Անդրադարձ. Սպասելով Մընպեժի Եւ Ռաքքայի Հարցերու Լուծման
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բանակներու սպայակոյտերուն պետերը Անթալիոյ մէջ գումարեցին երկօրեայ ժողովներ: Սուրիոյ տագնապին հարցով իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այս ժողովը առ երեւոյթ եռակողմանի ձեւաչափով էր: Անգարայի եւ Ուաշինկթընի մօտ գոյութիւն ունեցող զգայնութիւններուն պատճառով` ժողովէն բացակայող Իրանի եւ Սուրիոյ ոչ պաշտօնական ներկայացուցիչն էր Ռուսիան, իսկ քիւրտերունը` Միացեալ Նահանգները: Հարցը այն է, որ գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումներուն...

















