«Զարմանազան»
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէնի զարգացման իր հնգամեայ ծրագիրի ծիրին մէջ «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» անունով կրթական աշխատանոցի մը կը ձեռնարկէ, որ նոյն վայրին մէջ պիտի համախմբէ զիրար ամբողջացնող երկու ճիւղեր. 10-15 տարեկան մանուկներուն ուղղուած ամառնային ճամբար մը (Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան հետ գործակցաբար), զուարճալի ու ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ, արեւմտահայերէնի գործածութիւնը խրախուսելու նպատակով. Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ուղղուած արհեստագիտական...



















