Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտը Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Քաղաքական Խմորումները
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Հակառակ անոր որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած Պանք Օթոմանի գրաւումը տեղի ունեցած է 26 օգոստոս 1896-ին, ֆիլմաշարին մէջ կարելի է նկատել ժամանակագրական խախտումը, երբ այս գործողութիւնը կը փոխադրուի աւելի ուշ թուականի մը: Թուականի եւ առաջին տեսարանի ընտրութիւնը կարեւոր են նաեւ այն առումով, որ արդէն իսկ առաջին վայրկեաններէն յստակ փորձ մը կը կատարուի վերարտադրելու շատ յաճախ թուրք ազգայնական եւ...

















