Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյսը Պէտք Չէ Մեռնի

Մարտ 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստանի մէջ ընթացող նախընտրական պայքարին լծուած բոլոր քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւններն ու դաշինքները պատասխանատու են մեր ժողովուրդին` ընտրող քաղաքացիներուն թէ Հայաստանով ապրող սփիւռքահայութեան առջեւ, ժողովրդավարութեան հանդէպ հաւատքը վերջնականապէս կորսնցնել չտալու կապակցութեամբ:

Գիտակցելով, թէ Հայաստանի ապագային համար որքա՛ն էական է արդար ընտրութիւններու իրականացումը, մենք սրտով ու հոգիով կը կանգնինք բոլոր անոնց կողքին, որոնք իրենց վճռական յանձնառութիւնը կը յայտարարեն, թէ թոյլ պիտի չտան խարդախել ընտրութիւնները, պիտի պայքարին Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացը արատաւորող ընտրակեղծիքներուն դէմ, տէր պիտի կանգնին քաղաքացիի քուէին եւ ազատօրէն իր կամքը արտայայտելու անոր իրաւունքին:

Հայաստանի հզօրացումն ու զարգացումը միա՛յն արդար համակարգի մէջ հնարաւոր տեսնող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւնները կ՛ուզէ դարձնել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, անցեալի դառն փորձառութիւններէն ու յուսախաբութիւններէն մեզ բոլորս ձերբազատելու, ամլացնող բարոյալքումի ճահիճէն դուրս բերելու բեկումնային իրադարձութիւն:

Իբրեւ հեռուէն հետեւողներ` հաւանաբար մեզի համար կարելի պիտի ըլլայ մեր մէջ նստած կասկածը ճնշել եւ դրական լիցքերով խրախուսել ընտրութիւններու արդարութեան համար աշխատողները, որոնց կորովին բարձրացումը կրնայ միայն նպաստել կեղծիքի դէմ պայքարին:

Կը հաւատանք, որ ընտրութիւններու արդարութեան նախանձախնդիր ուժերը արթուն են եւ գիտակից, որ երկրին մէջ կան ուժեր, որոնք պարտութիւն չեն կրնար ընդունիլ: Այս ուժերը ամէ՛ն գնով իշխանութիւն պահպանելու տրամաբանութեամբ կը շարժին, եւ եթէ, ինքնավստահութենէ մեկնած կամ այլ «ընդունելի» ու անուղղակի միջամտութիւններով, յաղթանակի հասնելու իրենց նախատեսութիւնը որեւէ պահու խախտի, անոնք կրնան դիմել կոպիտ անօրինութիւններու` վարկաբեկելով ամբողջ գործընթացը:

Այդպիսի պահերու եւս պատրաստ ըլլալու պատասխանատուութիւնը ունին արդար ընտրութիւնները իբրեւ ռազմավարական արժէք գնահատող ուժերը:

Չկայ որեւէ չքմեղանք, պատասխանատուութենէ որեւէ խուսափում` մեր ապագային հանդէպ յոյսը սպաննող որեւէ անօրինութիւն հանդուրժելու պարագային:

Արդար ընտրութիւններուն այլընտրանք չկա՛յ: Հայաստանի ապագային վտանգումը բացառուա՛ծ է: Ուրեմն պէտք է բացառուին կեղծիքն ու խարդաւանքը, պէտք է ապրի՛ յոյսը:

 

 

Նախորդը

«Զարմանազան»

Յաջորդը

Արցախը Ճանաչող Առնուազն Մէկ Երկիր Կայ, Բայց Կը Ճանաչի՞…

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?