Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յերիւրածոյ Եւ Շինծու Մեղադրանքներ

Օգոստոս 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ErdoganGulen-82616

Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ շղթայազերծուած են յերիւրածոյ եւ շինծու մեղադրանքներ, որոնց առաջին շարքին կը գտնուի բնականաբար տեղւոյն հայութիւնը:

Յատկապէս յուլիս 15-ի կատարուած պետական հարուածի ձախող փորձէն ետք, կացութիւնը աւելի վատթարացած կը թուի ըլլալ: Անգամ մը եւս քաւութեան նոխազը փոքրամասնութիւններն են:

Bolis_81716

Տասնեակ մը օրերէ ի վեր Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են: Բան մը, որ նորութիւն չէ, եւ միշտ ալ կատարուած է, հաւանաբար ալ պիտի կատարուի, սակայն այս անգամուան «կրաֆիթի»-ին բովանդակութիւնն է,  որ մտահոգիչ կը թուի:

Այդ գրութեան ետին գտնուող խուլիկանները իրենք զիրենք ներկայացուցած էին իբրեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին անդամներէն եւ ծայրայեղ կրօնամոլական «Գորշ Գայլեր»-ու ղեկավարներէն` Ապտուլահ Չաթլիի (1956-1996) հետեւորդները: Պահելով այդ ատելութեան չափն ու չափազանցութիւնը, այդ անծանօթ խուլիկանները Սուրբ Խաչի պատին վրայ նշած էին Թուրքիոյ այլ ազգայնամոլ թագաւորներէն մէկուն անունը` տեղեկացնելով, թէ բերած են Քուրշաթ թագաւորին ատելութիւնը` «Տանջա՛նք հայերուն. ձեզի Քուրշաթի քէնը բերած ենք»:

Թէ ո՞վ կը կանգնի այս անծանօթ սպառնացողներուն ետին: Զարմանալիօրէն յստակ է, թէ պղտոր ջուրին մէջ որսացող ձկնորսները որո՞նք են:

Ներթրքական հարցերը այնքան մը բարդ ու բեւեռացած վիճակի մէջ են, որ յատկապէս սուլթանամէտ Էրտողան եւ ոխերիմ թշնամի` ամերիկաբնակ Կիւլէն իրարու դէմ ամէն տեսակի ցեխարձակումներ կը կատարեն:

Խնդրոյ առարկայ սպառնալիքներն ու նուաստացումները այնքան մը յերիւրածոյ եւ շինծու են, որ նոյնինքն կացութեան մօտիկ դէտը կրնայ ենթադրել, թէ ատելութեան մակարդակը որքա՛ն անհանդուրժելի եւ վտանգաւոր իրավիճակի առջեւ կը գտնուի:

Այդպիսի մակարդակի դրսեւորում մըն էր, այն  տեղեկութիւնը (կամ աւելի ճիշդը` ապատեղեկութիւնը), թէ Էրտողանի ոխերիմ գաղափարակից թշնամի Կիւլէնը, ո՛չ միայն քրիստոնեայ աշխարհին հետ կապեր ունի, տեսակցած է Պապին հետ – արդեօք մեղք մը գործե՞լ է, այդ ալ Ֆրանչիսքոս պապին նման անձնաւորութեան մը հետ տեսակցիլը – եւ կ՛աղօթէ հրեաներուն նման, այլ նաեւ ծագումով հայ է:

Այս թունաւոր եւ ազգայնամոլ յայտարարութիւններու լոյսին տակ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան` Սելինա Տողան, իր կողքին ունենալով այլ գաղափարակից երեսփոխաններ, բողոքի նամակ մը յղեց արդարադատութեան նախարարութեան` ահազանգելով, թէ կատարուածը փոքրամասնութիւններուն դէմ ցեղապաշտական քայլ մըն է:

Թուրքիոյ ազգային շահերուն դէմ աշխատող կամ այլախոհ անձնաւորութիւն մը նկատուելու պատրուակով հազարաւորներ կը ձերբակալուին:

Միթէ, այդ գրգռիչ գրութիւններու ետին կանգնող անծանօթները միեւնոյն փաղանգին մաս չե՞ն կազմեր, մանաւանդ երբ նոյնինքն, Էրտողանի խօսքերով, երկրի միութեան ու միասնութեան համար Թուրքիոյ բոլոր միաւորները ձեռք ձեռքի տուած են եւ կը գործեն յաչս խաղաղութեան… կամ նոյնինքն Էրտողանի կուսակցութեան անունը օգտագործելով` արդարութեան եւ բարգաւաճման:

22/8/2016

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Քրտական Գործօնի Օգտագործումով Քաոսի Յառաջացում

Յաջորդը

Եգիպտոսի Մէջ 220 Պանդոկ Փակուած Է Զբօսաշրջիկներու Բացակայութեան Պատճառով

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?