետ հաշտուելու թմրեցնող քունէն:

Այո՛, մենք կրնանք այդ ցաւին ու տագնապին մէջ գտնել ներքին այդ ուժեղ կամքն ու վճռականութիւնը, որոնք կրնան մեզ, հաւաքաբար, առաջնորդել դէպի ինքնամաքրում, դէպի կտրական մերժում` ամէն տեսակ կեղծիքի, անարդարութեան, փտածութեան, չարաշահութեան:

Պիտի գտնենք նաեւ վճռականութիւնը դրսեւորելու այնպիսի՛ դրական լիցք, այնպիսի՛ վստահութիւն, որ պիտի կարենայ շարժել մեր ստեղծագործ ջանասիրութիւնը, պիտի կարենայ մեզ հաւաքել ընդհանուր նպատակի շուրջ:

Վերելքի ազդանշանը մենք այստե՛ղ պիտի հնչեցնենք, իբրեւ սփիւռքեան կարեւորագոյն համայնքներէն մէկուն կողմէ յայտարարուած յանձնառութիւն, զօրակցութեան եւ գործակցութեան պատրաստակամութիւն:

Մենք համոզուած ենք, որ մեր երազի հայրենիքը անհնար չէ իրականացնել, եւ որ մեր մէջ կայ ահռելի՛ ներուժ` այդ երազի իրականացման նուիրաբերելու:

Այդ ներուժը կայ մեր երիտասարդներո՛ւն մէջ, որոնք այսօր կը յաճախեն այս երկրի լաւագոյն համալսարանները, եւ որոնք կարեւոր պաշտօններ կը գրաւեն հանրային ու մասնաւոր ոլորտներու մէջ, եւ որոնք, ամէնէ՛ն կարեւորը, տոգորուած են հայրենասիրութեամբ ու պատրաստ են ընկալելու, ջատագովելու Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ որեւէ ծրագիր:

Այդ ներուժը կայ մեր համայնքի կազմակերպուած կառոյցներո՛ւն մէջ, որոնք կրնան նպատակասլաց աշխատանքի դաշտ մտնել` համախմբուած, իրենց շուրջ հաւաքելով համայն հայութիւնը` հրաշալի՛ տարողութեամբ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կրցան հաւաքել Քալիֆորնիոյ հայութիւնը Փոքրիկ Հայաստանի պողոտաներուն վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պահանջատիրական քայլարշաւին ժամանակ:

Այդ ներուժը կը բազմապատկուի` միանալով միւս համայնքներուն, սփիւռքի միւս օճախներու հայութեան ճիգերուն: Կրնայ ըլլալ, որ մեր համայնքին իւրայատուկ բաղադրութեան բերումով` մե՛նք ենք ամէնէն աւելի տարակուսողը Հայաստանի մէջ դրական տեղաշարժին: Ուրեմն, թօթափելով մեր վրայէն այդ տարակոյսի սերմերը, կրնանք առաւել վստահօրէն առաջնորդողի դեր վերցնել` սփիւռքեան կարողականութիւնը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ ուղղորդելու դէպի հայրենիք: Մեր ներդրումի յաւելեալ կշիռը կրնայ որակապէս փոխել իրավիճակը, արագացնել բարեփոխման գործընթացը, պայմանաւ որ…առա՛նց պայմանի, սակայն` պիրկ, պարտաւորեցնող պահանջներով:

Ուրախ ենք, որ ազգովին սուրիահայութեան կենսական կարիքներուն մասին մտահոգուելու փոխարէն` պիտի բռնուինք անոր վերականգնումի տենդով, որ պիտի լիցքաւորուի նո՛յն գործին լծուած հալէպահայութեան ուժականութեամբ, որուն խանդավառութիւնը, որուն լաւատեսութիւնը արդէն կը վարակէ բոլո՛րս:

Մենք պիտի չսպասենք, որ վերելքի ազդանշանը հնչէ մէկ այլ տեղէ. մե՛նք պիտի հնչեցնենք զայն, ու հետագայ տագնապներու ահազանգները կանխելու եւ մեր պետութեան անվտանգութեան ու հզօրացման հիմերը ուժեղացնելու արշաւը բուռն թափով յառաջ տանելու պատասխանատուութիւնը` աւելիո՛վ իսկ պիտի ստանձնենք:

Նախորդը

«Մեր Գլխաւոր Բացթողումն Այն Էր, Որ Չստորագրուեց Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ Ռազմաքաղաքական Գործակցութեան Պայմանագիրը»

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?