Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով
ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ Կանաչեան օժտուած էր բացառիկ սուր լսողութեամբ: Եթէ պատահէր, որ ականջ-ձայնի քննութենէն ձախողած մէկը փորձէր գաղտագողի սպրդիլ եւ, օրինակի համար, թենորներու շարքին անցնէր` օգտուելով վարպետին տեսողութեան տկարութենէն, փորձերուն հազիւ սկսած, Կանաչեան, մատը երկարած, ինքնավստահ քայլերով կը յառաջանար շիփ-շիտակ «անականջ», բայց երգի եւ Կանաչեանի սիրահար խեղճ արարածին ու կշտամբանքով զայն դուրս կը դնէր շարքերէն: Անկարելի է երեւակայել ձախողած «երգիչին»...

















