Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկարատեւն Ու Ժամանակաւորը

March 15, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եւրոպական Միութեան շարք մը ազդեցիկ անդամներու եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջերս զարգացած լարուածութիւնը եկաւ խորացնելու այն վիհը, որ գոյութիւն ունէր միութեան եւ անոր անդամակցութեան ձգտող երկրին միջեւ: Այդ իրողութեան մէկ անմիջական արտայայտութիւնը եղաւ Պրիւքսելի կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ‎ համարկման համար Անգարայի տրամադրուած ֆինանսաւորման մէկ մասի սառեցումը: ‎‎Վերջին օրերու զարգացումներն ու թրքական կողմի յայտարարութիւնները նաեւ տապալեցին Թուրքիոյ չափաւորական իսլամութեան ու ժողովրդավարութեան նախապէս անտեղի կերպով գովերգուած բնորթը: Ուստի Թուրքիոյ նախագահի «Արեւմուտքը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին իր իսկական դէմքը յստակօրէն ցոյց տուաւ» խօսքը հեքնական է:

Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հետ ստեղծուած դիւանագիտական ճգնաժամին դրդապատճառը ընտրութիւններն են: 5,5 միլիոն թուրքեր կ՛ապրին արտասահման, եւ միայն Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 1,4 միլիոն թուրքեր: Թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին մէջ ապահովել անոնց զօրակցութիւնը, սակայն այդ փորձի ընթացքին անոնք Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը կ՛արտածեն սփիւռքեան գաղթօճախներ, ինչ որ բնականաբար բացասաբար կ՛ընկալուի նշեալ երկիրներու իշխանութիւններուն կողմէ:

Հոլանտայի իշխանութիւնները, սակայն, թուրք երկու նախարարներու երկիր մուտքը արգիլելով ոչ միայն փորձեցին իրենց երկրին կայունութեան սպառնացող վտանգը վնասազերծել, այլ նաեւ հազիւ քանի մը օր ետք նախատեսուած ծայրայեղ աջակողմեան «Ազատութիւն» կուսակցութեան եւ անոր թրքամերժ, եւրոսկեպտիկ եւ իսլամոֆոպ ղեկավար Կերթ Վիլտըրզի հետ սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ ընթանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ, եթէ ոչ յաւելեալ քուէներ ապահովել, առնուազն քուէներ չկորսնցնել: Թրքական կողմը իր կարգին Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ արձանագրուած դէպքերուն ստեղծած զգացական մթնոլորտը կ՛օգտագործէ իր քարոզարշաւին մէջ: Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ թուրքերը 16 ապրիլին` հանրաքուէի ընթացքին լաւ դաս մը պիտի տան Հոլանտայի, կարծէք հանրաքուէն Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններուն մասին ըլլար եւ ոչ թէ` մենատիրական վարչակազմի մը հաստատման:

Երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը սակայն երկարատեւ պիտի չըլլայ եւ ունի յստակ ժամկէտ մը` 16 ապրիլը, որմէ ետք ընթացք պիտի առնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Ատոր գլխաւոր պատճառը երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական շահերն են: Հոլանտայի դէպի Թուրքիա արտածումները արժէքը տարեկան 6,5 միլիառ եւրօ է, իսկ հակառակ ուղղութեամբ արտածումներունը` աւելի քան 18 միլիառ եւրօ: Հոլանտան նաեւ Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն ներդրում կատարողներէն է: Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը անցնող 5 տարիներուն ընթացքին արձանագրած է 20 առ հարիւրի աճ:

Շուտով վերջ կը գտնէ նախընտրական լարուած մթնոլորտը եւ ատոր հետ նաեւ Հոլանտա-Թուրքիա լարուածութիւնը: Նոյնը կարելի չէ ըսել Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Թուրքիոյ` իբրեւ չափաւորական իսլամութեան բնորթ հասած վնասին մասին. ատոնց դարմանումը պիտի կարօտի երկար ժամանակի:

 

 

 

Նախորդը

«Շարլի Էպտօ» Ծաղրած Է Գերմանիոյ Ուղղուած Էրտողանի Մեղադրանքները` Յիշեցնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Միակ Կուսակցութիւնն Է, Որուն Նախընտրական Ծրագիրին Մէջ Կայ Ջաւախահայութեան Աջակցելու Խնդիր

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.