Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաղը, Որ Ամայի Դարձաւ

Մարտ 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

Թաղին մանուկները չարաճճի էին, բայց բարի, նոյնիսկ հոգատար` անընդհատ ոստոստող ճնճղուկներու խումբին հանդէպ: Ոչ պարսատիկ, ո՛չ քար.. անոնք սիրալիր աչուկներով կը դիտէին ու կը զուարճանային, երբ իրենց նետած հացի կտորին վրայ ճնճղուկները կը յարձակէին, ու մէկը միւսին կտուցէն կը փորձէր յափշտակել օրուան պարգեւը:

Թաղի բնակիչները եւս հոգատար էին, միայարկ շէնքի լուսամուտին առջեւ բարեպաշտ մեծ մայրիկը ամէն առաւօտ կը խաչակնքէր ու ափին մէջի հացի կտորտանքները շաղ կու տար դէպի կողքի լքուած տանիքը: Բաւարար ուտելիք ունէին, կուշտ ու կուռ կ՛ոստոստէին, բայց կը շարունակէին իրար կտուցէ խլել փշրանքները: Խլելն ու յափշտակելը կենդանի արարածներու բնազդն է, նոյնիսկ` անվնաս, ամենավախկոտ ճնճղուկներուն…

***

Ճնճղուկը չէր յիշեր, թէ երբ հասաւ այս տանիքը, մայրը կտուցով կերակրած էր, թռչիլ, ոստոստել սորվեցուցած ու երբ դարձած էր ինքնուրոյն, յանկարծ` անհետացած… ճնճղուկը գոհ էր իր ապրած միջավայրէն, թաղը հանդարտ էր, սնունդը, որ գոյատեւելու համար ամէնէն անհրաժեշտն էր, առատ էր: Տանիքի զոյգ բարձր գերաններէ կախուած ելեկտրական լարերն ալ օրօրուելու, ճռուողելու, երազելու եւ հեռուները դիտելու յարմարագոյն ու զուարճալի վայր էին.. երբեք-երբեք չէր մտածած հեռանալ այստեղէն, ընդհակառակը, իր հաւատարիմ ընկերը գտած ու բոյն պատրաստած էր լքեալ պատուհանի մը գոգին մէջ:

Ե՞րբ արթնցաւ իր մէջ այս զգացումը… Գարնան երկնքի անհունին մէջ նախանձով դիտեց ճախրող ծիծեռնակները: Ընկերը, շիւղը բերնին,  շարունակելով հիւսել կիսաւարտ մնացած բոյնը, ճռուողելով պատմած էր, որ այս թռչունները եղանակի հետ կը գաղթէին դէպի տաք երկիրներ..

Կտցահարեց, թէեւ հացի կտորը բաւարար խոշոր էր, բայց ամենափոքր փշրանքն անգամ կողքի ճնճղուկին կտուցէն խլելը հաճոյք էր: Ուշադիր հետեւեցաւ, որ ընկերն ալ իր բաժինը առնէ…ճարպիկ չէր ան, թէ՞ յատուկ իրեն համար կը զիջէր. ճռուողեց` ցատկելով դէպի անոր կողմը: Փոքրիկ գլուխը մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ շարժեց, տանիքի կաթկթող խողովակէն ողողեց կտուցը, ծարաւը յագեցած էր: Թռաւ դէպի ելեկտրական լարը, դիտեց հեռուները, դիտեց ճախրող ու ճչացող ծիծեռը, փորձեց թափ տալ փոքրիկ թեւիկները ու ճախրել, բայց հազիւ քանի մը մեթր բարձրացած` ուժերը դաւաճանեցին, պարապին մէջ գլորուելով` հասաւ լարին, տոտիկները կը դողդղային:

Տանիքի ցուիքին վրայ երեւցաւ ագռաւը.

– Ղա՜, ղա՜, ղա՜…

Այնպէս կը խորշէր անոր տգեղ տեսքէն ու նոյնքան տգեղ ձայնէն, եւ հիմա ագռաւը` այս անտանելի թռչնազգին կը ծաղրէր զինք:

Կրկին փորձեց ճախրել… այս անգամ շնչակտուր գահավիժեցաւ տանիքին քարերէն մէկուն վրայ: Վիզը տնկած կկուն անտարբեր նայեցաւ ու գլուխը դարձուց. գոռոզ էր, անոր հետախոյզ նայուածքէն ոչինչ թաքցնել կարելի էր, ան ալ պիտի ծաղրէր զինք, թէեւ ան հաստ մարմինով ու դանդաղ շարժումներով անկարող էր նոյնիսկ իր նուաճած թռիչքին հասնելու:

Երրորդ սլանալու ձախորդ փորձէն ետք իր փոքրիկ գլուխին մէջ յստակ դարձաւ, որ կայ սահմանափակուած կարողութիւն, որ բացատրելը իր իմացականութենէն վեր էր, բայց ցանկութիւնը չափաւորելը կարելի չէր:

– Ղուու՜, ղուու՜ ղուու՜

Գոռոզ կկուն էր` նոյնքան անհաճոյ իր կանչով: Անոր հաստ կոկորդէն ուրիշ ձայն դուրս չէր գար.. Չէ՛, չէ՛, իր փոքրիկ թեւիկները ճախրելու համար չէին, ինք պարզապէս պիտի յափշտակէր փշրանքները իր նմաններէն, կշտանար, գլուխը մերթ ընդ մերթ երկինք բարձրացնէր ու շնորհակալութիւն յայտնէր Բարձեալին:

Եւ ինչո՞ւ դժգոհ էր, հիմա ունէր իր ձագուկները, տաքուկ բոյնը:

Յետոյ… յետոյ ճախրող թռչուններու նման սարքեր երեւացին երկնքին վրայ, բարձր սլացող ծիծեռներն անգամ խուսափեցան անոնցմէ, պահուըտեցան, անհետացան…

Ահաւոր ցնցումներ հասան մինչեւ պատուհանին գոգը, ձագուկները սարսափահար ծըւծըւացին. թեւերը մեկնեց, շանթահարիչ պայթում մը երկվայրկեանի մէջ դղրդաց, ահագին քարեր փուլ եկան, լքուած տանիքին վրայ դիզուած քարեր էին, հոս ու հոն սփռուած ճնճղուկներ: Վախցած` գլուխը առաջ մեկնեց պատուհանէն, փնտռեց ընկերը, բոլորը անհետացած էին մուխի, ծուխի, թանձր փոշիին մէջ..

Կրկին` ցնցումներ ու պայթումներ: Ձագուկները ճուացին, քարերը օդին մէջ ճախրող ծիծեռնակներու փոխարէն երկինքէն վար սլացին, նկատեց կկուին գոռոզ գլուխը` սառած աչքերով, արիւնով շաղախուած:

Ափսոսաց ամէն ինչի համար, գոռոզ կկուին, անճոռնի ագռաւին, փլած տանիքին, սաւառնած, աներեւութացած ծիծեռնակին, տանիքի քարերուն վրայ ցօղուած կաս-կարմիր, անմեղ արիւնին համար:

Թաղը ամայացած էր, բարի մարդիկ խուճապով հեռացած էին:

Յանկարծ յայտնուեցաւ ընկերը` մէկ թեւը կիսովին յօշոտուած, կտուցին մէջ կտոր մը փշրանք, ձագուկները ուրախ ճռուողեցին, փշրանքը բաւարար չէր բոլորը կշտացնելու: Հասած էր ժամը, մայր ճնճղուկը որոշեց ձագուկներուն ազատ թռիչք տալ, ինքնուրոյն թող դառնային ու հեռանային վտանգաւոր այս շրջանէն:

Հեռացան ձագուկները, մայր ճնճղուկը զարմացած էր, որքան արագ թռան ու անհետացան անոնք… մօտեցաւ ընկերոջ, խնամեց զայն, յետոյ կտուց-կտուցի տուած` խորհրդածեցին եւ լքեցին բոյնը ոստոստելով դժուարութեամբ, բայց կրցան հեռանալ կիսաքանդ թաղէն:

Ամէն կողմ քառակոյտեր էին, մինչ ագռաւը թառեցաւ եկեղեցւոյ ծակծկած գմբէթին վրայ ու «Ղա՜, ղա՜, ղա՜» գուժեց անհասկնալի պատերազմը:

Ամայութիւն, մթութիւն, կրկին փայլատակեց երկինքը, հրթիռները սուրացին, ցնցումներ, փուլ եկող քարեր ու դղրդացող առաստաղներ:

Առաւօտուն արեւի շողերը դողդոջելով ինկան քարակոյտերուն վրայ, պատուհանի գոգի բոյնը քանդուած էր, ահագին քար մը փշրած էր դիւրաբեկ շիւղերը:

«Ղա՜, ղա՜, ղա՜» կռնչեց ագռաւը…թառեցաւ պատուհանի գոգին, դիտեց աւերակ բոյնը ու հաստ, անճոռնի կտուցով խառնեց շիւղերու մնացորդները` որդեր որոնելով:

«Ղա՜..ղա՜» ագռաւը թափ տուաւ սեւ թեւերը ու պատերազմի հետ կռինչը տարածուեցաւ կիսաւեր թաղին վրայ:

Արեւի շողերը երկչոտ ու ամչկոտ ծածկուեցան սեւ ամպերուն ետեւ, հրթիռները որոտացին:

Անհասկնալի, անողոք պատերազմ…

 

 

 

Նախորդը

Հալէպ. Դժուար Օրեր

Յաջորդը

Դուշման Վարդան Ստեփանեան – 1966-1992 Արցախեան Ազատամարտի Դաշնակցական Ֆետային

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?