Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազդա՞ծ Են Արդեօք Թրքականը Չգնելու Կոչերը Թուրքիայէն Ներածումներուն Վրայ

August 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

images_83016Թրքական ապրանքներու ներածումը արգիլելու կամ ներածուածը չգնելու վերաբերող յաճախակի կոչեր կ՛ուղղուին Հայաստանի մէջ: Այս տարուան ապրիլ-մայիսին այս հարցը քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Մայիսի սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ թրքական ապրանքներու ներածման արգելքի խնդիր չէ դրած Հայաստանի կառավարութիւնը: Այս մասին կը գրէ Սեդա Հերգնեան:

Թրքական ապրանքներու ներածման կասեցման ու չգնելու մասին տեսակէտները բաւական հակասական են, եւ այս ընթացքին բազմաթիւ հարցեր կը ծագին:  Սակայն փաստ է, որ այս տարի Թուրքիայէն Հայաստան ներածումն ու Հայաստանի մէջ թրքական ապրանքներու սպառումը կը շարունակուին նոյն կշռոյթով, ինչպէս նախորդ տարի:

Ըստ Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան, այս տարուան առաջին կիսամեակին Թուրքիայէն Հայաստան  ներածուած է շուրջ 61,1 միլիոն տոլարի ապրանք: 2015 թուականի առաջին կիսամեակին հետ բաղդատելով, այս ցուցանիշը որոշ չափով նուազած է` 774 հազար տոլարով կամ 1,3 տոկոսով: Այսինքն, հակառակ թրքականը չգնելու կոչերուն, Թուրքիայէն Հայաստան ներածումներու զգալի նուազում չէ արձանագրուած, եւ ներածման քանակը գրեթէ նոյնը մնացած է:

Իսկ Հայաստանէն Թուրքիա արտածումը, որ բոլոր պարագաներուն ալ քիչ է, նուազած է 3,8 անգամով` կազմելով ընդամէնը 277 հազար տոլար:

Այդպիսով, այս տարուան առաջին կիսամեակին Թուրքիա-Հայաստան առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է մօտ 61,4 միլիոն տոլար, որուն միայն 0,5 տոկոսը Հայաստանէն Թուրքիա արտածումն է:

67688_b

Ընդհանուր առեւտրաշրջանառութեան ծաւալով Թուրքիոյ հետ առեւտուրը այս տարուան առաջին կիսամեակին գրաւած է Հայաստանի` աշխարհին հետ կատարած առեւտուրին 2,7 տոկոսը (2015-ի առաջին կիսամեակին` 2,8 տոկոս): Հայաստանէն արտասահման արտածումներուն մէջ դէպի Թուրքիա արտածման կշիռը 0 տոկոս է, իսկ ներածման` 4,2 տոկոս:

Առաջին կիսամեակներուն հետ բաղդատելով, վերջին հինգ տարիներուն Հայաստանը Թուրքիայէն մեծագոյն քանակը ներածում կատարած է 2014 թուականին, որմէ ետք այս ցուցանիշը մեծապէս նուազած է: Այս տարիներուս եւս թրքական ապրանք չգնելու կոչեր ուղղուած են, բայց կարելի չէ ճշգրիտ կերպով ըսել, թէ անոնք որքանով ազդած են 2015-ին արձանագրուած նուազումին վրայ, քանի որ ներածման նուազումը պայմանաւորուած է բազմաթիւ հանգամանքներով: Օրինակ` բնակչութեան գնողունակութեան անկմամբ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան Թուրքիայէն կը ներածէ աւելի քան 500-700  տեսակ ապրանք, որոնց շարքին մեծ տեղ կը գրաւեն հագուստը, կերպընկալէ իրերը, մաքրող դեղերը, կիտրոնազգի պտուղները, փայտեայ իրերը եւ այլն: Նախորդ տարի Հայաստանէն Թուրքիա արտածուած է հիմնականին մէջ անմշակ բուրդ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Արթիւր Ադամովի Ծննդեան 115-Ամեակ. Դիմաստուերի Մը Լոյսն Ու Մութը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.