Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան-Սուրիա Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու 25-Ամեակին Առիթով Երեսփոխան Նորա Արիսեանի Խօսքը` Սուրիոյ Խորհրդարանի Ամպիոնէն

March 15, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բերիոյ նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 6 մարտ 2017-ին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով, արտասանեց ստորեւ տրուած խօսքը:

1991-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, շատ մը երկիրներ սկսան ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը, անոնց կարգին` Սուրիա, Լիբանան եւ այլ արաբական երկիրներ, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ եւ որոշեցին յարաբերութիւն հաստատել անոր հետ երկու բնագաւառներու` տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ինչպէս կը սպասուէր, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը եղան արաբական երկիրները` հայ եւ արաբ ժողովուրդներու առանձնայատուկ յարաբերութիւններու հիման վրայ, ջանալով խթանել պատմական եւ մշակութային յարաբերութիւնները արաբական աշխարհին հետ: Իսկ տնտեսական եւ քաղաքական դժուարին պայմաններուն մէջ Հայաստան ձեռնամուխ եղաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու արաբական երկիրներուն հետ: Օրինական սկզբունքներով եւ համաձայն միջազգային պայմանագիրներու,  համագործակցութեան հիմը դրուեցաւ բոլոր բնագաւառներու մէջ, միջազգային կազմակերպութիւններու ու տարածաշրջանային մակարդակի վրայ: Սուրիան առաջին արաբական երկիրն էր, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց Հայաստանի հետ: Այս մէկուն արտացոլացումն է 6 մարտ 1992-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց օրուան նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Դամասկոս այցելութիւնը, որուն ընթացքին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիր ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ: Այսպիսով հիմը կը դրուէր դիւանագիտական կայուն յարաբերութիւններու, ընթացք կը տրուէր երկկողմանի կապերու նոր հանգրուան մը` Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, հիմնուած երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ փոխադարձ վստահութեան վրայ, ղեկավարուելով միջազգային օրինականութեան հիմունքներով:

1992-ի նոյեմբերին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացուց առաջին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը հաստատել Դամասկոսի մէջ, անոր պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 1993-ի ապրիլին: Սուրիան ալ իր հերթին աշխուժացուց Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնը: 1997-ի մայիսին Սուրիոյ դեսպանատունը սկսաւ գործել Հայաստանի մէջ:

Կ՛ողջունենք բոլոր անոնք, որոնք մասնակից եղան Սուրիոյ եւ Հայաստանին միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հիմնելու եւ զարգացնելու առաքելութեան, մանաւանդ արտաքին գործոց նախարարութիւնները:

Այս ամպիոնէն կը հաստատենք, որ երկու խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակենք` խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնաժողովի եւ Սուրիա-Հայաստան բարեկամական յանձնաժողովին միջոցով:

 

Նախորդը

Յիշողութիւնների Էջերից

Յաջորդը

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.