Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 30. Ընկեր Երուանդի Ճառը

Մարտ 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Երէկ առաւօտեան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց դաշնակցական ընկերներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Լիբանանի երիտասարդական եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան շարքերէն 52 անդամներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ  մկրտուեցան դաշնակցական մեծանուն գործիչ ու մտաւորական «Կարօ Սասունի սերունդ» անունով:

Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու բազմավաստակ անդամ, պատմաբան, «Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի նախկին տնօրէն եւ այսօր ՀՅԴ արխիւներու կեդրոնի տնօրէն ու գիտահետազօտող, «Նիւթեր  ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու հեղինակ ընկեր Երուանդ Փամպուքեան:

Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակին առիթով Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նպատակայարմար գտած էր մեծանուն գործիչին յիշատակը յարգելու համար երդման արարողութիւնը կայացնել պանթէոնին դիմաց, ուր հանգչած է նաեւ Սասունի: Այսօր, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կազմակերպած է Սասունիի նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին նորահաս սերունդը առիթ պիտի ունենայ ծանօթանալու անոր գործին ու վաստակին:

Երէկուան օրը սակայն դրոշմուած պիտի մնայ իւրաքանչիւր դաշնակցականի միտքին եւ հոգիին մէջ` ընկեր Երուանդ Փամպուքեանի ոգեշնչող պատմական ճառով: Պէտք է խոստովանիլ, որ ընկեր Երուանդ ժամանակէ մը ի վեր կը խուսափէր հրապարակային ելոյթներէ` միշտ թելադրելով, որ նոր ուժեր ստանձնեն այդ պարտականութիւնը, բայց այս անգամ ընդառաջեց, որովհետեւ, այսօր անդրադարձանք, որ ան կարեւոր խօսք ունէր ըսելիք բոլորի՛ն: Շատեր լսած են ընկեր Երուանդը դասախօսութիւններու եւ բանախօսութիւններու ընթացքին: Խոհուն պատմաբանի եւ մտաւորականի իր տիպարը մի՛շտ ալ ազգային արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերած է մեծ երկիւղածութիւն ու հաւատք եւ այդ մէկը յաջողած է փոխանցել իրեն յատուկ հանդարտ եւ սակայն իւրայատուկ ազդեցիկ ոճով: Երէկ սակայն ընկեր Երուանդի ճառը ուրիշ էր իր խորքով, դրդապատճառներով եւ յատկապէս օգտագործուած բառապաշարով ու սահմանումներով:

Եթէ պիտի փորձենք մէկ նախադասութեամբ թարգմանել ընկերոջ ճառը, անվարան պիտի հաստատենք, որ ան անհրաժեշտ նկատած էր ՀՅԴ պանթէոնին մէջ հանգչող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներուն եւ սփիւռքի մէջ անոնց գործը շարունակող իրեն ժամանակակից սերունդի ըսելիքը փոխանցել հայ կեանքի ապրած ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին եւ դաշնակցականի երդումը  վերանորոգելու անհրաժեշտութեան դիմաց դնել նաեւ ընկերական ամբողջ կազմը: Ընկեր Երուանդ թերեւս երկար ժամանակէ ի վեր այսքան բարձր ու ուժեղ կերպով իր ձայնը չէր բարձրացուցած, բայց պանթէոնին մէջ հանգչող իր բոլոր ընկերները ըստ երեւոյթին անհրաժեշտ նկատած էին, որ իրենց արժանավայել պատգամաբերը եւ մեր ժամանակի դաշնակցական նահապետը խօսի ուժեղ ու չվարանի սաստելու բոլորը անխտի՛ր, որովհետեւ ներկայ պահը այդ կը թելադրէ:

Այո՛, երէկ պոռթկաց մեր մեծ ընկերը`  հաստատելով, որ մեր աննման հայրենիքը, հակառակ այն իրողութեան, որ 25 տարուան անկախութեան ճանապարհ կտրած է, սակայն ցաւ ի սիրտ տարուէ տարի աւելիով արիւնաքամ կը դառնայ եւ հայրենիքէն արտագաղթը կը սպառնայ մեր ազգային երթին` իբրեւ համատարած չարիք: Ան Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ բովանդակ հայութեան կոչ ուղղեց հաւաքական ու միացեալ աշխատանքով ու գերբնական ճիգով, բոլոր միջոցներով կասեցնելու մեր գոյութեան սպառնացող այս պատուհասը եւ այդ առաքելութեան իրականացման համար անհրաժեշտ նախապայման նկատեց հայրենի հողին վրայ ընկերային արդարութեան անյապաղ վերականգնումը, որպէսզի հայը մնայ իր հողին կառչած եւ հայրենիքը մեր ձեռքով չկորսնցնենք:

Դաշնակցական նորագիրներուն եւ բոլոր շարքերուն ուղղելով իր խօսքը` ընկեր Փամպուքեան իր ձայնային ամբողջ ուժը ներարկելով իր պատգամին, պատուիրեց բոլորին կառչած մնալու Դաշնակցութեան 127-ամեայ աւանդներուն, անմնացորդ ծառայութեան  հաւատամքին` հաստատելով, որ դաշնակցական երդումը գերագոյն արժէք է եւ շապիկ չէ, որ կարելի ըլլայ ամէն օր փոխել: Իսկ եթէ օր մը պատահի, որ ենթական դուրս մնայ շարքերէն, նորէն այդ երդումը կարելի չէ դրժել: Ան հաստատեց, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԻ ԵՐԴՈՒՄԸ ԳԵՐԻՎԵՐ Է ԲՈԼՈՐԷՆ ԵՒ ԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԽՆԴԻՐ Է:  Այո՛, երդման արարողութեան ներկայ գտնուող հոծ թիւով ընկերները ընկեր Երուանդի պատգամին ականջալուր նորագիր երիտասարդներուն հետ վերանորոգեցին իրենց ուխտը` ծառայելու հայութեան ու Հայաստանին:

Այսօր, երբ հայրենի հողին վրայ ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մը վերականգնումը իբրեւ նոր հանգրուանի սկիզբ նախապայման կը նկատուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ եւ 127-ամեայ կուսակցութիւնը` հաւատարիմ Ա. հանրապետութիւնը կերտած սերունդի պատգամին ու նուաճած փորձառութեան, նոր սահմանադրութեան լիակատար գործադրութեամբ կը դիմէ հայրենի ժողովուրդին, յաւելեալ հնչեղութիւն ու իմաստաւորում կը ստանայ ընկեր Երուանդի ճառը: Հայրենիքի մէջ խորհրդարանական համակարգով արդար Հայաստանի ամրակայումը 2 ապրիլին, համայն հայութեան համար կարեւոր քննութիւն մըն է, որուն յաջողութենէն կախեալ է մեր երկրի ամբողջ ապագան: Այո՛, ընկե՛ր Երուանդ, մեզի սորվեցուցած էք, որ դաշնակցականին համար ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ՈՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ, ՈՐՈՆՑ ՀԱՄԱՐ ԿԱ՛Յ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՆԱԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԽՆԴԻՐ:

Սիրելի՛ ընկեր, մենք համոզուած ենք, որ արդարութեան վերականգնումը մեր գործը պիտի իմաստաւորէ ու հայրենիքը փրկէ բոլոր չարիքներէն եւ վտանգներէն: Մինչ այդ, ձեզի կը մաղթենք արեւշատութիւն, որպէսզի այդ համահայկական մեծ երազի իրականացման աւետողը նաեւ դուք ըլլաք եւ պանթէոնին մէջ թէ այլուր իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած բոլոր նուիրեալներու փոխարէն կիսէք մեզի հետ այդ պատմական ու ազգային ցնծութիւնը:

Ձեր վարձքը կատա՛ր, շարունակեցէ՛ք պատգամել…

 

 

 

Նախորդը

Միտքեր` Կարօ Սասունիէն

Յաջորդը

Ստանալով «Կարօ Սասունիի Սերունդ» Անունը` 52 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?