Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Տոնըլտ Թրամփի նախագահ ընտրութենէն ի վեր ամերիկացի ժողովուրդին հետ ամբողջ աշխարհը ամէն օր կ՛արթննայ այն վստահութեամբ, որ Սպիտակ տան նոր պետը անպայման նոր անակնկալ մը վերապահած է իրենց: Եւ Թրամփ յուսախաբ չ՛ըներ ոեւէ մէկը. նախագահական հրամանագիր մը, բարձրաստիճան պաշտօններու վրայ նշանակումներ, համակարգչային «գեղեգեղուն»` Թուիթըր հաղորդամիջոցի ճամբաներով «ռումբ»-եր կը բաշխէ ամերիկացի ժողովուրդին ու աշխարհին, հոգ չէ թէ նորութիւնները ինչպիսի՛ փոթորիկներ, տագնապի բանալիներ եւ… անհեթեթութիւններ կը սփռեն չորս դին: Անոր մեծագոյն «նուաճումներ»-ուն շարքին էին «իսլամական եօթը երկիրներ»-է Միացեալ Նահանգներ հասնիլ ուզողներուն դէմ դրուած արգելքը, որ շուտով կրճատուեցաւ ու սահմանափակուեցաւ 6 երկիրի. անբացատրելի մնաց, թէ Իրաքը ինչո՞ւ պրծաւ «սեւ ցանկ»-էն, կամ` միւսները ինչպիսի՞ ահաբեկչական արարքներ գործած էին Միացեալ Նահանգներու կամ այլոց դէմ, ու տակաւին` Թուրքիոյ նման ահաբեկիչ պետութեան մը անունը ինչո՞ւ դուրս կը մնայ ցանկէն:
Այս հարցին շուրջ ծաւալող փոթորիկը առանձնակի երեւոյթ չէ. նման փոթորիկներ ստեղծուեցան Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ հիւսելու ծրագիրին, վերջին ընտրութիւններուն` Ռուսիոյ կողմէ կատարուած կամ չկատարուած միջամտութեան, իր գրասենեակները լրտեսած ըլլալու յանցանքով Օպամային ուղղուած ամբաստանութեան, Շուէտի մէջ «ահաբեկիչներու անասելի յելուզակութիւններ»-ուն (լուրը ափ ի բերան ձգեց Շուէտի իշխանութիւնները, որոնք Թրամփէն իմացան, որ իրենց երկրին մէջ ահաբեկչական անտանելի՜ արարքներ տեղի կ՛ունենան եղեր) եւ նման շռնդալի հրապարակումներու պատճառով: Ու եթէ այդ բոլորը առաջին շաբաթներուն փոքրաքանակ մատուցուեցան օր աւուր, խորհրդարանի միացեալ նիստին իր արտասանած ճառով նախագահը անցաւ մեծաքանակ վաճառքի, հրապարակ նետեց դրական ու սպառնական-վտանգալից առաջադրանքներ, որոնք այս անգամ ափ ի բերան թողուցին Միացեալ Նահանգներու բանիմաց շրջանակներն ու ժողովուրդը` ընդհանրապէս, որովհետեւ ստեղծուած է վիճակ, որ ակնդիրին եւ ունկնդիրին մէջ շփոթ կը ստեղծէ, թէ նախագահին ու գործակիցներուն ո՞ր ըսածին պէտք է հաւատք ընծայել, կամ` քանի՞ օր պէտք է սպասել, որպէսզի կատարուած յայտարարութիւն մը, խոստում մը ինքնահակասումի մատնուի կամ յետս կոչուի:
Նախագահի երդման արարողութեան յաջորդ օրն իսկ, եւ այնուհետեւ` հետզհետէ կանոնաւոր հերթականութեամբ, ծաւալուն ցոյցեր տեղի կ՛ունենան ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ` ընդդէմ նախագահին ընդհանրապէս բարիք չխոստացող վարմունքին: Եւ այս ցոյցերուն մէջ կիները դարձած են յառաջապահ դրօշակիր` զանազան հիմնաւորեալ պատճառներով:
Ներողութիւ՛ն. ճշդում մը կատարենք. բոլորը զրկուած չեն բարիքներէ. բարիքներ կը բաշխուին… մենաշնորհեալ խմբակներու, որոնք մինչեւ ակռաները զինուած` թափ տուին Թրամփի ընտրապայքարին եւ ծափահարեցին անոր ընտրութիւնը, յետոյ ալ ուրախութեան ժպիտներով զիրար ողջունեցին, երբ պետական բարձրագոյն պաշտօններու վրայ տեսան իրենց մարդիկը` սպասելով, որ իրենց տրամադրած դրամագլուխները բարձր տոկոսներով շահ բերեն իրենց: Դիտողներու եւ աշխարհի ուշադրութենէն չէ վրիպած, որ Թրամփի վարչամեքենային մէկ քանի անդամին հարստութիւնը կը հասնի 11 միլիառ տոլարի, որուն վրայ կարելի է գումարել նախագահին յայտարարուած հարստութիւնը` 4,5 միլիառ տոլար (Հայաստանի ազգային ընդհանուր եկամուտը 1915-ին 10,5 միլիառ տոլար էր…): Այլ խօսքով, Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան մաս կը կազմեն սակաւապետներ, միջազգային բառարանին օլիկարք եզրին տակ խմբուած առանձնաշնորհեալներ, որոնց առաջին մտահոգութիւնը, ինչպէս սովորութիւն է տեսնել, իրենց ու յենարաններու մասնակի շահերուն պաշտպանութիւնն է, նոյնքան բնականաբար` ի հեճուկս շահատուրք վճարող ու այլազան հնարքներով պաշտօնապէս կողոպտուող զանգուածներուն: Հետեւաբար ռուսերը կրնան գոնէ մէկ բանով հպարտանալ. սակաւապետութիւնը միայն իրենց ու իրենց կարգ մը «արբանեակներ»-ուն մենաշնորհը չէ…
Նախագահին բաշխած նորութիւններէն առանձնացնենք մէկ քանի երես, որոնք առերեւոյթ ճամբայ ելած են բարեփոխութեան խոստումով եւ, սակայն, կրնան նոր հարստահարութիւններու եւ պատուհասներու դուռ բանալ:
Խորհրդարանի միացեալ նիստին իր կատարած յայտարարութեանց շարքին Թրամփ քանի մը բառով անակնալի մատնեց ունկնդիրները, երբ յայտարարեց, որ դեղերու շուկան դարձած է անհակակշռելի, արտադրող ընկերութիւնները կը չարաշահեն, ու «պէտք է բան մը ընել» դեղերու սակերը նուազեցնելու համար: Այս խօսքերը ելեկտրական հոսանքի ցնցում պատճառեցին դեղերու արտադրիչներուն: Քուլիսներու ետին անցած-դարձածէն տեղեակ մեկնաբաններ շուտով բացատրեցին, որ նախագահին այդ յայտարարութիւնը սակարկութիւն բանալու նախաձեռնութիւն մըն էր, որովհետեւ քանի մը օր ետք յստակ դարձաւ, որ դեղերու արտադրիչներ շահատուրքի նուազումի խոստում ունին: Այս բարիքը կը կատարուի (եղեր) ի պատասխան նախագահին այն պահանջին, որ մեծ ընկերութիւնները աշխատանքի առիթներ ստեղծեն Միացեալ Նահանգներու մէջ…
Անկախ այս «առ-եւ-տուր»-էն` դեղերու արտադրիչները տարիներէ ի վեր արդէն ձեռնարկած են օրինական կողոպուտի (եթէ «օրինական կողոպուտ» հասկացողութիւնը արդարացում կամ բացատրութիւն կրնայ ունենալ): Գաղափար մը տալու համար չարաշահութիւններու տարողութեան մասին` կ՛արժէ ակնարկ մը նետել դեղերու սակացոյցին ու արտադրութեան արժէքին մասին համացանցի կիսապաշտօնական աղբիւրէ մը քաղուած կցեալ ցուցակին վրայ (աւելի ամբողջական ցուցակ մը կարելի է գտնել համացանցի վրայ որոնում կատարելով հետեւեալ բառերով. The true cost of your prescription drugs): Երբ սպառողի պաշտպաններ հարց կը յարուցեն, որ ամէնէն ընթացիկ դեղերն անգամ անտրամաբանական ու անհամեմատելիօրէն հսկայական շահեր կ՛ապահովեն սկզբնական արտադրողներուն, յառաջ կը քշուին «արդարացուցիչ պատճառներ». կ՛ըսուի, թէ ընկերութիւն մը որոշ դեղի մը արտադրութեան համար, ուսումնասիրողներուն եւ գիտնականներուն հսկայական գումարներ կը տրամադրէ, հետեւաբար արդար է, որ իրագործումէ մը ետք շահ ապահովեն: Ակնարկութիւն չի կատարուիր, թէ ընկերութիւն մը իսկապէս որքա՞ն գումար կը տրամադրէ մինչեւ առաջին արտադրութիւն, իսկ դեղը աշխարհով մէկ շուկայ իջեցնելէ ետք քանի՞ պատիկը շահ կ՛ապահովէ, քանի՞ շաբաթէն կամ ամիսէն կը վերագտնէ իր դրամագլուխը ու, այնուհետեւ, իր տարեկան հաշուեկշիռներուն մէջ յարաճուն շահ ցոյց կու տայ` բարձրացնելով նաեւ իր սակարանային բաժնետոմսերուն արժէքը, ու տակաւին, արտադրութեան մենաշնորհը կ՛ունենայ որոշ ժամանակ մը (ընդհանրապէս` 20 տարի): Մենաշնորհի աւարտէն ետք, ու եթէ վարպետի այլ խաղ մը չխաղցուի արտադրող առաջին ընկերութեան կողմէ, այլ ընկերութիւններ իրաւունք կ՛ունենան նոյն դեղէն արտադրելու եւ վաճառելու, բնականաբար, շատ աւելի փոքր գումարներով: Շուկան ուսումնասիրողներ նկատած են նաեւ, որ դեղերու հսկայ վաճառորդներ` ընկերութիւններ, հետեւեալ խաղն ալ կը խաղան գնորդներու գլխուն. եթէ մայր ընկերութեան մը կողմէ դեղի մը համար ճշդուած սակը, ըսենք, 100 տոլար է, նմանակը կը մատուցուի 70-80 տոլարի, մինչդեռ անոր իսկական սակը հազիւ 10 տոլար է… Եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան պետութիւններու պատկան սպասարկութիւններուն գիտակցութեամբ ու լուռ համամտութեամբ, որովհետեւ «վերին ոլորտներ»-ուն մէջ շահակցական համաձայնութիւններ կը մշակուին:
Պէ՞տք է մխիթարուած զգալ այն գիտակցութեամբ, որ այս վիճակը նորութիւն չէ, նախորդ վարչամեքենաներն ալ ըրած են նոյնը:
Երկրորդ փոթորիկը, որ սաստկացաւ վերջին օրերուն, Պարաք Օպամայի անուան կապուած` առողջապահական ապահովագրութեան դրութիւնը ջնջելու Թրամփի ու հանրապետականներուն արշաւն է. սա նորութիւն չէ. «Օպամա քեր» խորագիրը կրող ծրագիրը, իր ծննդեան օրէն` 2010-էն ի վեր, բուռն յարձակումներու ենթակայ է մէկ կողմէ հանրապետականներուն եւ միւս կողմէ` ապահովագրութեան ընկերութիւններու կողմէ: Թրամբ ընտրապայքարի օրերուն խաղաքարտի վերածեց զայն. հիմա, վարչախումբին կողմէ հրապարակ ներտուած ծրագիրը, որ պիտի փոխարինէ Օպամայի կիրարկած ծրագիրը, կը խոստանայ մրցակցային շուկայ ստեղծել եւ աւելի լայն զանգուածի մը բարիք բերել: Նկատելի է սակայն, որ նոր ծրագիրը չէ հրաժարած նախորդին կարգ մը դրութիւններէն, սակայն թէ անիկա իսկապէս որո՞ւ բարիք կը խոստանայ, ի յայտ պիտի գայ կիրարկումէն ետք: Քննադատներու ակնոցով, հանրապետականներու ծրագիրը աղէտալի երկրաշարժի մը ազդեցութիւնը պիտի ունենայ եւ Օպամայի ծրագիրին կիրարկման ճամբով ապահովագրութիւն շահողներէն շատեր պիտի զրկէ այդ պատեհութենէն: Նախագահին դէմ քարոզչութիւնը կը զարգանայ` նախկին ծրագիրին կառչած մնալու տրամաբանութեամբ:
Ճակատամարտը կը քողարկէ կարգ մը իրականութիւններ. օրինակ, հարց չի տրուիր, թէ Օպամայի ծրագիրը որքա՞ն եւ որո՞ւ բարիք բերաւ. եթէ 20 միլիոն ամերիկացիներ ապահովագրութիւն գնելու առիթ ունեցան, անդին, հիւանդանոցներն ու դեղերու արտադրիչները լուսարձակներէ հեռու եւ անհակակշիռ կերպով շահու աղբիւրի վերածեցին առողջապահութեան «ճարտարարուեստ»-ը, այնքան մը, որ Թրամփ իրաւունք ունի նշելու, որ դեղերու սակերը անտրամաբանականօրէն բարձր են ու «պէտք է բան մը ընել» զանոնք մատչելի դարձնելու համար: Սակայն ո՛չ նախագահը եւ ո՛չ ալ իր վարչամեքենային անդամները կը բացայայտեն, թէ նոր դրութիւնը որո՞ւ հացին իւղ պիտի քսէ, որո՞նք պիտի զրկուին մենաշնորհներէ. իսկ սպառողներուն մեծամասնութիւնը պիտի շարունակէ տարուած մնալ հրապարակային ցոյցերով, որոնք մեծ մասամբ աղերս չունին իրենց ապրուստի տարրական հարցերուն հետ: Յետոյ, արգիլեալ գօտիի մէջ կ՛իյնայ այլապէս տրամաբանական այն ակնկալութիւնը, որ ժողովուրդը կրնայ պետական ամբողջական նպաստով ապահովագրութիւն ունենալ, ինչպէս որ է պարագան Միացեալ Նահանգներէն տնտեսապէս անհամեմատօրէն նուազ կարողութեամբ օժտուած երկիրներու մէջ, մինչեւ իսկ Երրորդ աշխարհի անդամ նկատուող երկիրներու մէջ, ալ ի՜նչ խօսք` Քանատայի, Ֆրանսայի ու Բրիտանիոյ պէս երկիրներու մասին:
Փաստօրէն ո՞վ ցոյցի ելած է կամ կ՛ելլէ բողոքելու համար վառելանիւթի կամ առօրեայ կարիքներու սակերուն ըստ կամս բարձրացումներուն դէմ: Ընդունուած վիճակ են կարծէք այդ ելեւէջները: Թրամփի ընտրութենէն ետք ինքնաշարժներու վառելանիւթի ընդունարանները օր ըստ օրէ քիչ մը աւելի սուղ կ՛արժեն անաղմուկ, ու ոչ ոք առարկութիւն մը կը բարձրացնէ այս վիճակին դէմ. չէ՞ որ այս խաղերն ալ սովորական են, քարիւղի ընկերութիւններ հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ (կամ` առանց բացատրութեան) սուսիկ-փուսիկ կը բարձրացնեն սակերը, իսկ սպառողները ո՛չ ըսելիք ունին, ո՛չ ալ ընելիք, այլ հլու ենթարկուածութեամբ կը վճարեն քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս, առանց մտածելու, թէ քարիւղի կամ այլ կենսանիւթերու արտադրութեան մէջ ի՛նչ նորութիւն արձանագրուած է, որ սակերը կը բարձրանան:
Վիճակը այսպէս է, որովհետեւ էական տագնապներու դէմ բողոքի ձայն բարձրացնելը կը նկատուի… բարբարոսութիւն եւ քաղաքակրթութեան դէմ արարք:
Ուրեմն… Կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը, որ սակաւապետներու ու անոնց ետին կանգնող չարաշահ հսկաներուն ձեռքին կը մատնէ զանգուածներն ու անոնց օրապահիկը, քայլ առ քայլ կը ծանրացնէ համաշխարհայնացումի տնտեսական-ընկերային արհաւիրքը` «ամերիկեան օրինակ»-ը տարածելով մեծ ու փոքր երկիրներու սահմաններէն ներս: Մեր Հայաստանը ինչո՞վ պակաս պէտք է մնայ…
8 մարտ 2017