Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով*

Մարտ 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

2017-ի մայիսին կը լրանայ Կոմիտասի տաղանդաշատ սան, ստեղծագործ, հմուտ խմբավար, մանկավարժ Բարսեղ Կանաչեանի մահուան 50-րդ տարելիցը:

1967-ին, Կանաչեանի մահէն ետք, լռեց Պէյրութի մէջ ծնունդ առած հռչակաւոր «ԳՈՒՍԱՆ» երգչախումբը, որ մօտ 35 տարի ղեկավարած էր վարպետը եւ հանրութեան ներկայացուցած` Կոմիտասի, իր, նաեւ այլ հայկական ոճով յղացուած խմբերգային երկերէ ստուար թիւ մը:

Այժմէն ըսենք, որ Կանաչեանի մնայուն գործը եղող  մեներգներն ու խմբերգները գրեթէ չեն լսուիր Հայաստանի բեմերէն: Կանաչեանին, զոհ` ամօթալի նախապաշարումի մը, նոյնիսկ խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, եւ մինչեւ մեր օրերը, կը զլացուի իր անուան յիշատակումն իսկ` իբրեւ Կոմիտասի ամէնէն կարկառուն աշակերտի, վարդապետին իրա՛ւ յաջորդին, որպէս հա՛յօրէն յօրինողին: Քիչեր գիտեն, որ ան Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգին, թէեւ` իտալական ոճով, երաժշտութեան յօրինող-դաշնաւորող երաժիշտն է: Երգչուհիները Կանաչեանի յօրինումներէն ծանօթ են միայն հռչակաւոր «Օրօր»-ին, կը սիրեն ու կ՛երգեն զայն, իսկ երբեմն ալ կը զլանան տալ հեղինակին անունը: Հայաստանի երգչուհիներէն քանի՞ին ծանօթ է սփիւռքահայ մեծ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի անունը. էականը իրենց ձայնը չէ՞. որո՜ւ հոգն է սփիւռքահայ հեղինակի մը անունը… Վերջապէս, մենք չենք յիշեր, 2010-ին, երեւանեան մամուլին մէջ որեւէ յիշատակում Կանաչեանի ծննդեան 125-րդ տարեդարձին առիթով: Պիտի յիշուի՞արդեօք իր անունը այս տարի, 2017-ի մայիսին,  ինչպէս նշեցինք, Կանաչեանի մահուան 50-րդ տարելիցին առիթով. կը կասկածինք: (Թերեւս Երեւանի հեռուստացոյցի Հ1 կայանի «Երգ երգոց»-ի յայտագիրէն Կանաչեան կամաց-կամաց իր տեղը գտնէ խմբավար Տիգրան Հեքեքեանի մխթումով կամ յուշարարութեամբ):

Համազգայինի երաժշտական միաւորը (Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափ) 2000-ին լոյս ընծայեց Բարսեղ Կանաչեանի ցարդ հրատարակուած գործերը ամփոփող երեք խտասալիկներ` 75 էջնոց ներդիր տետրակով, պատկերազարդ եւ երկլեզու, մէկ կապոցի տակ: Հոն լսելի են վարպետին 1922-էն մինչեւ իր մահը հեղինակած բոլոր գործերը. 23 ա քափելա (զուտ ձայնային) խմբերգները, 7 մեներգները եւ 19 մանկապատանեկան երգերը (այս վերջին երկուքը` դաշնակի ընկերակցութեամբ): Այս կոթողական գործը վստահուած էր Հայաստանի պետական ռատիոյի եւ հեռատեսիլի սենեկային երգչախումբին եւ մեներգողներուն` ղեկավարութեամբ փրոֆ. Տիգրան Հեքեքեանի, հանդերձ այս վերջինիս ստեղծած «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկապատանեկան երգչախումբին, որ կը կատարէր Կանաչեանի 19 մանկապատանեկան երգերը` անփոփոխ պահելով անոնց սկզբնական բնագրերը:

Ի դէպ, այս հրատարակութիւնը Կանաչեանին յետմահու նուիրուած վերջին իրագործումը կարելի է նկատել: Ռոտոսթօ ծնած Կանաչեան բնաւ Հայաստան չէ եղած: Սկիզբը, նախքան Կ. Պոլիս գալը, ան եղած է շրջուն երաժիշտ: Ապրած է փոխն ի փոխ` Պուլկարիա,  Ռումանիա, ուր ջութակի դասերու հետեւած է: Կ՛ըսուի, որ անոր առաջին գործերը եղած են փոքր կտորներ, ոչ` հայկական ոճով, ֆանֆարի համար, որոնցմէ ոչ մէկ հետք մնացած է ցարդ: 1910-ին, համերգի մը առիթով, կը ծանօթանայ Կոմիտասին, որ արդէն Պոլիս կը գտնուէր: Մաս կը կազմէ անոր «Գուսան» պատկառելի երգչախումբին: Այս պէտք է նկատել, Կանաչեանի համար, անկիւնադարձային հանգրուան, ուր Բարսեղ կը  ծանօթանայ Կոմիտասի գիւտարած հայակորիզ բազմերգա-եղանակային ոճին:

1919-20-ին Կ. Պոլիս լոյս տեսած «Հայ գուսան»-ի երեք հատորներուն մէջ Կանաչեանէն կը գտնենք 11 կտորներ, ուր տակաւին փորձ չկայ Կոմիտասէն իր սորվածը կիրարկելու: Առիթն ալ չէ: Ան կը բաւարարուի դաշնաւորելով ժողովրդականացած ազգային-հայրենասիրական  բնոյթի ծանօթ երգերէն մի քանին: Հոն կը տեսնենք նաեւ յօրինումի իր առաջին անհատական փորձերը: Ի դէպ, Կոմիտասին աշակերտելէ ետք, բարեբախտ յեղաշրջում տեղի պիտի ունենայ Կանաչեանի մէջ, բայց` աւելի ուշ: Ան կը սիրահարի հայ տոհմիկ երգին այնպէս, ինչպէս Կոմիտաս վերաշնչաւորած էր զայն իր խմբերգներուն ընդմէջէն: Երեք տարի ան կը մտերմանայ հայկական մոթիֆներու խմբերգային բազմաձայնութեան արուեստին հետ Կոմիտասի կենարար շունչին ներքեւ: Կանաչեան, ուրեմն, նախ պարզ բազմաձայնութեան կ՛ենթարկէ վերոյիշեալ ծանօթ ազգային երգերը: Ըստ Կանաչեանի դստեր` ծերունազարդ տիկին Սեդա Թիւյսիւզեան-Կանաչեանի անվերապահ պնդում-հաստատումներուն, շարք մը մեղեդիներու ոչ միայն դաշնաւորումը, այլ` երգը ամբողջութեամբ, մեղեդի ու դաշնաւորում` կը պատկանին իր հօր` Բարսեղ Կանաչեանին, եւ որոնց դաշնաւորումը չի նշանակեր երգին վրայ լոկ դաշնակի ընկերակցութեան մը յաւելումը, այլ` երգային բարելաւում եւ ամբողջականացում, այսինքն` նոյնահնչակերտ-բազմաձայնութիւն (homophony), միացեալ 4 ձայներով կատարուած միալար [ուղղահայեաց] բազմերգագրութիւն:

Այսպիսի դաշնաւորումներէն են,  ի մասնաւորի, Սմբատ Շահազիզի «Երազ»-ը եւ Ռաֆայէլ  Պատկանեանի «Մայր Արաքսի ափերով»-ը: Ի դէպ, Պոլսոյ «Հայ գուսան» երեք երգարաններու հրատարակիչները հոն լոյս տեսած երգերու հեղինակներուն  ինքնութիւնը  վերականգնելու ճիգ չեն թափած: Ժողովրդականութիւն շահած մեղեդի-երգերուն ճակատագիրն է կարծես անոնց հեղինակներուն հետզհետէ մոռցուիլը: Ի մասնաւորի` մեր մէջ: Օրինակները շատ են. նոյնիսկ կոմիտասագէտ Ռոպերթ Աթայեանը չէ իսկ փորձած փնտռտուքներով գտնել իր` «Կոմիտաս, երկերի ժողովածու»-ի  4-րդ  հատորին մէջ (1976) ամփոփած միայնակ մեղեդի-երգերուն հեղինակներուն անունները, ինչպէս որ Աթայեան կը նշէ իր խմբագրականին մէջ.  «Ներկայ հրատարակութիւնը դրանց հեղինակները ճշգրտելու հարց չի դրել (…): Այդ երգերն այստեղ ներկայանում են այնպէս, ինչպէս Կոմիտասը մշակել է» (Տես Ռ. Ա. «Խմբագիրի կողմից», էջ 7): Հարց է սակայն, որ եթէ անոնց մեծ մասին հեղինակային ինքնութիւնը անծանօթ էր, առ նուազն կարելի էր նշել աներկբայօրէն ստոյգներէն գէթ քանի մը անուն, օրինակ` «Բամ փորոտան»-ի (էջ 143, թիւ 49) մեղեդիին հեղինակը, թէեւ` ոչ հայ, բայց ծանօթ` Փիեթրօ Պիանչինին, որ եղած էր Վենետիկի Մխիթարեաններու երգի ուսուցիչը, ու նաեւ` «Երազ»-ի եւ «Արաքսի արտասուքը» երգերու հեղինակ Կանաչեանը:

Ուրիշ երգարանի մը մէջ («Սիրուած երգեր», 1970, Երեւան) կ՛ըսուի, որ «Արաքսի արտասուքը» (Մայր Արաքսի ափերով) ծանօթ երգին յօրինողն է երգիչ Պետրոս Աֆրիկեանը… Իրապէ՞ս, ո՞վ է այս մեզի շատ անծանօթ երաժիշտը: Պիտի չուզէի սիրելի Սեդային հետ… գօտեմարտի բռնուիլ այս լպրծուն հարցով:

Անկասկած որ Կոմիտասի կատարած մեր ազգային երգերու դաշնաւորումները շատ տարբեր են Կանաչեանի նոյն երգերուն կատարածներէն: Բայց` համբերանք. տակաւին Կանաչեան չէ սկսած իր «Դալիլօ»-ներուն եւ «Վարդերի հետ»-երուն, հայ բնաշխարհին հարազատ երգերուն նորօրինակ բեղմնաւորումը եղող կանաչեանական բաբախուն ստեղծագործութիւնները:

(Շար. 1)

*Պետրոս  Ալահայտոյեանի վերլուծական ներածականը երգահան, խմբավար, ուսուցիչ Բարսեղ  Կանաչեանի ամբողջական գործերուն գիտական հրատարակութեան առիթով – 2017 (մահուան 50-ամեակ)։

Նախորդը

Արցախը Ճանաչող Առնուազն Մէկ Երկիր Կայ, Բայց Կը Ճանաչի՞…

Յաջորդը

Ռոլանտ Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?